Հանրածանօթ «Վոկ» ամսաթերթի Նոր Տարուան անդրանիկ համարի շապիկը եւ գլխաւոր էջերը զբաղեցուցած է աւստրալիացի անուանի դերասանուհի Քէյթ Պլանչէթը: Պլանչէթ, վերջերս տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին նշեց , թէ չէր վախնար ծերութենէն եւ մտադրութիւն չունի դիմելու դէմքի վիրահատութեան գործողութեան.« Ես չեմ սարսափիր ծերութենէն. Մենք բոլորս պիտի ճամբորդենք մէկ ուղղութեամբ». խոստովանած էր 44-ամեայ դերասանուհին: