ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 Հոկտեմբերին ընդունեց ամերիկահայ աշխարհահռչակ «աստղեր» Քիմ եւ Քորթնի Քարտաշեան քոյրերը, որոնք նախագահին ներկայացուցին Հայաստան տուած այցելութեան ընթացքին իրենց տպաւորութիւնները։
Քիմ Քարտաշեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակեց կարճ տեսանիւթ եւ լուսանկար մը՝ գրելով, որ կառավարութեան մէջ կը հիւրընկալէ Քիմ Քարտաշեանը։ Ան նշեց, որ նշանաւոր աստղին հետ համաձայնած է, որ ան յաճախ Հայաստան այցելէ։
«Մենք շատ ենք գնահատում ձեր պատրաստակամութիւնն ու գործունէութիւնը Հայաստանն աշխարհում ներկայացնելու ուղղութեամբ, եւ դա շատ կարեւոր է: Ներկայում մենք Հայաստանի նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութեան հսկայական աճ ունենք, եւ կարծում եմ՝ դուք ներդրում ունէք այդ գործում: Յոյսով եմ եւ վստահ եմ, որ կը շարունակէք այդ գործունէութիւնը, եւ հետաքրքրուած կը լինէք Հայաստանի ներուժի մասին քննարկումներով: Ուրախ եմ այս հնարաւորութեան համար, քանի որ այսօր Հայաստանի եւ մեր կառավարութեան համար շատ կարեւոր ուղղութիւն է կանանց քաջալերելը եւ նրանց տնտեսական գործունէութեան մղելը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Ք. Քարտաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին՝ ըսելով, որ ուրախ է կրկին Հայաստան գտնուելուն համար։ Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կիներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը նկատելի է, նաեւ՝ զանոնք գործարարութեան մէջ տեսնելու առումով։ Ան շեշտեց, որ տպաւորուած է Հայաստանի մէջ մարդոց կողմէ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերումէն եւ մտադիր է տնտեսական գործունէութիւն կատարել հոն։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Քիմ Քարտաշեան միտքեր փոխանակեցին Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, հայ ինքնութեան պահպանման, Հայաստանի հասարակական-քաղաքական, տնտեսական կեանքին մէջ կիներու աշխուժութեան եւ ներգրաւուածութեան, Տեղեկատուական արհեստագիտութեան 23րդ համաշխարհային համաժողովի ծիրին մէջ համագործակցութեան համար ընձեռուող կարելիութիւններուն վերաբերեալ:
Անկէ ետք Քիմ եւ Քորթնի Քարտաշեաններն ու անոնց զաւակները այցելեցին Գառնի, նաեւ՝ Հայաստանի հոգեւոր եւ մշակութային այլ օճախներ: