- Դուռ
Այս գոյականը աշխարհաբարի մէջ ունի եզակի միայն մէ՛կ ձեւ՝ դուռ, փոխարէնը՝ երեք տարբեր յոգնակիներ՝ դուռեր, դուռներ, դռներ: Գրողը սովորաբար կը կառչի այս երեքէն մէկին, սակայն կը պատահի նաեւ, որ երբեմն տարուի ու կիրարկէ երկու, չըսելու համար երեք ձեւերն ալ:
Այս երեքէն ամենահարազատը արեւմտեան աշխարհաբարի համար առաջինն է՝ դուռեր, քանի որ մեր աշխարհաբարը կը ձգտի գոյականի մը անփոփոխ ձեւին վրայ աւելցնել քերականական, այս պարագային՝ յոգնակերտ, եր կամ ներ մասնիկները. օրինակ՝ դաս-դասեր, գիւղ-գիւղեր, մարդ-մարդեր, քաղաք-քաղաքներ, դրամ-դրամներ, պատուհան-պատուհաններ:
Ամենախորթն է դուռներ ձեւը, իսկ ամենագեղեցիկն ու բարեհունչն է դռներ-ը. սակայն ոչ յանձնարարելի, քանի, ինչպէս ըսինք, աշխարհաբարին նախընտրածը բառին անփոփոխ ձեւն է, մինչ այստեղ դուռն դարձած է դռն (եր): Ապագան դուռեր-ին է, սակայն առայժմ արգելք մը չկայ, որ կիրարկենք դռներ-ն ալ՝ ջանալով խուսափիլ դուռներ-էն, քանի ուղղակի անճոռնի է:
* *
*
Բառս իր տարբերակները ունէր գրաբարի մէջ եւս. այստեղ կը գտնենք երկու սկզբնաձեւ՝ դուր եւ դուռն:
ա) Դուր ձեւը եզակի չէր կիրարկուեր, այլ միայն յոգնակի՝ դուրք[1]:
Որ կը հոլովուէր սա՛պէս՝ դուրք – զդուրս – դրաց – դրաց – ի դրաց – դրօք:
Այս ձեւէն յառաջացած են դուրս մակբայը, դրացի եւ դրկից գոյականները:
Դուրս-ը հայցական հոլովն է, որ կորսնցուցած է իր զ նախդիրը:
Դրացի-ն «ի դրաց» բացառականի շրջուած ձեւն է, ճիշդ ինչպէս «ի դէպ» շրջուած է ու տուած է դէպի:
Իսկ դրկից-ը դուր եզակի ձեւն է, որուն կցուած է կից արմատը: Նախապէս եղած է դր+ա+կից, որ հետագային ամփոփուած ու տուած է դր+կից:
Ծանօթ.– Տրամաբանօրէն այս բառը ներկայիս պէտք է գրենք դռկից, քանի որ աշխարհաբարը դուր չունի, այլ ունի դուռ, որ կու տայ դուռ + կից > դռ + ա + կից > դռ + կից: Սակայն այսքան խելք ու տրամաբանութիւն ակնկալել արեւմտահայ ինտելիգենցիայէն ՝ քիչ մը շատ պիտի չըլլա՞՞՞ր…
[1] Հաւանաբար լեզուն խուսափած է այս եզակիէն, քանի դուր կը նշանակէ նաեւ «փորելու կամ հարթելու ծառայող ատաղձագործական գործիք մը», որ շաղափ ալ կը կոչուի: Պետրոս Դուրեանին մականունը այս վերջին արմատէն կը յառաջանայ:
բ) Դուռն ձեւը ունէր եզակի եւ յոգնակի թիւերը՝ համապատասխան հոլովներով.
դուռն – զդուռն – դրան – դրան – ի դրան – դրամբ
դրունք– զդրունս– դրանց– դրանց– ի դրանց– դրամբք
Ենթադրելի է, թէ այս երկուքէն հնագոյնը դուր ձեւն էր, քանի միայն ասով կազմուած են նոր բառեր, մինչ դուռն տարբերակը որեւէ նոր բառի ծնունդ չէ տուած անցեալին: Թող որ հնդեւրոպական միւս լեզուները նմանապէս «ն» չունին, օրինակ՝ dhur, durah, duwar, udor, dor, vudar, der, dvar, θύρα, thür, duris, dauris, door…
- Բոսփոր, Վոսփոր, Ոսփոր
Պէտք է նկատած ըլլաք, որ վերջին 200 տարիներուն մեր գրողները այս երեքն ալ հերթաբար կիրարկած են, նայած թէ ե՛րբ ապրած են անոնք: Իսկ ոմանք մինչեւ հիմա ալ կը խառնեն ասոնք, քանի որ քիչ մը երեքն ալ «թարմ» են արեւմտահայուն մշուշապատ ուղեղին մէջ:
Ինչո՞ւ այս խայտաբղէտութիւնը, այս այլազանութիւնը:
Ան հետեւանք է մասամբ փոխատու լեզուի՝ յունարէնի կրած փոփոխութեան, որուն մասին ընթերցողներս որոշ կարծիք մը ունին արդէն:
Արդարեւ, բառիս յունական հնագոյն ձեւն էր Βόσπορος (Bosporos), որ հայերէն տուած է Բոսփոր: Բառացի կը նշանակէ եզնափոր [bos=եզ, por կամ for=փոր(ել), ծակ(ել)][1]. իբրեւ թէ այդ նեղուցը յառաջացած է կատաղի ցուլի մը ոտքերով:
Ինչպէս կը նկատէք, մեր բառը կը յենի յունարէնի դասական հնագոյն արտասանութեան վրայ. պզտիկ շեղումով մը՝ յունական π տառը հայերէն պէտք է տար Պ, սակայն տուած է Փ. բայց պէտք չէ գայթակղիլ, նման շեղումներ յաճախ կը պատահէին: Իսկ մեզ բո՛ւն հետաքրքրողը բառասկիզբի յունական B տառն է, որ ըստ կանոնի հայերէն տուած է Բ:
Իմ ընթերցողներս գիտեն, որ ժամանակի ընթացքին յունական այդ B-β տառը իր հնչումը՝ արտասանութիւնը, փոխեց ու դարձաւ V. եւ ի հետեւումն՝ երբեմնի Բոսփորը սկսաւ յունարէնի մէջ արտասանուիլ Վոսփոր, եւ հայը հետեւեցաւ այս նոր արտասանութեան ու ինք ալ գրեց Վոսփոր:
Միւս կողմէ՝ հայերէնը իր կարգին կրեց հետեւեալ հնչիւնափոխութիւնը. բառասկիզբի մեսրոպեան Ո տառը որ միշտ ու ամէն տեղ կ’արտասանուէր Օ (օրինակ՝ ոսկի=օսկի), սկսաւ արտասանուիլ ՎՕ (օրինակ՝ ոսկի=վօսկի), հետեւաբար փոխանակ գրելու Վո-սփոր՝ հնարամիտ արեւմտահայը սկսաւ գրել Ո-սփոր ու կարդալ Վոսփոր:
Եւ ինչո՞ւ չէ, արտասանական տարբերութիւն ունի՞ն՝ Վոսփոր եւ Ոսփոր[2]:
[1] Հաւանաբար լեզուն խուսափած է այս եզակիէն, քանի դուր կը նշանակէ նաեւ «փորելու կամ հարթելու ծառայող ատաղձագործական գործիք մը», որ շաղափ ալ կը կոչուի: Պետրոս Դուրեանին մականունը այս վերջին արմատէն կը յառաջանայ:
[1] πορ – phor – for – փոր՝ ասոնք հնդեւրոպական նոյն արմատն են եւ կը նշանակեն փոս, ծակ:
[2] Նոյն արտասանութիւնը ունին նաեւ ոհմակ (արեւելահ.) եւ վոհմակ (արեւմտահ.):