ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (ՀԱԼԷՊ)
Երէկ գրած էի, թէ մեր դպրոցներէն շատեր հիւանդ են ու վատոյժ։ Կը կարօտին մասնայատուկ ախտաճանաչումի ու դարմանումի։
Բայց այդ ախտաճանաչումն ու դարմանումը բնաւ դիւրին չէ։ Որովհետեւ, ամէն անգամ որ հալէպահայ մեր դպրոցներուն ներքին կաղացումներուն կամ խոցելի երեւոյթներուն մասին նիւթ բացուի (մտերիմ շրջանակի մէջ թէ հրապարակաւ), կը նկատեմ որ կրթական մեր պատասխանատուները (տնօրէն, հոգաբարձու, խնամակալ, նոյնիսկ՝ շրջանակին համակիր անպաշտօն տարրեր) նեղ կացութեան կը մատնուին, անհանգիստ կը զգան իրենք զիրենք։ Կ՛ուզեն որ այս նիւթերը չարծարծենք, այս մասին չխօսինք։
Կը թուի թէ դպրոցները վարժ չե՛ն քննադատութիւն կամ դիտողութիւն լսելու։ Վարժարաններու մեր յարգելի պատասխանատուները ուղղակի կը թշնամանան մեզի՝ եթէ դոյզն դիտողութիւն մը կատարենք իրենց դպրոցին մասին։ Հակառակ անոր որ՝ մեր կատարած նկատողութիւնները կը վերաբերին բացառաբար հայերէն լեզուի ուսուցման ու անոր յարակից հարցերուն, այլ ո՛չ թէ դպրոցին վարչական կամ ուսուցողական որեւէ խնդրին։ Ի՜նչ ընենք, մեր սիրելի վարժարանները այսքանի՛ն իսկ չեն ուզեր հանդուրժել…։
Հիմա հարց կու տամ հրապարակաւ.- Ինչո՞ւ գողածածուկ կը պահուին մեր դպրոցներուն խոցելի երեւոյթներն ու դժուարութիւնները։ Ինչո՞ւ զանոնք բառնալու համար՝ համագաղութային զօրակցութիւն չի խնդրուիր, հանրութիւնը չի լուսաբանուիր։ Ընդհակառակն, ականատես ենք յաճախ շողշողուն ու շռնդալից նկարագրականներու (միշտ պատկերազարդ, դիմատետրի վրայ ու մամուլի մէջ), զորս կարդացողը կրնայ անվարան ենթադրել, թէ տուեալ դպրոցը կ՛ապրի իր ՈՍԿԵԴԱՐԸ, մինչդեռ իրականութիւնը ճի՛շդ հակառակն է,- դպրոցը կը գտնուի անդունդի եզրին…
Մեր կրթական մարմիններուն խուսափողական վարքագիծն ու գերզգայնութիւնը պէտք է սրբագրուի։ Պէտք չէ վախնալ թափանցիկութենէ։ Պէտք չէ խրտչիլ քննադատութենէ։
Օրինակ առնենք «Գանձասար»ի վերջին խմբագրականը, որուն ակնարկեցի երէկ։ Թերթը թէեւ յանդուգն մատնանշումներ կատարեր էր հալէպահայ դպրոցները յուզող մերօրեայ տագնապներուն մասին, սակայն զգօն ու շրջահայեաց կերպով ԽՈՒՍԱՓԱԾ ԷՐ դպրոցի անուն տալէ։ Որովհետեւ, եթէ անուն տար՝…փոթորիկ կը պայթէր։
Նոյնն է հիմա իմ պարագան ալ։ Հայ դպրոցները անկումի առաջնորդող շատ լուրջ տագնապի մը մասին կ՛ուզեմ արտայայտուիլ (անոնց տակաւ առ տակաւ ապահայացումը), սակայն բարոյական ճնշումներ կը բանեցուին իմ վրայ՝ որպէսզի յօդուածաշարքին մէջ ԴՊՐՈՑԻ ԱՆՈՒՆՆԵՐ ՉՏԱՄ։ Այսինքն, բաւարարուիմ ընդհանուր երեւոյթներու մասին խօսելով, յականէ անուանէ չմատնանշեմ դպրոցները։
Սակայն այս «փափուկ» ձեւը կ՛օգնէ՞ դպրոցներուն, կը զգաստացնէ՞ զիրենք՝ անդրադառնալու աղէտին ու առաջքն առնելու ատոր։ Կը կասկածիմ։