ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց 31 Օգոստոսի Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին մասին: Կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետը նշեց, որ Պրիւքսէլի մէջ քննարկումը ծաւալուն եղած է:
«Քննարկումը հեշտ չէ, բայց ես ուզում եմ նաեւ արձանագրել, որ մեր նպատակադրումները շարունակում են մնալ եւ պիտի շարունակեն մնալ այնպիսին, ինչի մասին ես յայտարարել եմ», յայտնեց Փաշինեան:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրած է խաղաղութեան օրակարգը, առ այդ, անհրաժեշտ է վճռականութիւն ունենալ՝ այդ օրակարգը կեանքի կոչելու համար:
«Մենք պէտք է բոլորս հասկանանք, որ դա հեշտ չէ եւ պարզ չէ, եւ հնարաւոր լուծումներն էլ ակնյայտ չեն», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Անհրաժեշտութիւն է, եւ ժողովրդի ցանկութիւնն է, որ օր առաջ մեր տարածաշրջանում հաստատուի տեւական եւ համապարփակ խաղաղութիւն: Եւ մենք պէտք է աւելի ու աւելի շատ կենտրոնանանք այս խնդրի լուծման վրայ»: