(Նուէր հայրենի բանաստեղծ Կարինէ Աւագեանին)
Քոյրս կամաց դուն քալէ
Ծաղիկներու այս ճամբէն
Գուցէ յանկարծ հոն գտնես
Յուշ մը սիրոյ անցեալէն
Կախուած վարդի թերթերէն …
Քոյրս կանգ առ, տես ինչպէ՜ս
Թեւիկները գոյնզգոյն
Կտուց կտուց կտուցի
Կ՛երգեն սիրոյ մեղեդին …
Քոյրս լսէ մի րոպէ
Երգ առ, երգ տար այս ճամբէն …
Սիրահարներ ալ անցան
Քովի ծառուտ ուղիէն,
Անունն իրենց սիրածին
Երկու տառով գրեցին
Վրան լալկան ուռիին
Բայց հեռացան … չդարձան
Հովն ալ ջնջեց ամէն բան …
Քոյրս լսէ կ՛աղաչեմ
Դուն մի անցնիր այդ ճամբէն
Գրող՝ Ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան