Պուտափեշթի մէջ ՆԱԹՕի դասընթացքներու ժամանակ, քնացած պահուն կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան տասնամեայ տարելիցին առիթով, ՀԵԴի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, դատապարտումի արշաւ մը սկսած է համացանցային ընկերային ցանցերուն միջոցաւ:
Այս արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Սիսիլին եւ Ֆրենք Փալոն:
Արշաւը կը կատարուի «Twitter», «Facebook» եւ «Instagram» կայքերուն միջոցաւ, լուսարձակի տակ առնելու համար այն իրողութիւնը, որ Մարգարեանը սպաննած ոճրագործը՝ Ռամիլ Սաֆարով, կը շարունակէ ազատ մնալ, զայն Ատրպէյճանի իշխանութեանց յանձնելու Հունգարիոյ իշխանութեանց 2012ի անհասկնալի որոշումէն ի վեր:
«Սաֆարով պէտք է դարձեալ բանտարկուի», գրած է Շիֆ՝ դատապարտելով զայն իբրեւ հերոս ընդունելու Պաքուի արիւնախանձ կեցուածքը:
Սիսիլին եւս յարգած է Մարգարեանի յիշատակը՝ նշելով, որ «Պաքուի անպատասխանատու քայլերը ցոյց տուած են, թէ լրջութեամբ չի մօտենար Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն»:
Իր կարգին, Փալոն շեշտած է, թէ Մարգարեանի սպանութեան 10րդ տարելիցին՝ «տակաւին կը սպասենք արդարութեան»:
Այս եւ յաւելեալ յայտարարութեանց համար, դիմել «Թուիթըր»ի «#Justice4Margaryan» հասցէին կամ այցելել www.anca.org/safarov կայքէջը: