ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 10 Մայիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութիւնը ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ եւ ժողովրդավար իշխանափոխութիւնը, միաժամանակ շնորհաւորելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայաստանի վարչապետ ընտրուիլը եւ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն յայտնած է, թէ վերջին քանի մը շաբաթները Հայաստան ականտես եղած է յատկանշական իշխանափոխութեան մը, որ իրականացած է խաղաղ եւ ժողովրդավար միջոցներով, կարեւոր նկատելով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները գործնականապէս նեցուկ կանգնին «ազատ, բաց եւ արդար ժողովդավարական կարգեր հաստատել փափաքող հայ ժողովուրդին եւ կառավարութեան»։
«Հայ ժողովուրդը պէտք է շնորհաւորել այս յաջող եւ խաղաղ թաւշեայ յեղափոխութեան համար, որովհետեւ ան կրցաւ աշխարհին ցոյց տալ, թէ կարելի՛ է կաշառակերութեան կասեցում եւ յաւելեալ հաշուետուութիւն պահանջել ու յաղթել» ըսած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ամերիկահայ համաատենապետ Ճեքի Սփիր, որ նաեւ խոստացած է մօտէն գործակցիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ, աւելի արդար եւ ժողովրդավար կարգեր հաստատելու նպատակով։
Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Տեվըն Նունիէզ եւս շնորհաւորած է 8 Մայիսին տեղի ունեցած Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութիւնը ու խաղաղ իշխանափոխութիւնը՝ խոստանալով Հայաստանի նոր կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն աջակցիլ։
Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ, որ նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետն է, շնորհաւորած է վարչապետ Փաշինեանը՝ խոստանալով իր կարելին ընել Հայաստանի մէջ այս յատկանշական բարեկարգումներուն յաջող շարունակութիւնը ապահովելու համար։
Իր կարգին, Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա ըսած է. «Հայաստանի մէջ խաղաղ եւ ժողովրդավար իշխանափոխութիւն մը իրականացնելով՝ հայ ժողովուրդը յստակ պատգամ մը տուած է, թէ՝ ո՛ւր կը փափաքի առաջնորդել իր երկիրը», աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է սերտացնել ու ամենականուխ առիթով պէտք է Միացեալ Նահանգներ հրաւիրել վարչապետ Փաշինեանը, համագործակցութեան կարելիութիւնները քննարկելու համար Քոնկրեսին հետ։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս շնորհաւորած էր Փաշինեանի վարչապետ ընտրութիւնը։