ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները դատապարտեցին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը՝ պահանջելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւի վարչակազմը եւ անոր դէմ պատժամիջոցներ կիրառելով՝ վերջ տայ շարունակուող ոճրագործութիւններուն:
Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն հրապարակեց համախմբումին հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մենք խիստ մտահոգ ենք Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզին եւ յարակից շրջաններուն մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն շարունակուող գործողութիւններով, որոնց պատճառով հայ զինուոր մը զոհուեցաւ եւ վեց հայ զինուորներ գերի տարուեցան: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւը՝ իր մահացու բռնարարքներուն համար: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Պայտընի վարչակազմին եւ մեր գործընկերներուն հետ, որպէսզի երաշխաւորուի օգտագործումը Ամերիկայի դիւանագիտական բոլոր գործիքներուն, ներառեալ՝ պատժամիջոցներու, այս վայրագութիւններուն վերջ տալու համար: Ամերիկա պէտք է շօշափելի քայլեր առնէ խաղաղութիւնը ապահովելու համար»:
Գերիներուն ազատ արձակումը պահանջելու համար այցելել anca.org/prisoners կայքէջը, իսկ Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը կասեցնելու պահանջով՝ anca.org/907 կայքէջը։