Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Քոնրատ Լորենցի Հետ Անմիջականէն Անդին` Մտածել Քաղաքակրթութեան Մեղանչումի Մասին

August 10, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ. Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Մեր կեանքը եւ մեր կարծիքները դասաւորելու համար պէտք է հետեւինք մեծ գիտնականներու միտքերուն, անոնք մեր ալ ժառանգութիւնն են: Ճիշդ է, որ հաւասար ենք, սկզբունք է, բայց անոնք քիչ մը աւելի հաւասար են:

Քոնրատ Լորենց` Ի. դարու աւստրիացի մեծ գիտնականը, նոպէլեան դափնեկիր, ուսումնասիրած է անասուններու եւ մարդու վերաբերումը իրենց բնական միջավայրին մէջ, բնութեան հետ համահունչ կեանքի: Գիտութիւնն է` ÉTHOLOGIE:

Իր «Քաղաքակիրթ մարդկութեան ութ գլխաւոր մեղքերը» գիրքին մէջ Ք. Լորենց կը խօսի մարդու անպատասխանատուութեան մասին. ութ մեղքերով: Ան քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կը համարէ «ինքնաընտելացած եւ հիւանդ»` բաղդատած «նախնական ժողովուրդներուն», զանոնք այդպէս կը կոչենք, որովհետեւ մեր քաղաքակրթութեան մէջ չեն, որոնք առողջ մնացած են, ունին իրենց քաղաքակրթութիւնը, տարբեր եւ բնութենէն անանջատ: Ո՞ր չափանիշներով մէկ քաղաքակրթութիւն աւելի ճիշդ կենսաձեւ է, գերադաս: «Նախնականներ»-ը չեն փճացներ կեանքի նախապայման բնութիւնը, չեն սղոցեր ճիւղը, որուն վրայ կը նստին:

Ըստ Ք. Լորենցի ժամանակակից մարդկութիւնը վտանգուած է ութ գլխաւոր մեղքերով: Կը թուէ. 1. Բնակչութեան գերաճ` բաղդատած կեանքի բաւարարման միջոցներու, 2. Շրջապատի աւերում (պատճառ` մոլորակային հաւասարակշռութիւններու խախտման), 3. Ինքզինքին դէմ արշաւ (հոգեկան լարուած վիճակ` տնտեսական մնայուն ճնշման պատճառով), 4. Մահացու գաղջութիւնը (բացասական հետեւանքները  հանգստաւէտութեան եւ հետապնդումը զերօ վտանգի), 5. Ծինային փճացումը (ֆիզիքական այլասերում եւ հիւանդութիւններու դէմ տկարացում), 6. Աւանդութենէ հեռացում (հեռացում` գիտելիքներու փոխանցումէ), 7. Վարակը վարդապետութիւններու տիրապետութեան (մտածման կաղապարումը, formatage), 8. Հիւլէական զէնքը:

Քաղաքակրթութեան զարգացման, տիրապետութեան, տարածման եւ ընդհանրացման մասին պէտք է մտածել` գէթ մասամբ ազատ մնալու համար: Անհատ եւ հաւաքականութիւն պէտք է գիտակցին վտանգին, չապաստանին եսի պատի ետին, չառարկեն, որ իրենք անկարող են այդ վտանգին դէմ կանգնելու:

Ընդհանրապէս կեանքի պաշտպանութեան մասին պէտք է մտածել, մէկ առ մէկ դատումի առարկայ դարձնել Ք. Լորենցի յիշած ութ մեղքերը: Մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ: Կը բաւէ դիտել ՄԵՐ ԱՊՐԵԼՈՒ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ` ՏԵՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆՔ ԵՒ ԻՆՉՈ՛Ւ, ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ԿՐՆԱՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ, ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԱՇԽԱՐՀ ԵՒ ԿԵԱՆՔ ՊԻՏԻ ԿՏԱԿԵՆՔ ԳԱԼԻՔ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ:

Մոլորակը ո՛չ կը մեծնայ, ո՛չ կը փոքրանայ: Առանց պատմութեան խորերը երթալու` բաղդատենք տարբեր ժամանակաշրջաններու մոլորակի բնակչութեան թիւերը: ԺԹ. դարուն սկիզբը այդ եղած է մէկ միլիառէն պակաս, դարու կէսին` 1,2, Ի. դարու սկիզբը` 1,6, 1910-ին 1,8: Երբ դպրոցական էինք, աշխարհագրութեան դասագիրքը կ՛ըսէր` 2,2 միլիառ, հիմա կ՛ըսուի 7:

Կեանքի տեւողութեան յաւելումը, առողջապահական պայմաններու բարելաւումը, բժշկութեան յառաջդիմութիւնը, նորածիններու մահացութեան նուազումը պատճառ են մոլորակի բնակչութեան աճին: Բնութեան պաշարները անբաւարար պիտի ըլլան, անոնք պիտի չաճին: Ջուրը, մշակելի հողերը, ընդերքի պաշարները են, ինչ որ են:

Բնակչութեան աճը պատճառ եղած է պատերազմներու, Եւրոպան գաղութարար դարձած է այդ աճի պահանջները բաւարարելու համար, նոր աղբիւրներ փնտռած է: Ափրիկէի բնակչութեան աճը, բժշկական խնամքի նպաստով մահերու նուազումը եւ կեանքի պայմաններու անբաւարարութիւնը կը բացատրեն դէպի զարգացած երկիրներ գաղթականական հոսքը: Նոր տեսակի գաղութարարութիւն:

Սպառում, ոչ անհրաժեշտի պահանջ անբաւարար պիտի դարձնեն, ինչ որ մոլորակը կրնայ տալ: Ան խեղդամա՞հ պիտի ըլլայ բնակչութեան աճի պատճառով:

Շրջապատի աւերումը կը սկսի, երբ մարդը բնութիւնը կը չարաշահէ` առանց մտածելու հետեւանքի մասին: Անցեալին գիւղացին քանի մը տարի նոյն արտը մշակելէ եւ անկէ բարիք ստանալէ ետք զայն հանգիստ կը ձգէր, որպէսզի թարմանայ, չէր հերկեր, չէր ցաներ: Հերկադուլ (jachère): Քիմիական պարարտացուցիչներով աւելի բերք ստանալու համար հողի բնական կարգը կը խանգարենք:

Անտառներու վերացումը, ճամբաներու ասֆալթապատումը պատճառ են հեղեղներու: Հանքածուխ եւ նաւթ կ՛ապականեն մթնոլորտը: Ովկիանոսները կը դարձնենք աղբաման, ուր օր մը կեանքը կրնայ կանգ առնել: Մտածա՞ծ էք, թէ ամէն օր թռչող օդանաւերը քանի հազար թոն այրած կազ կը թափեն մեր գլխուն վրայ: Մեր պզտիկ հաճոյք-մոլութիւն ծխախոտի բնածխական կազի եւ ասդին-անդին նետուած թոներով կճատներու ապականութիւն են:

Ի վիճակի չենք մաքրելու արտադրուած աղբը, որ կ՛աւերէ շրջապատը: Աւելցուցէ՛ք մեծ ու պզտիկ ռումբերու աւերածութիւնը, սպառնալիք դարձած հիւլէական ուժը, ոչ միայն ռումբը, նաեւ` ելեկտրակայանները: Պէտք է յիշել Չեռնոպիլի մահասփիւռ վթարը:

Չարիք, զոր կը կատարենք բնութեան  եւ կեանքին դէմ:

Մենք մեզի դէմ արշաւ… Դիտելով ուրիշը` ձգտիլ աւելիին, չբաւարարուիլ, մրցակցութիւն, սպառման ցանկութիւն` նորին եւ նորաձեւութեան, որ տնտեսական ջրապտոյտ է: Յառաջդիմութեան եւ նորին կ՛ենթարկուինք ինքնահաստատման ճիգով. ունենալ աւելի ընդարձակ (եւ յաճախ բանի չծառայող) բնակարան, տեղափոխութեան ծառայող աւելի պերճ ինքնաշարժ, հագուստ-կապուստի ցուցադրական բազմապատկում եւ այլն: Այս ցանկութիւնները բաւարարելու, ուրիշը գերանցելու կամ ուշադրութիւն գրաւելու ձգտումը կը յառաջացնեն ջղային լարում` սթրես: Երեւելիութեան մարմաջ եւ դիրքապաշտութիւն կը յառաջացնեն հոգեկան ճնշում եւ նիւթական միջոցներու որոնում, եւ երբ անոնք չկան, ջղային լարումը կը սաստկանայ, կը յառաջացնէ անհանգստութիւն: Այս կացութեան մէջ կը ծնի «նորոյթ»-ի եւ «նորաձեւութեան» ճնշումը, որուն համար դիպուկ է Ք. Լորենցի բանաձեւը. «Նորոյթը ամէնէն անդիմադրելի եւ ամէնէն  ազդու ձեւն է մարդկային մեծ հաւաքականութիւնները ձեռնավարելու համար (manipuler)»: Նորոյթը չենք ընտրեր, կ՛ենթարկուինք, կ՛ըլլանք առարկայ. հագուստ-կապուստ, ինքնաշարժ, արձակուրդ, ճաշեր, դիմայարդարում, ատամնաշար, զոր կը կոչեն հոլիվուտ սմայլ… Շարքը երկար է` համպըրկրէն` կովարածի տաբատները… Հաւաքականութիւնները կը միօրինականացուին, կ՛ենթարկուինք:

Կը դադրինք մենք մենք ըլլալէ, ուրիշներ կ՛ընտրեն եւ կ՛որոշեն մեր փոխարէն: Կարծէք այնքան ճնշուած ենք, որ անզօր ենք հակազդելու, դատելու եւ ընտրելու: Այսինքն կը զիջինք ազատօրէն եւ ինքնուրոյն կերպով ընտրելու մեր իրաւունքը:

Սադայէլի շրջանակ, որմէ կը փորձեն դուրս գալ քիչեր: Անոնք ալ կը համարուին` ինքնատիպ, արտառոց, զարտուղի: Բարեմիտ ֆրանսացի բանաստեղծ մը գրականութեան համար ըսած էր, «Վանեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»: Այսօր կրնա՞նք բաժնել իր լաւատեսութիւնը:

Ճարտարարուեստական ընկերութիւն եւ համաշխարհայնացում ծնունդ տուին տեւաբար աճող հանգստաւէտութեան պահանջի եւ շահի անզսպելի հետապնդումով` անոր բաւարարման, գումարելով նորութիւնները, գործածութենէ դուրս բերելով այն, ինչ որ նորութիւն չէ, աճեցնելով արտադրուած աղբը, ձգտելով աւելի հանգստաւէտին, նուազ յոգնութիւն պահանջողին: Արդարեւ, առանց յոգնութեան ապրելու ցանկութիւնը համատարած է եւ անոր բաւարարումը` պետական-տնտեսական առաջադրանք: Մարդու մարմնի բնական ինքնապաշտպանութիւնը փակագիծի մէջ դրուած է ոչ անհրաժեշտ դեղերով: Կարծէք կ՛ապրինք ինքնապաշտպանութեան խոզակի մէջ: Կը դիմենք դեղերու` իրաւ կամ ենթադրական վտանգները զերօ աստիճանի հասցնելու համար, կ՛աճին ծախսերը, որոնց համար աւելի պէտք է աշխատիլ, կամ` չարաշահել:

Զերօ վտանգ չկայ: Գիտութեան, ճարտարագիտութեան, քիմիականի միջամտութիւնը օդին, հողամշակութեան, սնունդի պատրաստութեան մէջ եւ ոչ անհրաժեշտ պահանջները, ինչպէս` ծխախոտը եւ արագասոյր ինքնաշարժները, կը հեռացնեն զերօ վտանգէն:

Ականատես եւ թիրախ ենք` ծինային փճացման, ֆիզիքական այլասերման, քիմիական նիւթերու եւ բնագիտական նուաճումներու միջամտութեամբ, կը նուազի մարմնի դիմադրականութիւնը, այդ հունով անոնք կ՛ազդեն հոգեկանի վրայ:

Սեռային անբնական (բառը ճիշդ է այս պարագային) յարաբերութիւնները, իրենց յառաջացուցած վարակներով եւ ընկերահոգեբանական հետեւանքներով, կը խախտեն բնութեան եւ բնականի կարգը: Հիւանդութիւններ կը վարակեն սերունդները, բժշկութիւնը կը պայքարի անոնց պատճառով եղած մահուան վտանգին դէմ, բայց ծիներու վրայ անոնց ազդեցութիւնը այդպէս ալ չի յաղթահարուիր: Դէմ յանդիման կը գտնուինք ֆիզիքական այլասերումներու: Հիւանդութիւններու դէմ կը հնարուին դեղեր` միշտ նոր, միշտ աւելի ազդու, բայց անոնք կը տարածուին եւ կը բազմանան:

Ազատութիւններու եւ հաճոյասիրութեան հետեւանք այս այլասերումը Ք. Լորենցի համար քաղաքակրթութեան մեծագոյն մեղանչումներէն մին է, որուն դարմանը ոչ ոք նախատեսած է, որուն դէմ քաղաքակրթութիւնը անզօր է: Կեղծ ազատական-նորարարական թափահարումները այդ մեղանչումը դարձուցած են համամոլորակային` զայն համարելով նաեւ յառաջդիմութիւն եւ ազատականութիւն:

Աւանդութիւնները ժողովուրդներու անցած ուղիի եւ կենսափորձի շտեմարան են, նկարագիր կը կերտեն: Աւանդութիւնը հանդէսներու ֆոլքլոր չէ: Պատումները նախնիներու ոգիի մասին կը վկայեն, այն ոգիին, որ մեր ինքնուրոյնութիւնը կը կազմէ, մենք այդ ոգիի կուտակումն ենք, ջերմոցային բոյս չենք:

Ամբողջական աւանդութիւն է լեզուն: Ք. Լորենցի յիշատակած ութ հիմնական մեղանչումներէն է անոր կորուստը. ֆրանսացին կը դադրի ֆրանսացի ըլլալէ, չինացին չինացի չ՛ըլլար, հայը կը դադրի հայ ըլլալէ, կ՛ըլլան այդ անուանումով ուրիշ: Աւանդութիւններու գումարումը կը նմանի տարուան եղանակներուն, որոնք կու տան կեանքի, տնտեսութեան, բարքերու կշռոյթը. ե՞րբ հերկել, ե՞րբ ցանել, ե՞րբ քաղել: Անոնք ընկերութեան միութեան-միացման շաղախն են:

Նախնական կոչուած ընկերութիւններու կազմակերպութիւնը կը հետեւի աւանդութիւններու, անոնք կը սահմանեն դեր, պարտականութիւն, ըմբռնումներ: Անոնցմէ հեռացումը տնտեսական եւ կեղծ յառաջդիմութեան պիտակի տակ, խախտած է ընկերութիւններու հաւասարակշռութեան հիւսկէնը: Դարերու ընթացքին հաւաքաբար ստեղծուածը խանգարած ենք, քանդած` արժէքներու համակարգը: Յատկանշական է ընտանիքի պարագան, որ բեկուած է: Նոր սերունդը զրկուած է երէցներու փորձէն, ընտանիքը եղած է սոսկ զոյգի կառոյց: Հայերս կը խօսէինք անցեալի նահապետական ընտանիքի մասին, ուր արժէքներ կը փոխանցուէին, նորերը կը սորվէին յարգել երէցները:

Արդէն երկու դարէ ի վեր մարդկութիւնը դատապարտուած է ինքզինք զգալու եւ տեսնելու վարդապետութիւններու  մէջ, ըստ անոնց տեսութիւններուն եւ յղացքներուն կը խօսի եւ կը դատէ, կ՛որոշէ եւ կ՛ընտրէ: Այսինքն մեր մտածումները աստ եւ անդ կաղապարուած են:

Եթէ աւելի ետ երթանք, կրնանք մտածել, որ այդ ըրած են կրօնները`  առաջնորդելով մտածումները, կողմնորոշումները, դատումները եւ ընտրանքները:

Ժամանակակից հաղորդակցական միջոցներու տարածումը եւ բազմապատկումը վարդապետութիւններու ուժը անհամեմատ եղանակով աւելցուցած են` հասնելով կրկին եւ կրկին իւրաքանչիւրին ամէնուրեք. տուն, դպրոց, աշխատանքի վայր, նոյնիսկ` փողոցը: Կը կարծենք ընտրել, ինքնուրոյն մտածել` առանց անդրադառնալու, որ ուրիշ տեղէ ստացած ենք մեր մտածման կաղապարը: Կ՛ըսեն` formaté եղած ենք, եթէ կ՛ուզէք` ձեւաւորուած:

Այս աշխատանքը կատարած են եւ կը կատարեն իշխանութիւնները` առաջնորդելու համար զանգուածները: Այսպէս եղած է քաղաքակրթութեան տարածումը` առաջնորդելով միօրինականացման: Ես ինծի միշտ հարց տուած եմ, թէ ի՞նչ իրաւունքով խանգարած ենք Հարաւային Ամերիկայի բնիկներու կեանքի օրէնքը, կենցաղը, ընկերութիւնը, զորս կը կոչենք նախնական, ո՞վ որոշած է, որ մեր քաղաքակրթութիւնը աւելի լաւ է Ամազոնի կամ Պոռնէոյի մարդոց կենսաձեւէն: Հետեւանք. պատերազմ, տիրակալութիւն, ստրկացումներ:

Այս վերաբերումը մի՞թէ Ք. Լորենցի նշած հիմնական մեղանչումներէն մին չէ:

Զէնքը, հիւլէական ուժի գործածութիւնը եւ սպառնալիքը մեղանչում են: Այդ քաղաքակրթական մեղքի դրսեւորումներն են աւերուած-այրած Հիրոշիման եւ Նակազաքին: Մի՛ ըսէք` պատերազմ էր: Նոյն աւերին դիմաց գտնուած է մարդկութիւնը` առանց պատերազմի, երբ պատահած է Չեռնոպիլի հիւլէակայանի աղէտը: Մի՛ ըսէք` բացառիկ աղէտ էր: Նոյնը կրնայ պատահիլ, նոյնքան անակնկալ եղանակով, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Չինաստան, Հնդկաստան եւ այլուր, նոյնիսկ` պզտիկ Հայաստան:

Իսկ հիւլէական զէնքը ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ մարդկութեան գլխուն վրայ կախուած մահուան սպառնալիք է: Ռազմական օդանաւեր եւ ընդծովեաներ զինուած են հիւլէական ռումբերով, որոնք որոշումով մը, կամ պարզապէս` սխալով մը, մոլորակը կը վերածեն խարոյկի: Հիւլէական ռումբի տիրապետող ղեկավարներ, ուր որ ալ գտնուին, իրենց հասողութեան տակ ունին այդ ռումբի գործածութիւնը հրահանգող կոճակը:

Քաղաքակրթութեան հնարած աղէտի մեղանչումները…

Հուսկ, պէտք է մտածել, որոշել, ընդունիլ քաղաքակրթութեան տիեզերական մեղքերը սրբագրել:

Ինչպէ՞ս այդ ընել, երբ տիրելու եւ շահագործելու կիրքը դարձած է վարակ, որուն դէմ պայքարը մարդկային առաքինութիւն կը պահանջէ, անհատաբար եւ հաւաքաբար: Չկան գլխաւոր եւ երկրորդական պատասխանատուներ:

Պատասխանատու է իւրաքանչիւր մարդ: Զիջում պէտք չէ ընել:

Վերը յիշուած հանգստաւէտութեան յարաճուն ցանկութիւնը ջաղացքի քար դրած է պատասխանատուութեան գիտակցութեան վրայ` հետեւելով հին (չ)իմաստութեան. ինձմէ ետք ջրհեղեղ:

Այս միտքով է, որ մեղանչած է ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ: Եւ այդպէս ալ կը շարունակէ:

18 յունիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

Previous Post

No need yet to adapt Pfizer vaccine for COVID variants: BioNTech chief

Next Post

Turkey to present historic Jesus, saint icons to Istanbul patriarch

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.