Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պէտք է պայքարիլ` հաստատելով, որ պատասխանատուութիւնը ազգային է, ու բոլորը պէտք է աշխատին` կանխարգիլելու անոր տարածումը:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ելեւմտական թէ տնտեսական տագնապներուն դիմաց առողջապահական տագնապին կարեւորութիւնը գերակշիռ է` նշելով, որ ելեւմտական եւ տնտեսական առումով կարելի է բոլոր մարզերուն աշխատանքը վերականգնել, «սակայն ժողովուրդին առողջութիւնը առաջնահերթութիւն է, իսկ այդ առողջութիւնը պահպանելու իմաստով պատասխանատու են բոլորը, այսինքն` կառավարութիւն, քաղաքական ուժեր, բանակ, ապահովութեան ուժեր, պետական հաստատութիւններ, լիբանանցի քաղաքացիներ, պաղեստինցի գաղթականներ, սուրիացի տեղահանուածներ, Լիբանանի մէջ ապրող այլ քաղաքացիներ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ լիբանանցիները պիտի դիմանան ու պիտի հանդուրժեն տիրող այս կացութեան, մինչեւ որ բուժումը գտնուի: «Իսկ մինչեւ բուժման գտնուիլը, պէտք է կանխարգիլել այդ ժահրին տարածումը, որպէսզի կարելի ըլլայ կարելի եղածին չափ քիչ թիւով վարակուածներ ունենալ, ինչպէս նաեւ ըլլայ մահուան պարագաները նուազագոյնի հասցնել», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա վերահաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը ազգային պայքար է, իսկ նպատակը լիբանանցիներու փրկութիւնն է: Ան կոչ ուղղեց դրական ոգիով գործակցելու` հաստատելով, որ ներկայիս պահը յարմար չէ քաղաքական նեղ հաշիւներ հետապնդելու, քաղաքական բանավէճ կատարելու, վրէժ լուծելու, հաշիւներ մաքրելու եւ ատելութիւն սերմանելու: «Քորոնա» ժահրը այս կամ այն ցեղին, համայնքին կամ յարանուանութեան չի պատկանիր: Անոր դէմ պայքարը ամբողջ մարդկութիւնը փրկելու պայքարին համազօր է», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ ինք իբրեւ հոգեւորական պարտք կը զգայ նաեւ ըսելու, որ մարդ արարածը պէտք է պաշտպանէ ինքզինք, իր ընտանիքն ու շուրջինները: «Այդ մէկը պարտականութիւն է, եւ եթէ շրջանցուի, ապա մեղք կը նկատուի: Աշխարհի վախճանին Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու էք այդ պարտականութեան համար, հետեւաբար կրօնական այս յանձնառութենէն պէտք չէ փախուստ տաք: Ոեւէ մէկը, որ «Քորոնա» ժահրին վերաբերող որեւէ ախտանշան զգայ, պէտք է անկեղծ ըլլայ ու թափանցիկ, եւ անմիջապէս ուղղուի հիւանդանոց` համապատասխան բժշկական քննութիւններուն ենթարկուելու, ինչպէս նաեւ չվարանի առողջապահական մեկուսարանի մէջ բուժումի ենթարկուելէ, որպէսզի նախ ինքզինք փրկէ եւ ապա շուրջինները: Պէտք է ճշմարտութիւնը ըսել եւ ամօթ չզգալ` եթէ այդ ժահրով վարակուած էք», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ իսլամական կրօնին մէջ ուրիշը ժահրով վարակողը նաեւ պատասխանատուութիւն կը կրէ: «Հետեւաբար ո՛չ ոք այս իրողութիւնը պէտք է թեթեւի առնէ, այլ` վարակուածը ինքզինք պէտք է բացայայտէ: Կարելի չէ պահել «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու ճշմարտութիւնը», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց նաեւ, որ Լիբանան պէտք եղած թափանցիկութեամբ վարուած է այս կացութեան հետ` աւելցնելով, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը առաջին իսկ օրէն «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագան յայտարարած է եւ օրական դրութեամբ հաղորդագրութիւններով եւ յայտարարութիւններով կը ներկայանայ հանրութեան` զայն տեղեակ պահելու երկրին առողջական վիճակին մասին:
Ան հաստատեց, որ այս առումով մեծագոյն ստախօսը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է ու անոր վարչակազմը, որոնք կը ստեն Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւերուն մասին:
«Ի միջի այլոց Ուաշինկթըն Իրանին օժանդակութիւն կ՛առաջարկէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով: Սկսելու համար ամերիկացիները իրենք իրենց պէտք է օգնեն, իսկ եթէ շատ կը փափաքին օժանդակել Թեհրանին, ապա Իրանի դէմ իրենց պարտադրած շրջափակումը կրնան վերացնել», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ նոյնն է պարագան Մեծն Բրիտանիոյ` նշելով, որ հաւանաբար հոն կան 7-10 հազար պարագաներ, սակայն կը խօսուի միայն 5 կամ 10 հատի մասին:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու մնալու «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման միջոցառումներուն: «Պէտք է տունը մնաք եւ տան մէջ աղօթէք: Ո՛չ խրախճանքներ, ո՛չ հանդիպումներ, ո՛չ ժողովներ, ո՛չ համախմբումներ, ո՛չ մզկիթներ, եւ ո՛չ ալ նահատակներուն ի պատիւ կազմակերպուած հսկայ թաղումներ, ուր ամբողջ գիւղաքաղաքը ներկայ կը գտնուի: Այսուհետեւ նման յուղարկաւորութիւններ պէտք է կատարուին կարելի եղածին չափ քիչ թիւով եւ նուազագոյն շուքով: Այս իմաստով պէտք է նահատակին ընտանիքը նախաձեռնէ եւ յայտարարէ, թէ թաղումը ընտանեկան է եւ կարելի եղածին չափ համեստ շուքով պիտի կատարուի», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց Կարմիր խաչը, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցն ու անոր անձնակազմը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ կռուող այս մարտիկներուն իրաւունքը առաջնահերթութիւն նկատէ եւ լրիւ կատարէ նիւթական իր պարտաւորութիւնները: «Աւելի՛ն. անհրաժեշտ կը նկատեմ, որ կառավարութիւնը անոնց իրաւունքին կողքին նաեւ յաւելեալ գումար ալ յատկացնէ անոնց, որովհետեւ անոնք այդ ժահրին սպառնալիքին ու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուին եւ կը պայքարին վարակուածներուն բուժման համար: Իսկ եթէ պատահի, որ այդ անձնակազմէն մէկը վարակուի եւ չփրկուի, ապա զայն պէտք է նահատակ նկատել», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ նաեւ, որ պէտք է պատրաստուիլ նաեւ վատագոյնին եւ վայր ու մարդուժ պատրաստել` դիմագրաւելու համար «Քորոնա» ժահրին պատճառելիք վարակուածներու հսկայ տարողութիւնը:
Ան շեշտեց, որ պէտք է հաւատքով պայքարիլ այդ ժահրին դէմ` աւելցնելով, որ երբ Լիբանանի պատասխանատուները յարմար գտնեն, պէտք է արտակարգ վիճակ յայտարարեն:
Տնտեսական եւ ելեւմտական առումով սէյիտ Նասրալլա հակիրճ կէտերու մէջ ըսաւ, որ Հըզպալլա կառավարութեան տնտեսական ծրագիր ու պատկերացում չէ ներկայացուցած` աւելցնելով, որ Հըզպալլա Միջազգային դրամական ֆոնտին օժանդակութիւնը չի մերժեր, այլ` Լիբանանի վրայ օտար հոգատարութեան պարտադրումը, որ մերժելի է իւրաքանչիւր լիբանանցիի կողմէ:
Ան հաստատեց, որ դրամատուները այս փուլին պէտք է յանձնառու ըլլան եւ իրենք պէտք է նախաձեռնեն կառավարութեան օժանդակելու` մեկնելով իրենց ազգային եւ մարդկային պատասխանատուութենէն:
Իր խօսքին աւարտին, սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց նախանցեալ գիշեր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրաքի գերիշխանութեան դէմ ներխուժումն ու Իրաքի ռմբակոծումը` հաստատելով, որ Իրաք պիտի պատասխանէ իր դէմ գործուած ամերիկեան յարձակումին: