Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 677-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 4 նոր պարագաներ: Բոլոր պարագաներն ալ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներ են: 105 պարագաներ արդէն իսկ բուժուած են: Մահացողներուն թիւը կը մնայ նոյնը` 21: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին կատարուած են 340 քննութիւններ:
Առողջապահութեան նախարարութեան 5 խումբեր այսօր առաւօտեան ժամերէն պիտի մեկնին տարբեր շրջաններ` կատարելու համար «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութիւններ: Խումբերը կը բաղկանան մէկ բժիշկէ, մէկ հիւանդապահէ, մէկ վարչականէ եւ մէկ վարորդէ, եւ շրջաններուն մէջ անոնց պիտի միանան նահանգի բժիշկը եւ կառավարական հիւանդանոցներու խումբերը: Նպատակն է ամէն մէկ շրջանի մէջ կատարել նուազագոյնը 100 քննութիւն, ինչ որ ընդհանուր թիւը պիտի հասցնէ 500-ի մէկ օրուան ընթացքին:
5 պարագաներ` Տըննիէի մէջ
Տըննիէ շրջանին մէջ յայտնաբերուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 5 պարագաներ` մէկ ընտանիքէ: Ներքին ապահովութեան ուժերը փակեցին բոլոր խանութները, հաստատութիւնները եւ բնակիչներէն պահանջեցին մեկուսանալ տունը 14 օրուան համար եւ քաղաքապետութիւնը կամ առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեակ պահել` ախտանշաններու յայտնութեան պարագային: Քաղաքապետութիւնը հականեխեց քաղաքին բոլոր ճամբաները, թաղերը, խանութները եւ հաստատութիւնները:
Հասան. «Գինը, որ կը վճարենք, շատ քիչ է` բաղդատմամբ այն երկիրներուն, որոնք թերագնահատեցին «Քորոնա» ժահրը»
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան նշեց, որ Լիբանանի մէջ կայ զգալի տնտեսական տագնապ, բայց գումարը, որ կը վճարենք, շատ քիչ է` բաղդատմամբ այլ երկիրներու, որոնք «Քորոնա» ժահրը թերագնահատեցին եւ պիտի փլէին անոր պատճառով:
Հասան դրական եւ քաջալերական համարեց վարակուածներու թիւի նուազումը, բայց եւ այնպէս դիտել տուաւ, որ կարելի չէ վերջնականօրէն անոր վստահիլ: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ են յաւելեալ երկու շաբաթներ կատարելու մեծ թիւով քննութիւններ` օրական 1500 հատ:
Նախարարը յայտնեց, որ կառավարութիւնը շատ լրջօրէն կը մօտենայ արտերկրի լիբանանցիներու վերադարձի հարցին եւ 14 օրուան ընթացքին անոնց կը հետեւի: Նախարարը աւելցուց, որ թռիչքները պիտի վերսկսին 27 ապրիլին:
Հասան յայտնեց, որ 10 մայիսը կարեւոր թուական մըն է որոշելու ընդհանուր զօրաշարժի դադրեցումը կամ երկարաձգումը: Ան նշեց, որ հասկնալի է մարդոց երթեւեկի եւ աշխատելու կարիքները, բայց պէտք է ապահովական միջոցառումներու գործադրութիւնը շեշտուի, եւ քաղաքացիներուն ձրի դիմակներ պիտի բաժնուին:
Նախարարը աւելցուց, որ 15 մայիսը հաւանական թուական մըն է դպրոցական տարեշրջանը աստիճանաբար վերսկսելու:
Նախարար Համատ Հասան, այցելելէ ետք Զահլէի կառավարական հիւանդանոց, վստահեցուց, որ լրատուամիջոցները հիմնական գործընկեր են այսօրուան հարցին, եւ ինչ որ կը կատարուի այսօր կը նպատակադրէ պաշտպանել սերունդներու եւ ընտանիքներու ապագան: Նախարարը յայտնեց, որ միայն համագործակցութեամբ կարելի է հասնիլ ապահովութեան ափ` աւելցնելով, որ արդիւնքները լաւ են, եւ աշխատանքները շատ բծախնդիր ձեւով կ’ընթանան` կազմուած ծրագիրին համաձայն:
Նախարար Հասան նշեց, որ բազմաթիւ երկիրներ, որոնք Լիբանանի այսօրուան արդիւնքներուն հասան, սկսան նուազեցնել ապահովական միջոցառումները եւ վերադարձան մեկնակէտին: «Մենք չենք ուզեր, որ մեր յոգնութիւնը ի զուր երթայ», հաստատեց Հասան: Նախարարը ընդգծեց, որ նախարարութիւնը` խորհրդարանական առողջապահական յանձնախումբին հետ համագործակցութեամբ եւ վարչապետ Տիապի ուղղակի աջակցութեամբ, կ’աշխատի իբրեւ փեթակ` Լիբանանի համար այս մեծագոյն մարտահրաւէրը դիմակայելու համար:
Արտօնուած է երթեւեկը մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00` ժամը 7:00-ի փոխարէն
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ փոփոխութեան ենթարկեց կրակմարի դրութեան ժամը եւ արտօնուեցաւ երթեւեկել մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00` ժամը 7:00-ի փոխարէն: Փոփոխութեան ենթարկուեցան նաեւ ընդհանուր զօրաշարժէն բացառուած հաստատութիւններու բացման եւ փակման ժամերը:
«Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու յատուկ յանձնախումբի նախագահ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար երէկ պատկերասփիւռային զրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ կառավարութեան հաստատած նիւթական օժանդակութիւնները շուտով պիտի բաժնուին` նշելով, որ ցանկերը կը ստուգուին, եւ շուտով աշխատանքը կը սկսի:
Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Թարիք Մաժզուպ յայտնեց, որ պետական քննութիւնները տեղի պիտի ունենան, որովհետեւ ներկայ պայմանները չեն նմանիր այն պայմաններուն, որոնց ընթացքին տրուեցան վկայագիրներ: Ան շեշտեց, որ կրթութիւնը Լիբանանի դրամագլուխն է, եւ իրենց նպատակն է կրթութիւնը բարձրացնել անցեալի մակարդակին:
Վարչապետին թրքական հիւանդանոց այցելութիւնը` ջնջուած
Վարչապետին տեղեկատուուական գրասենեակը հաղորդեց, որ վարչապետ Տիապ ջնջած է Սայտայի թրքական հիւանդանոց իր այցելութիւնը` «քաղաքին մէջ հրաւիրեալներու վերաբերեալ տեղի ունեցած վէճերուն» պատճառով:
Վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային յանձնախումբի անդամ բժիշկ Ապտ Ռահման Պըզրի ափսոսանք յայտնեց վարչապետին այցելութեան յետաձգումին համար` նշելով, որ այս յետաձգումը չի նշանակեր, որ ջնջուած է կառավարութեան կողմէ այդ հիւանդանոցին առաջարկուած օժանդակութիւնը, որպէսզի ատիկա աշխուժ դեր ունենայ Սայտայի եւ ամբողջ երկրին մէջ: Ըստ Պըզրիի, այցելութիւնը ջնջուած էր, որովհետեւ կազմակերպողները լաւ չէին պատրաստած ամէն ինչ, եւ կար հարց` հրաւէրներու գծով:
Նահմէ կը վստահեցնէ, որ գիներու բարձրացումը վերահսկողութեան ընթացքի մէջ է
Տնտեսութեան նախարար Ռաուոլ Նահմէ վստահեցուց, որ նախարարութիւնը կ’իրականացնէ բազմաթիւ միջոցառումներ վերահսկելու համար ապրանքներուն գիներուն: Նահմէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը պատրաստած է սպառողը պաշտպանելու օրէնք մը, զոր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խոստացած է շուտով վաւերացնել: Ան նշեց, որ օրէնքը կ’ընդգրկէ բարձր տուգանքներ:
Նահմէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը բազմացնէ հանրախանութներ այցելութիւնը եւ որոշ չափով հսկողութեան տակ կ’առնէ իրավիճակը` յայտնելով, որ գիներու բարձրացումը կը բխի տոլարի փոխանակման սակէն: Ան սակայն նշեց, որ կան նաեւ խախտումներ:
Միւս կողմէ, նախարարը անդրադարձաւ տնտեսական ծրագիրի սեւագրութեան` յայտնելով, որ կայ 83 միլիառ տոլարի վնաս, բացատրելով, որ հարցումը այն է, թէ ո՞վ պիտի կրէ այդ վնասը` դրամատուներու տէրե՞րը, գումարներ ունեցողնե՞րը, պետութի՞ւնը:
Ան բացատրեց, որ տուրքերը բացառուած են, որովհետեւ ժողովուրդը չի կրնար վճարել` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է առնէ դժուար որոշում մը այդ հարցումին պատասխանելու համար: