Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 49 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին` նկատի ունենալով, որ արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրութիւնները արդէն իսկ աւարտած են: Ան նշեց, որ ներկայ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտին աւարտէն ետք կառավարութիւնը կը վերածուի ընթացիկ հարցերու կառավարութեան, հետեւաբար անլոյծ մնացած կարգ մը հարցերուն լուծումները պէտք է արագացնել:
Նախագահ Աուն արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիէն, պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմէն եւ ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիէն պահանջեց ընտրութիւններու ընթացքին ընտրակաշառք տրամադրողն ու ստացողը զսպել:
Ան նախարար Մաուլաուիէն պահանջեց ընտրական կեդրոններուն ապահովութեան հսկել, որպէսզի ընտրական մթնոլորտը չխանգարուի: «Ընտրական կեդրոններուն ապահովութիւնը հիմնական է` դիւրացնելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան սառած իրավիճակը կարգ մը արգելափակեալներու վնաս հասցուցած է, որովհետեւ անոնք ի զուր կրնան բանտարկուած ըլլալ:
Ան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութիւնը պէտք է արագացնել եւ համապատասխան քայլերուն դիմել:
Նախագահ Աուն խստիւ մերժեց սուրիացի տեղահանուածները իրենց գտնուած շրջանակներուն հետ համակրելու ճիգերը` հաստատելով, որ անիկա շատ վտանգաւոր քայլ մըն է:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան համեմատութիւնը բարձր էր:
Ան մաղթեց, որ քանի մը օր ետք տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ազատութեամբ, թափանցիկութեամբ եւ պարկեշտութեամբ:
«Այս առիթով կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ կատարելու իրենց ազգային պարտականութիւնը», հաստատեց ան:
Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր բնական աշխատանքի շրջագիծին մէջ կը գտնուի` ընդգծելով, որ երկիրը հսկայական դժուարութիւններու մէջ է: «Մենք չենք ուզեր քաղաքացին սպառել, սակայն միաժամանակ կը փափաքինք, որ պետական հաստատութիւնները իրենց գործունէութիւնը շարունակեն: Կը մաղթենք նաեւ, որ նոր վարչապետի նշանակումն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուին», ըսաւ Միքաթի:
Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ ժամկէտը անցած լիբանանեան անցագիրները մէկ օրուան համար նորոգելու եւ այդ նպատակին համար ճշդեց 200 հազար լ. ոսկիի գումար մը, որպէսզի կիրակի, 15 մայիսին քաղաքացիները կարենան քուէարկել:
Այս որոշումը ստորագրուեցաւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Նշենք, որ անցագիրներու նորոգութեան շրջաբերականին գծով Երեսփոխանական ժողովրդավարական ընտրութիւններու լիբանանեան միութիւնը (ԼԱՏԻ) հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան հետ, որ իր կարգին հաստատեց, որ անցագիրներու նորոգութիւնը կը կատարուի շրջաններուն մէջ գտնուող Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնատեղիներուն մէջ:
Աւելի ուշ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ուրբաթ, 13, շաբաթ, 14 եւ կիրակի, 15 մայիսին, առաւօտեան ժամը 8:00¬էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, պիտի ընդունի անցագիրներու միօրեայ նորոգութեան դիմումնագիրները, որոնք կարելի է կատարել իխրաժ քայտի պատճէնով մը եւ մէկ լուսանկարով:
Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան այն առաջարկին, որ արտօնագիրներ շնորհէ այն ընկերութիւններուն, որոնք արեւային ներուժով ելեկտրականութիւն կ՛արտադրեն:
Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ Միջազգային դրամատան կողմէ տրամադրուած 150 միլիոն տոլարի վարկին, որուն նպատակն էր ցորեն ապահովել:
Կառավարութիւնը խստիւ դատապարտեց պաղեստինցի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը` իսրայէլեան ուժերուն կողմէ:
Նախագահ Աուն Ստորագրեց Սեփական Մարզին Յատկացուելիք Յաւելումի Հրամանագիր Մը
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց սեփական մարզին յատկացուելիք յաւելումի թիւ 9129 հրամանագիրը, որուն համաձայն` երկրին մէջ տիրող սղաճին դիմաց պաշտօնեաներուն կը յատկացուի յաւելում:
Ըստ հրամանագիրին այն պաշտօնեաները, որոնց ամսական աշխատավարձը նուազ քան 4.000.000 լ. ոսկի է, կը ստանան 1.325.000 լ. ոսկիի յաւելում:
Իսկ այն պաշտօնեաները, որոնց ամսական աշխատավարձը աւելի քան 4,000,000 լ. ոսկի է, կը ստանան այն գումարը, որ կը ճշդուի Լիբանանի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին հիման վրայ:
Իսկ օրական աշխատավարձ ստացող պաշտօնեաներուն պարագային, հրամանագիրին մէջ նշուած է, թէ այն պաշտօնեաները, որոնց օրական աշխատավարձը նուազ քան 182.000 լ. լոսկի է, կը ստանան 61.000 լ. ոսկիի յաւելում:
Իսկ այն պաշտօնեաները, որոնց օրական աշխատավարձը աւելի քան 182.000 լ. լոսկի է, կը ստանան այն գումարը, որ կը ճշդուի Լիբանանի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին հիման վրայ:
Հրամանագիրին մէջ նշուած է նաեւ, որ այս որոշումը պէտք է գործադրուի սեփական մարզի բոլոր աշխատատեղիներու սեփականատէրերուն կողմէ, իսկ անոր գործադրութիւնը պէտք է նկատի առնուի ապրիլ 2022-էն:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալական խօսքեր կ՛ուղղուին հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, ելեւմուտքի եւ աշխատանքի նախարարներուն` սեփական մարզին շնորհուած այս յաւելումին համար: