Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019ին Քուէյթի Ամերիկեան դպրոցի հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Վարժարանի Ամավերջի հանդէսը:
Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց քայլերգներով օրուան հանդիսավար Մարալ Համպոյեան բացուած յայտարարեց երեկոն, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս աշակերտական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ժաննա Սերոբեանի, ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան Հայկական Պարեր՝ ա.- «Դուին», կատարողութեամբ 12րդ կարգի աշակերտուհիներու, բ.- «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք», կատարողութեամբ 9րդ կարգի աշակերտներու (Պարուսոյց՝ Օրդ. Գոհար Քէթէնճեան)։ Վարժարանիս Տնօրէն Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան ներկայացուց վարժարանի միամեայ գործունէութեան ընդհանուր զեկոյցն ու գնահատականը, լուսարձակի տակ առնելով առկայ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ 2018-2019 տարեշրջանին տեղի ունեցած բարենորոգչական աշխատանքները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերին վարժարանիս բարգաւաճման ու վերելքին։ Ապա Տեղի ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի գերազանցներու պարգեւատրումը, որմէ ետք 9րդ դասարնի աշակերտները ներկայացուցին Արաբական Պար (Պարուսոյց՝ Տիկին Ժագլին Խտրլարեան)։ Ապա Մարիէլլա Թէմամեան՝ Դաշնամուրով եւ Սերճիօ Փօլատեան՝ Կիթառով ներկայացուցին «My Son & Nostalgia» երաժշտական կտորը։
Կարճ դադարէ մը ետք, տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, ուր մանրամասն կերպով ներկայացուեցաւ տեղի ունեցած վերանորոգման աշխատանքները 2017էն մինչ օրս, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ իր սրտի խօսքն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն:
Ապա ընթերցուեցան ուղերձներ՝ Հայերէն եւ Արաբերէն լեզուներով, շրջանաւարտներ՝ Միրնա Այնթապեանի եւ Ալիս Քէչէճեանի կողմէ։
Եւ այսպէս երկար սպասուած վկայականաց բաշխման արարողութիւնը Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպույեանի գլխաւորութեամբ եկաւ ամբողջացնելու բոլորին երջանկութիւնը:
Աւարտին նաեւ տեղի ունեցաւ «ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ»ի մրցանակի տուչութիւնը ձեռամբ մրցանակի հիմնադիր ՝ Պրն. Կիրակոս Գույումճեանի որուն արժանացաւ վարժարանիս պաքալօրիայի առաջին հանդիսացող աշակերտուհի ՄԻՐՆԱ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆը։ Սոյն մրցանակը հինգ տարիներէ ի վեր կը շնորհուի Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ պաքալօրիայի առաջին հանդիսացող հայ աշակերտին։ Անոր նպատակն է խրախուսել հայ աշակերտը հասնելու ուսման բարձր դիրքերու եւ անոր պարգեւն է (1000 Քուէյթեան Տինար)։
Հանդէսը վերջ գտաւ Սրբազան հօր հայրական օրհնութեամբ եւ սրտի խօսքով, որ ողջունելով շրջանաւարտները նորանոր նուաճումներ ու յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին։