Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Քուէյթի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական հանդիպումին:
Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահի հետ եւ անոր յանձնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը, որ ուղղուած է Քուէյթի Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին: Ան Սապահին յանձնեց նաեւ Լիբանանի պատասխան նամակը` քուէյթեան նախաձեռնութեան:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ քուէյթցի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպումը շատ լաւ ընթացած է:
Երէկ երեկոյեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պու Հապիպ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական հանդիպումին ներկայացուցած է Լիբանանի իրավիճակը եւ արաբ եղբայրներուն հետ իր պատմական յարաբերութիւնները վերականգնելու կարեւորութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի յղած պատասխան նամակը դրական ազդեցութիւն ունեցած է քուէյթեան կողմին եւ ներկաներուն վրայ:
«Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց Քուէյթի յանձնառութիւնը` Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանցիներուն բարօրութեան նկատմամբ: Անիկա հաստատեց, որ քուէյթեան նախաձեռնութիւնը` Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու, պիտի շարունակուի, նկատի ունենալով լիբանանեան պատասխանը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միւս կողմէ, եգիպտական «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց լիբանանեան¬եգիպտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու երկկողմանի ջանքերը:
Նշենք, որ շաբաթավերջին Պու Հապիպ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ ինք Քուէյթ պիտի ուղղուի իրեն հետ ունենալով յուշագիր մը, որ կը վայելէ Լիբանանի գործադիր իշխանութեան համաձայնութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Քուէյթի տրամադրուելիք Լիբանանի պատասխանին բովանդակութեան մասին Հըզպալլան տեղեակ չէ պահուած:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներուն հետ կան շարք մը հարցեր, որոնց լուծումներուն շուրջ պէտք է խորհրդակցիլ: «Այս իմաստով մենք ունինք առաջարկներ, ինչպէս նաեւ պիտի լսենք Քուէյթի տեսակէտը», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ դիտել տուաւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ Արաբական լիկայի որոշումներուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի պատասխանին բովանդակութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ Ծոցի երկիրները Լիբանանի բարեկամ երկիրներ են, եւ Լիբանան պիտի ջանայ անոնց հետ հարցերը լուծել:
Հըզպալլայի զէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ այդ մասին Լիբանան պիտի ունենայ իր խօսքը, որ գոհ պիտի պահէ ներկաները: «Լիբանանի պատասխանը այս իմաստով գոհ պիտի պահէ թէ՛ մեզ, թէ՛ զիրենք», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանանի միասնականութիւնը եւ կայունութիւնը կարեւոր է:
Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ ինք Քուէյթ կը մեկնի երկխօսութեան համար եւ ոչ թէ Հըզպալլան ապազինելու: «Հըզպալլա լիբանանեան կուսակցութիւն է, եւ Լիբանանի քաղաքական կեանքը անոր հակակշիռին տակ չի գտնուիր», հաստատեց ան:
Իր կարգին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զաքի քուէյթեան «Ռայ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները նախապէս որոշած էին, որ կիսամեայ խորհրդակցական հանդիպում մը ունենան այն երկրին մէջ, որ կը նախագահէ Արաբական լիկայի տուեալ նստաշրջանին:
Նման խորհրդակցական հանդիպում մը կատարուած էր անցեալ նստաշրջանին, Տոհայի մէջ, երբ Քաթար կը նախագահէր Արաբական լիկային:
«Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու Բ. խորհրդակցական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Քուէյթի մէջ, կիրակի, 30 յունուարին, եւ նկատի ունենալով, որ անիկա խորհրդակցական հանդիպում է եւ ոչ պաշտօնական, ապա անկէ վերջնական որոշումներ չեն բխիր: Խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին կը կատարուին ազատ քննարկումներ, առանց օրակարգի վրայ հիմնուելու: Այդ հանդիպումին նպատակն է տարբեր հարցերու շուրջ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ խորհրդակցութիւնն ու գործակցութիւնը ամրապնդել», հաստատեց Զաքի: