Շաբաթ, 3 Նոյեմբեր 2018ին, Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Յանձնաժողովը կատարեց իր կիսամեայ լիակատար նիստը: Այս Յանձնաժողովի գլխաւոր աշխատող, յղացող ու առաջադրող անձը, ի պատիւ հայ ժողովուրդին, Տօքթ. Հրայր Ճէպէճեանն է, Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնով, որ կը ղեկավարէ Ծոցի եօթը երկիրներ (Քուէյթ, ԱՄԷ, Քաթար, Պահրէյն, Օման, Եէմէն եւ Իրաք): Չորս տարին անգամ մը ժողովականներէն մաս մը կը դադրի՝ իր երկու շրջանը աւարտելուն պատճառով, եւ կը նշանակուին նոր անդամներ ու հետեւաբար կ’ընտրուի նոր դիւան:
Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Յանձնաժողովին մնայուն պատուոյ նախագահն է, Քուէյթի Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վերապատուելի Էմանուէլ Բենիամին Ղարիպը:
Յանձնաժողովը, որ կը բաղկանայ ինը անդամներէ, այս նիստին, յաջորդ չորս տարիներու շրջանին համար, նախագահ ընտրեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանը, Փոխ Նախագահ՝ Հոգշ. Տէր Աարօ Ռիթքօնընը (Օմանէն) եւ Հաշուապահ՝ Պրն. Քուրիըն Վարկիզը (Քուէյթէն):
Յանձնաժողովը իր օրակարգերուն մէջ քննեց շրջաններու մէջ կատարուած բոլոր տեսակի աշխատանքները՝ անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին եւ արժեւորեց թէ բարոյական եւ թէ նիւթական տեղեկագրերը: Ապա զրուցեց յաջորդ շրջանի համար առաջադրուած աշխատանքները, մարտահրաւէրները եւ նոր ծրագրերու կարեւոր հանգամանքը այս օրերու դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
Կը շնորհաւորենք Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Յանձնաժողովի նոր անձնակազմն ու անոր դիւանը, ուժ եւ կորով կը մաղթենք անոնց, որպէսզի կարենան շարունակել «Աստուծոյ Խօսքը» տարածելու աստուածահաճոյ իրենց աշխատանքները, որ կը կատարեն աշխարհի աւելի քան 200 երկիրներու մէջ իրենց ունեցած Յանձնաժողովներուն միջոցաւ: