Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները ճանչցած են 21-րդ դարու կէսերուն համաշխարհային ածխածնային չէզոքութեան հասնելու անհրաժեշտութիւն: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Հռոմի մէջ Քսաններու վեհաժողովի արդիւնքներուն վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ:
«Մենք կ՛ընդունինք դարու կիսուն կամ հարիւրամեակի կէսերուն մօտ ջերմացնող կազերու համաշխարհային մաքուր զերոյական արտանետումներու կամ ածխածնային չէզոքութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
Քսաններու խմբակի երկիրները կոչ կ՛ուղղեն քայլերու ձեռնարկելու` համաշխարհային ջերմացման աճը 1,5 աստիճանի մակարդակին պահելու համար:
«Մենք կ՛ընդունինք, որ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները 1,5 սելսիուս աստիճանի պարագային շատ աւելի փոքր են, քան 2 աստիճանի պարագային: 1,5 աստիճանի մակարդակին վրայ պահպանումը պիտի պահանջէ նշանակալի եւ արդիւնաւէտ քայլեր եւ յանձնառութիւն բոլոր երկիրներուն կողմէ», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Համաշխարհային մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով` Քսաններու խմբակի երկիրներու ղեկավարները նշած են, որ պիտի դիմակայեն համաշխարհային մարտահրաւէրները, որոնք կ՛ազդեն իրենց տնտեսութեան վրայ, եւ պիտի չարտօնեն մատակարարման շղթային մէջ խափանումներ:
«Մենք աչալուրջ կը մնանք համաշխարհային մարտահրաւէրներու նկատմամբ, որոնք կ՛ազդեն մեր տնտեսութեան վրայ: Մենք միասին պիտի աշխատինք, որպէսզի բացայայտենք եւ լուծենք այդ խնդիրները` մեր տնտեսութիւններու վերականգնման զուգընթաց, եւ պահպանենք համաշխարհային տնտեսութեան կայունութիւնը», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Քսաններու խմբակի երկիրներու ղեկավարները հաղորդագրութեան մէջ նաեւ անդրադարձած են թուային տնտեսութեան, անհաւասարութեան դէմ պայքարին, արտադրողներու եւ սպառողներու միջեւ երկխօսութեան խնդիրներուն: