ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Դ ՄԱՍ
7 Սեպտեմբեր 1913 թուականին, Ռումանիոյ Կոստանցա քաղաքին մէջ կը գումարուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովը[1]: Հնչակեան զանազան կեդրոններէ հոն ժամանած պատգամաւորներու առջեւ դրուած էր դիմակայել ժամանակի ծանր մարտահրաւէրը, քաղաքական ճիշդ կողմնորոշում որդեգրել Հայաստանի ինքնավարութեան հարցով, ճշդել կուսակցութեան հետագայ գործունէութեան ծրագիրը: Այս ժողովի պատկառազդու հեղինակութիւններն էին Ստեփան Սապահ-Գիւլեան, Վարազդատ (Գր. Անպարճեան[2]) եւ Տոքթ. Պէննէ (Պետրոս Թորոսեան): Ժողովը կը վաւերացնէ հետեւեալ օրակարգը.
ա.- ՍԴՀԿ-ի դիրքորոշումը Թուրքիոյ մէջ:
բ.- Ընդհանուր եւ մասնաւոր բարենորոգումներու եւ ինքնավար Հայաստանի հարցը:
գ.- Միջկուսակցական յարաբերութիւնները:
դ.- Կուսակցական մասնաճիւղերու փոխյարաբերութեան հարցը:
Մեկնելով այն փաստէն, որ Երիտթուրքերը կը վարէին հայատեաց քաղաքականութիւն մը, իսկ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հայութեան կեանքը ոչինչով բարեփոխուած էր, ընդհակառակը` օրէ-օր աւելի զգալի կը դառնար ահեղ վտանգի մը սպառնալիքը, պատգամաւորական ժողովը կ’որդեգրէ անցնիլ անօրինական գործունէութեան: Որոշում կայացնող հեղինակաւոր մարմին մը, գլխաւորութեամբ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի, Վարազդատի եւ Փարամազի, կ’ընդունի գաղտնի որոշում մը` ահաբեկչութեան միջոցով սպաննել Երիտթուրք ղեկավարներէն ոմանք, մասնաւորաբար եռապետութեան պարագլուխ Թալէաթը:
Կոստանցայի ժողովի որոշումները շուտով կը սկսին գործադրուիլ: Ստեփան Սապահ-Գիւլեան իսկոյն կ’անցնի Երիտթուրք բռնապետերուն դէմ մահափորձը կազմակերպելու գործին եւ, յիրաւի, ահաբեկիչները Օտեսայէն եւ Պուլկարիայէն[3] կը տեղափոխուին Կ.Պոլիս` սպասելով մահափորձը իրագործելու համար պատեհ առիթին:
Ցաւօք սրտի, ամբողջ ծրագիրը եղերական հետեւանքներով կը ձախողի` ներքին եւ աններելի դաւաճանութեան մը հետեւանքով:
Եգիպտոսի հնչակեան մասնաճիւղէն որպէս պատգամաւոր Կոստանցայի ժողովին մասնակցած Արթիւր Եասեանը, բուն ինքնութեամբ` Արշաւիր Սահակեան վատանուն հայը, թրքական ոստիկանութեան կը մատնէ Երիտթուրք ղեկավարները ահաբեկելու Կոստանցայի ժողովին առնուած գաղտնի որոշումը: Ըստ պատմական տուեալներու, դաւաճանը Կոստանցա կը ժամանէ ժողովի աւարտին ու կը պահանջէ անպայման ծանօթանալ ժողովի ատենագրութեան: Բնականաբար ատենագրութեան մէջ արձանագրուած չէր Թալէաթի դէմ ահաբեկչութեան վերաբերեալ առնուած գաղտնի որոշումը[4]: Անշուշտ դժուար է գուշակել նաեւ, թէ դաւաճանը ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ վերահասու կը դառնայ գաղտնիքին: Բոլոր պարագաներուն, յոյն դասական իմաստասէրներէն Սոկրատի կը վերագրուի սա թեւաւոր խօսքը` «Աւելի դիւրին է շիկացած ածուխը լեզուին վրայ պահել, քան գաղտնիք մը»:
Այս դաւաճանը, որ արդէն հնչակեաններու մօտ կասկածելի դարձած էր ու Գահիրէի մէջ անոնց կողմէ սկսած էր հսկողութեան ենթարկուիլ, թրքական ոստիկանութեան օժանդակութեամբ կ’ազատի ու կը տեղափոխուի Կ.Պոլիս:
Թալէաթի հրամանով` Թուրքիոյ մէջ շուտով կը ծաւալի հնչակեան գրեթէ բոլոր երեւելի անձնաւորութիւններուն դէմ հալածանքի հսկայ ալիք մը: Կը ձերբակալուի հնչակեան ղեկավարներէն աւելի քան 130 հոգի[5]: Կը փակուին հնչակեաններու «Կայծ» եւ «Կոհակ» թերթերը, նաեւ գաւառներուն մէջ թուրք ոստիկաններու կողմէ կը սպաննուին շարք մը կուսակցական գործիչներ:
16 Յուլիս 1914-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հնչակեան ղեկավարներու դատավարութիւնը ռազմական դատարանին կողմէ կը սկսի 28 Ապրիլ 1915-ին: Անոնց դէմ կ’առաջադրուին հետեւեալ մեղադրանքները.
ա.- Հնչակեան Կեդրոնի 1913 թուականի Փարիզի «Կոչ»-ը` ուղղուած Եւրոպայի ազգերուն եւ պետութիւններուն, Հայաստանի ինքնավարութեան եւ բարենորոգումներու ծրագրին վերաբերեալ:
բ.- Կոստանցայի պատգամաւորական ժողովին ընդունած «դաւադրական որոշումները»:
գ.- Թալէաթի դէմ մահափորձ ձեռնարկելու ծրագիրը:
Ռազմական դատարանին առջեւ հնչակեան ամբաստանեալներուն դէմ դաւաճանի նողկալի վկայութիւններով գործուն մասնակցութիւն կ’ունենայ Արթիւր Եասեան վատահամբաւ հայը, որ ոչ միայն թրքական ոստիկանութեան մատնած էր Կոստանցայի որոշումները, այլեւ ձերբակալութիւններուն մեծ մասը կատարուած էին իր ցուցմունքներուն պատճառով: Բնականաբար, հայ ազգի այս մեծ դաւաճանը իր արդար մահապատիժը կը գտնէ 1919 թուականին Ատանայի մէջ` հնչակեան վրիժառու գործողութեամբ:
Քսան Անմահ Հնչակեան Հերոսներ Կ. Պոլիս, Սուլթան Պայազիտ հրապարակ, Երեքշաթբի, 15 Յունիս 1915
Սակայն 14/27 Մայիս 1915-ին, Հինգշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, վերջին անգամ ըլլալով բանտին մէջ կը կարդացուին ամբաստանեալ հնչակեան հերոսներուն անունները, ապա ոստիկաններու ուղեկցութեամբ անոնք կը տարուին դատարան: Ռազմական ատեանի նախագահը նիստը բանալով` կը կարդայ մահագոյժ դատավճիռը: Սոյնը օսմաներէնէ փոխադրուած է հայերէնի, ուստի կը ներկայացնենք զայն նոյնութեամբ` բնագրային հին ոճը պահպանելու նպատակով.
«Ատեանին առջեւ, ի ներկայութեան եւ ի բացակայութեան տեղի ունեցած դատավարութեամբ հաստատուած ըլլալով, որ անկախ եւ ինքնավար Հայաստան մը կազմելու համար եղեռնափորձեր կազմակերպած, օտարները Օսմանեան կառավարութեան դէմ գրգռելու եղանակով, ձեռնարկած են կայսրութեան երկրամասերէն մաս մը Օսմանեան կառավարութենէն անջատելու եւ այս նպատակաւ ալ օտար երկիրներու զանազան կողմերը գաղտնի եւ յայտնի ժողովներ գումարելով մէկտեղ հրատարակութիւններ ըրած, գրգռութիւններ եւ թղթակցութիւններ հանած են, Պատժական Քաղաքային Օրինաց տրամադրութեանց համաձայն պիտի պատժուին` դաւադրական Հընչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնի անդամներէն.
- Սապահ Գիւլեան
- Վարազդատ
- Փարամազ, ծանօթ կովկասցի Մատթէոս Սարգսեան, այլ անուամբ` ռոտոսթոցի Համբարձում Գրիգոր
- Վառնացի Յակոբ Գազազեան
- Գաբրիէլ` Քեշիշեանի որդի` Մինաս, այլ անուամբ` սամսոնցի սարը Խաչիկ
- Պիթլիսցի` Սմբատ, որդի Վարդան Գլըճեանի
- Վահան Պօյաճեան, այլ անուամբ` Ռուբէն Կարապետեան
- Տոքթ. Պետրոս` որդի Պեննէ Թորոս Թորոսեանի
- Արմենակ` որդի Համբարձումի, վաճառական
- Աբրահամ` որդի Ստեփան Մուրատեանի
- Արամ` որդի Կարապետ Աչըգպաշեանի, արաբկիրցի
- Հրանդ` որդի Աբրահամ Եկաւեանի
- Գարեգին` որդի Առաքել Պօղոսեանի
- Պօղոս` որդի Միքայէլ Պօղոսեանի
- Յակոբ` որդի Ղազար Պասմաճեանի
- Թովմաս` որդի Վահան Թովմասեանի
- Երեմիա` որդի Կիպրիանոս Մանանեանի
- Մկրտիչ` որդի Յովհաննէս Երէցեանի
- Գեղամ` որդի Կարապետ Վանիկեանի
- Երուանդ` որդի Յովհաննէս Թօփուզեանի, այլ անուամբ` Բանուոր
- Յովհաննէս` որդի Ստեփան Եղիազարեանի
- Գառնիկ` որդի Գրիգոր Պօյաճեանի
Անպարտ կը յայտարարուին` Վանեցի Յակոբ Աւետիսեան, այլ անուամբ` Արծրունի, Գագիկ Օզանեան, Կարապետ Փաթուկեան, Հմայեակ Արամեանց եւ Գրիգոր Եղիկեան»[6]:
Հայ յեղափոխութեան եւ ազգի ազատագրութեան անմահ դրօշակակիրներ՝ Հնչակեան Քսան Կախաղանները Կ. Պոլիս, Սուլթան Պայազիտ հրապարակ, Երեքշաբթի, 15 Յունիս 1915
Վերոյիշեալ ցանկէն յստակ կը դառնայ, որ ռազմական դատարանին տուած վճիռով մահուան կը դատապարտուին հնչակեան կարկառուն գործիչներէն քսաներկու հոգի: Մահուան դատապարտուած հերոսներու խումբէն երկու անձերու` Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի եւ Վարազդատի նկատմամբ վճիռը կ’արձակուի հեռակայ կարգով, քանի որ անոնք, ինչպէս տեղին նշուած էր, կը գտնուէին արտասահմանի մէջ: Բաց աստի, նոյն ատեանի նախագահութենէն պայմանաժամ մը կը տրուի նաեւ Պօղոս Նուպար Փաշային` տասը օրուան ժամանակամիջոցի մէջ ներկայանալու վերոյիշեալ ատեանը` ամբաստանուելով անկախ Հայաստան մը կազմելու նպատակով Անտանտի ուժերուն հետ համագործակցելուն եւ կարգ մը այլ ծանրակշիռ մեղադրանքներու մէջ: Բնականաբար, ուրկէ ալ տրուած ըլլար այդ վճիռը, բոլորովին անհեթեթ պիտի ըլլար ներկայանալ կանխամտածուած նման դատավարութեան մը, ուստի յայտարարուած պայմանաժամի աւարտին եւ ամբաստանեալին բացակայութեան, Պօղոս Նուպար Փաշա հեռակայ կարգով նոյնպէս կը դատապարտուի մահուան[7]:
Հայոց ազատագրական պայքարի սրբազան խորանին վրայ իրականացած այս գերազանց զոհաբերութեան՝ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու մողոքին ականատես Գալուստ Քհնյ. Պօղոսեան հետագային կը վկայէ, որ ազգին հերոսները «Անվեհեր կերպով կը դիմագրաւէին մահը եւ կ’արհամարհէին զայն»: Տոքթ. Պէննէ մահուան սեմին կը բացագանչէ. «Մեզ` քսանս կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի»: Իսկ Փարամազ կախաղանին բարձունքը իրեն դարձուցած Սինայի մը կամ Թափօր լեռի մը աստուածակոխ գագաթը` մարգարէաշունչ կը յայտարարէ. «Դուք մեր մարմինը միայն կրնաք սպաննել, բայց մեր գաղափարը` ոչ: Վաղը ան պիտի երեւի Արեւելքի հորիզոնին վրայ: Հայութիւնը պիտի ողջունէ ինքնավար սոցիալիստական Հայաստանը»[8]:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1- Տե՛ս, Հովհաննիսյան, Գ., «Հնչակյան Կուսակցության Պատմություն (1887–1915 թթ.)», Երեւան, 2012, էջ 249–261:
2- Անձնական նկատառումով մը Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան կը հաւաստիացնէ, որ Վարազդատի իսկական անունը Յակոբ Թիւրապեան է: Գեղամ Յովհաննիսեան Վարազդատի որոշապէս Գրիգոր Անպարճեան անունը կը վերագրէ. տե՛ս, Հովհաննիսյան, Գ., անդ, էջ 11, 133: Ա. Կիտուր նմանապէս կ’անդրադառնայ Գրիգոր Անպարճեան անունին, սակայն առանց ճշդելու, որ սոյնը Վարազդատի բուն ինքնութեան կը վերաբերի:
3-Այլուր՝ ահաբեկիչները Եգիպտոսէն կու գան Կ.Պոլիս. տե՛ս, Հովհաննիսյան, Գ., անդ, «Հնչակյան Կուսակցության Պատմություն», անդ, էջ 254։
4- Սոյն տեղեկութիւնը մեզի բերանացի հաղորդած է Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանը, որուն համար կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը։
5- Տե՛ս, Արամեանց, Հմայեակ, «Անկախ Հայաստան», «Պատմութիւն Հնչակեան Կուսակցութեան», Գ., Կ.Պոլիս, 1919, էջ 47։
6-Հմմտ., «Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան», Ա., խմբ. Արսէն Կիտուր, Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Պատմագր. Կեդր. Յանձնախումբ, Պէյրութ, 1962, էջ 389–390.
7- Տե’ս, Արամեանց, Հմայեակ, «Անկախ Հայաստան», անդ, էջ, 47: Նոյն հեղինակը կը նշէ, որ պատերազմական ատեանը մահուան կը դատապարտէ նաեւ Հրանդ Աղաճանեանը: Տե’ս, նոյնը:
8- Հմմտ., Յովհաննիսյան, Գ., անդ, էջ 260-261: