ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ը. ՄԱՍ
ԹԱՐՄ ՀՈՂԱԿՈՅՏԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ
Քսան Թրքահպատակ Ընկերներու Սպանութեան [առթիւ]
Իմբերիալիզմը սոցիալիզմին շարքերը կը հնձէ ոչ միայն ռազմաճակատին վրայ, [այլ] այս կամ այն ձեւով ան կը մխրճուի անոր ամենախիտ շարքերուն մէջ, եւ քանի որ ոչ մէկ դիմադրութեան կը հանդիպի, ան դուրս կը պոկէ անոր գործունեայ տարրերը: Ամենատխուրն այն է, որ այս բոլորը կը պատահի սոցիալիստական աշխարհի բացարձակ լռութեան ներքոյ:
«Ֆոլքսրեխթ», թիւ 187, 13 Օգոստոս 1915,
«Թարմ Հողակոյտերուն Առջեւ.
Քսան Թրքահպատակ Ընկերներու Սպանութեան [առթիւ]»
Հազիւ թէ քանի մը ամիս անցաւ մեր Դումայի անդամներու դատապարտութենէն, եւ ահա կրկին մեր երկրագունդին միւս կողմը, Կ.Պոլսոյ մէջ, բոլոր ուղղափառ մահմետականներու խալիֆին կառավարութիւնը մինչեւ երկինք աղաղակող բռնաբարութիւն մը գործած է իր երկրի ընկերվարականներուն դէմ[1]:
Յունիս 15/16-ի լուսաբացին, ինչպէս թրքական կառավարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, ռազմական դատարանի արձակած վճիռին համաձայն 20 Հնչակեաններ կախաղան հանուած են: Այս կուսակցութեան առաջնորդներէն երկուքը[2], որոնք մինչ այդ երկրէն դուրս կը գտնուէին, ի բացակայութեան մահուան դատապարտուած են:
Շատ սեղմ կազմուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ ի զուր կը փնտռենք յստակ ցուցմունք մը այս անձերուն յանցանքին վերաբերեալ: Այնտեղ ընդամէնը կ’ըսուի, որ «Մահապատիժի ենթարկուածները «մահապարտ» դարձած են, որովհետեւ փորձած են ստեղծել անկախ եւ ինքնավար Հայաստան մը: Այս նպատակին հասնելու համար անոնք դիմած են յանցագործութիւններու` օտարերկրացիներու միջամտութեամբ կայսրութեան տարածքէն մաս մը անջատելու միտումով: Անոնք կազմակերպած են գաղտնի եւ բացայայտ խորհրդակցութիւններ արտասահմանեան տարբեր վայրերու մէջ եւ տարածած են ըմբոստութեան կոչեր ու գրութիւններ»:
Լուսանկարին մէջտեղը` Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերզ,
Թուրքիա մեկնող գերմանացի զինուորականներու պատուիրակութեան խումբով, Պերլին, կայարանի շէնքին առջեւ, 1913 թ.
Եւ վերջը կը հետեւի ցուցմունքը քրէական գրքոյկի 54-րդ յօդուածին եւ մահուան դատապարտուածներու ցուցակին[3]:
Ինչպէս կը տեսնենք, Երիտթուրքերը նոյնիսկ անհրաժեշտ չեն տեսներ իրենց նախկին դաշնակից Հնչակեանները, որոնք Ապտիւլ Համիտի հին վարչակարգին դէմ իրենց հետ միասին պայքարած են, անոնց վերագրուած յանցանքի պատճառներու եւ բնոյթի մասին յաւելեալ բացատրութիւններ տալու: Այժմ, [ներկայացուածը] միայն քրէական գրքոյկի 54-րդ յօդուածն ու երբեք չհանգստացող սոցիալիստներն են, որոնք քաղաքացիական խաղաղութեան դաշինք չեն կնքեր, այլ նոյնիսկ կը յանդգնին արտասահմանեան խորհրդակցութիւններ կազմակերպել: Այս բոլորը բաւարար է, որ մարդիկ ոչխարներու հօտի պէս հրապարակաւ սպանդանոց քշուին[4]:
Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերզ Փաշա (1855–1929)`որպէս թրքական բանակի զօրահրամանատար, 1916 թ
Խորքին մէջ, այս տեսակ ասիական վարուելակերպ մը ոչինչով կը տարբերի այն բոլոր կոպիտ բռնաբարութիւններէն, որոնք այժմ կը կիրարկուին պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներու ընկերվարականներուն հանդէպ: Այս հալածանքներու շղթան, որ սկսած է խօսքի եւ գիրի ազատութեան փաստացի ոչնչացումով եւ այն ձգտումով` խեղդելու համար դասակարգային պայքարը հին «հայրենիքի» իմբերիալիստական ճահիճին մէջ, տողանցելով գերմանական բանտերու եւ ցարական Սիպերիոյ մէջէն, մեր աչքերուն առջեւ իր աւարտին հասաւ Կ.Պոլսոյ կախաղանին վրայ[5]:
Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերզ Փաշա`շրջապատուած իր վերապատրաստած թուրք սպաներով, 1914–1918 թթ.
Ոչ թէ անոր համար, որ թրքական կառավարութեան մշակոյթ կամ եւրոպականացում կը պակսի, որուն համար ալ ան իր սոցիալիստները կախեց: Ինքնին հասկնալի է որ` ո՛չ: Եթէ պարերազմ մղող այլ երկիրներու սոցիալիստները ապրէին այնպիսի միջավայրի մը մէջ, Թուրքիոյ նման միջավայր մը, ուր մեր ընկերները կը գտնուին պետական կատարեալ կործանումի ու ընկերային-հասարակական ընկճուածութեան ներքոյ, ով գիտէ, արդեօ՞ք իրենց կառավարութիւնները դասակարգային քաղաքականութեան նուազագոյն յառաջընթացի պարագային իրենց նոյն կախաղաններով պիտի չպատասխանեն[6]:
Օսմանեան տարազով գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականներ` Հանս-Եոախիմ Պուտտեքէ, Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերզ Փաշա եւ Օսվալտ Պէօլէք, Թուրքիա, 1916 թ.։ Պուտտեքէ մին էր գերմանական բանակի տաղանդաւոր օդաչուներէն, որ 1915 թուականի Ապրիլի վերջը Թուրքիա ղրկուած է օսմ. օդային ուժը կազմակերպելու առաքելութեամբ: Պարգեւատրուած է Կայսերական Գերմանիոյ «Pour-le-merite» բարձրագոյն շքանշանով, ինչպէս նաեւ թրքական բանակին մատուցած ծառայութիւններուն համար տարատեսակ պատիւներով: Ոսկիէ շքանշանով պարգեւատրուած է նաեւ Էնվէր Փաշային կողմէ, եւ եղած է անոր մտերիմ խորհրդատուներէն մին: Զմիւռնիոյ եւ Տարտանէլի օդային մարտերու առթիւ անգլիացիներու դէմ իրագործած յաղթանակներուն համար թուրքերը իրեն տուած են «Էլ Շահին»` «Սպիտակ Բազէ» կամ «Որսի Բազէ» պատուանունները: Ինկած է 10 Մարտ 1918-ին, արեւմտեան ճակատի (Ֆրանսա) վրայ մղուած օդային մարտերու ժամանակ:
Արդարեւ, մահուան ենթարկուած ընկերները կը պատկանէին հին հայկական Հնչակեաններու կուսակցութեան, որ դեռ եւս 1885 թուականին հիմնադրուեցաւ: Այս կուսակցութիւնը իր գոյութեան առաջին օրէն որդեգրած էր մարքսիստական ուղղութիւն մը, չնայած իր մարքսիզմին մէջ շատ զօրաւոր կը հնչէին նախկին նարոտնիկներու շարժումին ձայները: Այնուհետեւ, յատկապէս ռուսական յեղափոխութեան սկիզբը, ան յառաջդիմական կերպով սկսաւ նարոտնիկներու նախապաշարումներէն ձերբազատուիլ, եւ այդպիսով յղկուեցաւ իբրեւ մարքսիստական մաքուր հաւաքականութիւն մը: 1905 թուականէն սկսեալ, ան ինքզինք կոչած է սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն, եւ 1908 թուականէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ գրանցուած է այս պաշտօնական անունին տակ:
Օսմանեան օդային ուժերու հրամանատար Հանս-Եոախիմ Պուտտեքէ (սաղաւարտով) կ’ողջունէ զօրահրամանատար Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերզ Փաշան`ռազմական օդանաւերու քննութեան առթիւ, Զմիւռնիա, 1917 թ.: Լուսանկարին մէջ նաեւ` թրքական սպայակոյտի անդամներ:
Մահապատիժի ենթարկուածներուն մէջ կը գտնուի «Կայծ»[7] մարքսիստական տեսութեան պաշտօնաթերթի խմբագրութեան գրեթէ ամբողջ երիտասարդ անձնակազմը: Այս պաշտօնաթերթին շուրջ հիմնականօրէն կը հաւաքուէին Թուրքիոյ մարքսիստներու ջամբարի կարկառուն ներկայացուցիչները: Այս լրատուամիջոցը յայտնի դարձած էր տեսական Մարքսիզմի լուրջ եւ հանրային ուշադրութիւն վայելող քարոզչութեամբ: Կախաղան բարձրացածներուն մէջ յատկապէս աչքի կ’իյնար «Կայծ»-ի խմբագիր Գ. Վանիկեանը` իր հրատարակչական լուսաւորող եւ հռետորական տաղանդով: Դեռ շատ երիտասարդ «22 տարեկան» հասակին աւարտած էր Կ.Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինը եւ կը ծրագրէր ուսումը կատարելագործելու համար մեկնիլ Փարիզ, բայց եւրոպական պատերազմը արգելք դարձաւ` պահելով զինք նախ իր տեղը եւ ապա ոչնչացուց իր երիտասարդ աւիշով ու եռանդով լեցուն կեանքը:
Ձախէն երկրորդը` Վիլհելմ Բ. Կայսրը, իսկ մէջտեղը` Էնվէր Փաշա,
Կալլիփոլիի (Թուրքիա) մէջ, 1917 թ
Տակաւին պատերազմին սկիզբը, երբ Թուրքիոյ մէջ յայտարարուեցաւ առաջին զօրահաւաքը, ան ինծի կը բողոքէր նամակով մը իր տխուր ճակատագրին մասին: Ինչպէ՞ս մտնել բանակի շարքերը, – կը գրէր ան,– Թուրքիոյ նման կործանումի դատապարտուած երկրի մը համար մարտնչելու: Ասկէ աւելի դառն դեռ ի՞նչ կրնար ըլլալ:
Մեզի յստակ չէ, թէ ի՞նչ հայեցակէտ ունէին մեր ընկերները պատերազմին վերաբերեալ: Արդեօ՞ք անոնք այն կարծիքն ունէին, որ անհրաժեշտ է Հայաստանը ազատագրել ժողովրդային ապստամբութեան միջոցով, թէ՞ կը փափաքէին ժողովրդային այս շարժումը օգտագործել ցարական զօրքին կողմէ Հայաստանը գրաւելու հեռանկարով: Դատելով այն կարծիքէն, որ այս ընկերներէն ոմանք Պալքանեան Պատերազմին ժամանակ իրենց յօդուածներուն եւ անձնական խօսակցութիւններուն մէջ յայտնած էին, ճիշդ պիտի ըլլար հետեւցնել, որ անոնք աւելի հակած էին առաջին մտքին: Դեռ եւս այն ժամանակ, երբ իրենք քննադատօրէն կը վերաբերէին իրենց իսկ սեփական կուսակցութեան նախկին ամբողջ մարտավարութեան նկատմամբ, կը ջանային զարգացնել իրենց պայքարը երկու ուղղութիւններով` թրքական ոսկրացած պետական համակարգի եւ Ցարական Կայսրութեան ընչաքաղց ձգտումներուն դէմ, որ կը ջանար պոկել Հայաստանը իր կողմը:
Սակայն ո՞րն էր այս մարդոց դատապարտուելու հիմքն ու դրդապատճառը: Ապրիլ ամիսէն սկսեալ, ամբողջ Հայաստանով մէկ անցաւ ապստամբութիւններու[8] ալիք մը: Նեխած պետութեան մը դէմ հարիւրամեակներ շարունակ ճնշուած պայքարը իր ճամբան բացաւ` գայթակղելով Ցարական Ռուսիոյ տուած խոստումներէն եւ երաշխիքներէն, իբրեւ թէ ռուսական զօրքը Հայաստանի ազատագրութեան ճանապարհին է, եւ միաժանակ ապաւինելով հայ հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ իշխող նմանօրինակ տրամադրութիւններուն վրայ:
Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերզ Փաշա`Մուսթաֆա Քէմալի եւ խումբ մը թուրք սպաներու հետ, 1914–1918 թթ.
Թրքական կառավարութիւնը որոշեց ճնշել այս յեղափոխական շարժումը, եւ ինչպէս նախատեսելի էր, յարձակեցաւ ատելի ընկերվարականներուն վրայ: Ի հարկէ ան չանհնգստացաւ այն փաստէն, որ մահապատիժի ենթարկուած անձերը հակապետական որոշակի քայլերու չէին դիմած: Անոնք պատերազմի յայտարարութեան յաջորդ օրն իսկ ձերբակալուեցան, երբ դեռ երկրին մէջ ամբողջապէս խաղաղութիւն կը տիրէր: Պետութիւնը զանոնք գրեթէ ամբողջ տարի մը բանտը պահելէ ետք` ապստամբութեան օրն իսկ սպաննեց զիրենք որպէս պատանդներ: Երիտթուրքերը կ’ուզէին այսպէս գաւառական իշխանութիւններուն ցոյց տալ զաւեշտալի օրինակ մը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ բնակչութեան այն մասին հետ, որ ամբողջութեամբ իր ուսերուն վրայ կը կրէ ասիական վարչակարգի լուծը եւ նեխած պետութեան մը աւերակները: Անհրաժեշտ էր հրահրել դըժբախտ եւ տգէտ իսլամական խաւերուն մոլեռանդութիւնը, որոնք, առանց ատոր ալ, այս պատերազմին պատճառով այսպէս դաժանօրէն կը հիւծէին եւ կը կործանէին:
Նպատակին հասած էր: Հնչակեանները, որոնք չէին յոգներ Երիտթրքական վարչակազմին դէմ ժողովրդավարական պետականութեան համար պայքարելէ, յանկարծ յայտնուեցան կախաղաններուն վրայ, որմէ ետք ամբողջ երկրին մէջ իրագործուեցան ահաւոր ջարդեր, վայրի բնաջնջումներ եւ համատարած կոտորածներ: Բայց այս սարսափելի ողբերգութեան մէջ` ընկերվարութեան ողբերգական ոչնչացման մէջ, կայ կէտ մը, որուն պէտք է լրջօրէն ուշադրութիւն դարձնել:
Գաղտնիք չէ, որ ներկայիս Թուրքիա կը հանդիսանայ պատերազմող Գերմանիոյ նահանգներէն մէկը: Թէ՛ անոնց կառավարութիւնը եւ թէ՛ զօրքն ու նաւատորմը անմիջականօրէն կ’ենթարկուին գերմանական կեդրոնական շտապին: Ասկէ բացի, զօրահրամանատար Ֆոն Տէր Կոլց Փաշան կը գտնուի Սուլթանի պալատին մէջ ու կրնայ իբրեւ ամբողջ Թուրքիոյ փաստացի միապետը նկատուիլ: Ասկէ ինքնին կը հետեւցուի, որ Սուլթանի վճիռին հաստատումը ու Քսան Ընկերվարականներուն մահապատիժը այս իրողութիւններուն տակ չէին կրնար առանց գերմանական հրամանատարութեան կամքին եւ համաձայնութեան իրագործուիլ: Այսպիսով, գերմանական իշխող օղակները մէկ ձեռքով իբրեւ թէ քաղաքացիական խաղաղութիւն[9] կը կնքեն ընկերվարականներու հետ, իսկ միւս ձեռքով կ’օրհնեն թուրք դահիճները, որոնք կախաղան կը բարձրացնեն անոնք, որոնք գերմանացի ընկերներու մօտ ուսանած են դասակարգային պայքարի տեսութիւնն ու գործադրումը եւ մինչեւ վերջին վայրկեանը սերտ կապի մէջ էին միջազգային Բիւրոյի եւ գերմանական կուսակցութեան հետ:
Այս մասին իսկապէս կ’արժէ մտածել[10]: Երբ մեր Դումայի ընկերները սպաննուեցան, իշխող Ռուսիան ցոյց տուաւ ֆրանսական, պելճիքական, նաեւ գերմանական ընկերվարականներուն հնազանդութիւնը, կեղծաւորաբար զանոնք մեղադրելով սեփական հայրենիքի դէմ դրսեւորած կեղծ անհաւատարմութեան մէջ:
Մենք չենք գիտեր, եթէ թուրք փաշաները եւ իրենց գերմանացի ղեկավարները[11] սպաննուած ընկերներուն [երբեւէ] մատնանշեցին այն [վերոյիշեալ] սոցիալիստները, որոնք խաղաղ գործակիցներն էին իրենց կառավարութեան: Եւ միթէ ցոյց չտուի՞ն անոնք այն ռուս սոցիալ-դեմոկրատները, և ի դէպ այն մասը, որ հանդիսաւորապէս խոստացաւ բանակի թիկունքին ապստամբութիւններ չկազմակերպել: Արդարեւ, սպաննուած ընկերները այստեղ է որ մեղանչեցին: Անոնք երբեք եւ ոչ մէկ պայմանով յեղափոխական գործունէութենէ չհրաժարեցան` ամօթալի համարելով որեւէ խաղաղ համաձայնութիւն կնքել դասակարգային թշնամիներուն հետ[12]:
Ինչքան ալ արտաքին հարուածներէ եւ ներքին անհամաձայնութենէ Ինտերնացիոնալը թուլցած է, միեւնոյն է, ան պէտք չէ լուռ մնայ թուրք-գերմանական կառավարութեան յանցագործութեան առջեւ: Բայց առաջին հերթին սոյնը գերմանական սոցիալ-դեմոկրատիայի պարտականութիւնն է` բողոքել այս իրողութեան դէմ եւ իր իշխող շրջանակները պատասխանատւութեան կանչել: Ան պէտք չէ մոռնայ, որ իր կողմէ շնորհուած վարկերը կը ծառայեն ոչ միայն պատերազմող երկիրներուն մէջ Պրոլետարիատի ոչնչացումին, այլ նաեւ անոնք կը կիրարկուին մեր Ինտերնացիոնալի անդամներուն մահապատժի ենթարկման եւ ֆէսով կամ առանց ֆէսի դահիճներու հաւաքագրման` «Հայրենիքի փրկութեան եւ պաշտպանութեան» եւ «Ճնշուող ժողովուրդներու ազատագրման» նպատակով:
Բոլոր պարագաներուն, անկախ այս կամ այն ընկերվարականներու ըրածէն, պէտք է մենք, այսինքն անոնք, որոնք յեղափոխական սոցիալ-դեմոկրատիայի դրօշին հաւատարիմ մնացած են, մեր ձայները բարձրացնենք բողոքելու համար:
Թող այս եղբայրական կոչը մեր թրքահապատակ ընկերներուն իբրեւ խրախուսանք ծառայէ իրենց դժուարին պայքարին մէջ` հասարակական կեանքի հինցած ձեւերու ճնշող մնացորդներուն դէմ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1- Առաջին այս զոյգ հատուածները ամբողջապէս կը պակսին «Պեռներ Թակվախթ»-ի 7 Օգոստոս 1915 թիւին մէջ տպագրուած Ա. Զուրաբովի յօդուածէն:
2-Խօսքը Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի եւ Վարազդատի մասին է, որոնց երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով մահավճիռը կը տրուի հեռակայ կարգով:
3- Այս նախադասութիւնը նմանապէս կը պակսի «Պեռներ Թակվախթ»-ի յօդուածէն:
4-Այս պարբերութիւնը կը պակսի «Պեռներ Թակվախթ»-ի յօդուածէն:
5- Նոյնը:
6- Նոյնը:
7- Բնագիրը չակերտներու մէջ կը նշէ «Կայծ»-ի գերմաներէն թարգմանութիւնը:
8- Դժուար է գուշակել, թէ հեղինակը ի՞նչ աղբիւրներու վրայ կը հիմնաւորէ իր սոյն` «ամբողջ Հայաստանով մէկ անցաւ ապստամբութիւններու ալիք մը» վարկածը: Արդեօ՞ք այդ ժամանակաշրջանին ինք անձամբ գտնուելով Եւրոպա՝ իր այս մասին ունեցած տեղեկութիւնները միամտաբար քաղած է թրքական սուտակասպակ քարոզչութենէն: Իրողութիւնն այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Երիտթուրքերուն քովն արդէն ամրագրուած գաղափարախօսական վարդապետութիւն մըն էր, ուստի կը մնար զայն միայն իրագործել, եւ առիթն ահա Ա. Համաշխարհային Պատերազմն էր, որու ընթացքին մահագոյժ տեսութիւնն իրագործուեցաւ արեւմտահայութեան հաւաքական մարմնոյն վրայ` տեղահանութեամբ, զանգուածային սպանդով եւ բռնի հայրենազրկութեամբ:
9- Բնագրին մէջ Burgfrieden նշուած է, որ հայերէնի համապատասխան եզրը «քաղաքացիական խաղաղութիւն» հասկացութեամբ կը վերարտադրուի: Խօսքը կուսակցութիւններու միջեւ միմեանց դէմ չպայքարելու համար կայացած համաձայնութեան մասին է:
10- Այս նախադասութիւնը նմանապէս կը պակսի «Պեռներ Թակվախթ»-ի յօդուածէն:
11-Բնագրին մէջ գերմաներէն համապատասխան բառը «Fuhrer»-ն է, որ կարելի է բովանդակային այս կառոյցին մէջ նաեւ «առաջնորդ» հասկնալ:
12-Այս պարբերութիւնը նմանապէս կը պակսի «Պեռներ Թակվախթ»-ի յօդուածէն: