ՎԱՆԿԵՆՀԱՅՄԻ Բ. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՊԵԹՄԱՆ ՀՈԼՎԵԿԻՆ` ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
ԺԲ. ՄԱՍ
Կ. Պոլսոյ Դեսպան [Վանկենհայմը]
Կայսերութեան Վարչապետին [Պեթման Հոլվեկին]
Տեղեկագիր
Թիւ 399
Բերա, 25 Յունիս 1915
Սոյն ամսուայ 18-ի թիւ 376 զեկոյցի առնչութեամբ:
Ծանրագոյն դաւաճանութեան համար դատավարութիւնը, որ իր աւարտին հասաւ սոյն ամսուան 15-ին, խորքին մէջ կը վերագրուի յայտնի Շերիֆ Փաշայի եւ հնչակեաններու ղեկավար Սապահգիւլեանի Փարիզի մէջ կապին` Երիտթուրք իշխանաւորներու, ի մասնաւորի` Թալէաթ Պէյին դէմ ծրագրուած մահափորձերուն հետ, որոնց կը վերաբերին քանի մը շաբաթ առաջ Թանինի մէջ հրապարակուած բացայայտումները:
Այն, թէ ի՞նչ ձեւով իրականացած է հնչակեաններու կամ իրենց ղեկավար Սապահգիւլեանի եւ Շերիֆ Փաշայի միջեւ դաշինքը, հայկական քաջատեղեակ աղբիւրները կը հաղորդեն հետեւեալը.
Սապահգիւլեան, իբրեւ քաջ հռետոր եւ միաժամանակ գրող մը, Սահմանադրութեան վերահաստատումէն առաջ կը ղեկավարէր Փարիզ լոյս տեսնող հնչակեաններու պաշտօնաթերթը եւ կը համարուէր կուսակցութեան գաղափարախօս առաջնորդը:
Յեղաշրջումէն ետք, ան վերադարձաւ այստեղ, սակայն վերապահ գտնուեցաւ հանդէպ Երիտթուրքերու, մինչ ուրիշ մեծ կուսակցութիւն մը` Դաշնակցութիւնը, սերտ կապի մէջ մտաւ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կոմիտէին հետ:
Սոյնի պատճառը այն է, որ Սապահգիւլեան սկիզբէն ի վեր կը պայքարէր Երիտթուրքերուն դէմ, յատկապէս որ ան,– դեռ յեղաշրջումէն առաջ,– հրատարակած էր գրքոյկ մը, որուն մէջ սուր քննադատութեան ենթարկած է Երիտթուրքերը եւ զիրենք ներկայացուցած իբրեւ նոյնքան ազատութեան եւ յառաջդիմութեան թշնամիներ` ինչպէս Ապտիւլ Համիտը:
Երբ Իթիլաֆ[1] (Ազատ Համաձայնութիւն)[2] ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կազմաւորուեցաւ, Հնչակեանները Սապահգիւլեանի ղեկավարութեամբ անոր հետ կնքեցին դաշինք մը, Խորհրդարանին մէջ աթոռներու որոշակի թիւ մը ապահովելու համար: Սակայն դեռ ընտրութիւններէն առաջ, Սապահգիւլեանը Կ.Պոլսէն հեռացաւ եւ հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր վերստին ստանձնեց կուսակցութեան պաշտօնաթերթի ղեկավարութիւնը` պայքարը շարունակելով Երիտթուրքերուն դէմ:
Այսուամենայնիւ, տեղւոյս Հնչակեաններու մեծամասնութիւնը համաձայն չէին Սապահգիւլեանին հետ, բայց նաեւ չկրցան ձերբազատիլ անկէ:
Երկու տարի առաջ ան Կոստանցայի մէջ հրաւիրեց կուսակցական ժողով մը, ուր որոշում կայացաւ պայքարիլ կառավարութեան դէմ բռնի եւ օրինականօրէն չարտօնուած միջոցներով:
Այս ժողովին Թուրքիոյ կուսակցական անդամներէն միայն քիչերը մասնակցեցան: Իսկ երբ Կոստանցայի որոշումները այստեղ յայտնի դարձան, Թուրքիոյ Հնչակեանները բողոքեցին այս ժողովին դէմ եւ խզեցին իրենց բոլոր կապերը Սապահգիւլեանին եւ իր վաղեմի ընկերոջ` Վարազդատին հետ:
Շուրջ տարի մը առաջ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց դուրսէն ժամանած երկու հայեր, որոնք, ինչպէս յիշուեցաւ, վարձուած էին Շերիֆ Փաշայի եւ Սապահգիւլեանի կողմէ` սպաննելու համար Թալէաթը: Միեւնոյն ատեն, կառավարութիւնը գաղտնի գործակալի մը միջոցաւ վերահասու դարձաւ Կոստանցայի ժողովի որոշումներուն եւ ձերբակալեց տեղւոյս Հնչակեան ղեկավարութիւնը, որոնք սակայն ազատ արձակուեցան` ապացուցել կարենալով, թէ իրենք կապ չունին Սապահգիւլեանին եւ անոր հետեւորդին հետ. այդ ժամանակ անոնք յանձն առին նաեւ այս հարցով օժանդակել կառավարութեան: Արդարեւ, անոնք յաջողեցան բացայայտել Սապահգիւլեանի կողմէ առաքուած ոճրագործները` մահափորձը իրագործելէ հրաժարելու, բայց մինչ անոնք [երկրէն] հեռանալու վրայ էին, ինկան ոստիկանութեան ձեռքը: Սոյնը տեղի ունեցաւ պատերազմը սկսելէ վերջ, իսկ հետաքննութիւնները յանգեցուցին նոր ձերբակալութիւններու:
Հիմա Հնչակեաններն ու թրքական իշխանութիւնները զիրար կը մեղադրեն` իրենց խոստումը չյարգելու համար: Առաջինները կը պնդեն, թէ իրենք կասեցուցած են մահափորձին իրագործումը, [նաեւ] պարտաւոր չէին իրենց կուսակցական ընկերները մատնելու, [քանի որ] սոյնը հակառակ է ցանկացած կուսակցութեան սկզբունքներուն, եւ այս պարագային այլ կուսակցութիւններ (որոնք այստեղ Թուրքիոյ մէջ գաղտնի միութիւններու բնոյթ ունին)[3], նոյն ձեւով պիտի վերաբերէին:
Իշխանութիւնները, միւս կողմէն, Հնչակեանները կը մեղադրեն, թէ մարդասպանները յանձնելու փոխարէն` փորձած են փախուստի դիմել տալով զանոնք ձերբակալութենէ ազատել:
Քսան մահապատիժի ենթարկուածներու ամբաստանութեանց վերաբերեալ Հայոց Պատրիարքարանը կը հաղորդէ հետեւեալ տուեալները.
- Փարամազ, այլ անուամբ` Մատթէոս Սարգիսեան,
- [Յ]ակոբ Գազազեան,
- Մինաս Քեշիշեան,
- Սմբատ Գլընճեան,
– Այս չորս անհատները կը հանդիսանան Սապահգիւլեանի կողմէ առաքուած մարդասպանները: Անոնք կրնան դատապարտուած սեպուիլ իրենց սեփական խոստովանութեամբ եւ զիրենք ծանրաբեռնող այլ մեղադրանքներով:
- Վահան Պօյաճեան եւ
- Դր. Պէննէ Թորոսեան,
- Սապահ գիւլեանին հետ թղթակցողներն ու իր վստահելիներն էին: Դր. Պէննէն մասնակցած էր նաեւ Կոստանցայի ժողովին:
- Արմենակ Համբարձում եւ
- Աբրահամ Մուրատեան,
- այստեղ եկած էին Եւրոպայէն, այլապէս անոնց դէմ որոշակի ոչինչ կարելի եղաւ ապացուցել:
- Արամ Աչըգպաշեան,
- Հրանդ Եկաւեան,
- Գարեգին Պօղոսեան,
– ամբաստանուած էին չորրորդի մը պատուէրով` այն հայ գաղտնի գործակալը[4], որ իշխանութիւններուն յայտնած էր դաւադիրներուն ծրագրերը, սպաննելու դիտաւորութեան մէջ: Սա մակերեսային խնդիր մըն էր [կանացի վիճաբանութիւն], որ չունէր քաղաքական ենթաթեքստ: Նշուած անուններուն առաջինը դրականապէս անմեղ է, իսկ միւս երկուքը, որ ընդամէնը վիրաւորած էին զոհը[5], անկէ չճանչցուեցան:
- Պօղոս Պօղոսեան` Պաֆրայէն (ոչ Էկին)[6], մասնակցած է Կոստանցայի ժողովին:
- [Յ]ակոբ Պասմաճեան` Քիլիսէն եւ
- Թովմաս Թովմասեան,
– երկու տարի առաջ կոչ մը ուղղած են իրենց կուսակցական ընկերներուն, որպէսզի զէնք գնեն` «պաշտպանելու համար հայրենիքն ու անոր պատիւը»:
- Երեմիա Մաթոսեան[7], 9–11 [թիւերուն] տակ նշուած անհատներուն ատրճանակ ծախած է:
- Մկրտիչ Ապրեցեան[8]`Հարբութէն [Խարբերդ],
- Իր անունը, իբրեւ վստահելի անձ, գտնուած է Փարամազի (վերը 1)[9] հասցէատետրին մէջ: Ան բարեկեցիկ էր, ուստի` օժանդակած է բոլոր միութիւններուն, ընդ որում` նաեւ Հնչակեաններուն. Հարբութի [Խարբերդ] կուսակալը ի զուր ջանք թափեց զինք ազատելու համար:
- Գեղամ Վանիկեան,
– Տր. Պէննէի ուղղուած Փարամազի (վերը 1)[10] մէկ գրութեան մէջ կը յիշուի, թէ ան Հնչակեաններու Փարիզի պաշտօնաթերթի [խմբագրութեան] համար նախատեսուած է:
- Երուանդ Թօփուզեան,
– 18 տարեկան երիտասարդ մը, որուն մեղքը կը կայանար անոր մէջ, որ նամակով մը ան Սապահգիւլեանին իր համաձայնութիւնը յայտնած է Կոստանցայի ժողովին առնուած որոշումներուն մասին:
- [Յ]ովհաննէս Եղիազարեան` Կեսարիայէն,
– պէտք էր ազատ արձակուէր, որովհետեւ հետաքննութիւնը զինք ծանրաբեռնող ոչինչ գտած էր: Սակայն Կեսարիոյ կառավարիչէն յղուած գրութիւն մը զինք կը մեղադրէր զէնք, ռումբեր եւ խռովարար կոչեր այդտեղի հայ բնակչութեան մէջ տարածելու համար: Զինք շփոթած էին ուրիշ անձի մը հետ, սակայն ամբաստանեալը նախընտրեց բուն մեղաւորին փոխարէն մահապատիժը իր անձին վրայ վերցնել:
- Գառնիկ Պօյաճեան,
– Երուանդ Թօփուզեանին (վերը 18)[11] ուղղուած նամակի մը պատճառով, որուն մէջ ան դիտաւորութիւն կը յայտնէր սպաննել մէկը, որ իր դէմ անարդարութիւն ըրած էր. դատարանի կարծիքով` նախատեսուածը Թալէաթ Պէյն էր:
Ըստ պատրիարքի համոզումին, մահապատիժի ենթարկուածներէն քիչերը միայն ամբաստանութեան առումով մեղաւոր կամ իրենց ենթադրեալ գործողութիւններով դատապարտելի էին, մինչդեռ մահապատիժը չափազանց ծանր տոյժ մըն էր, որ տրուած էր թեթեւ օրինազանցութիւններու համար: Սակայն դատարանը ծանրագոյն պատիժ տնօրինեց` հետեւելով վերէն եկած հրահանգներուն:
Այս համոզումը կ’իշխէ նաեւ հայ բնակչութեան քով, որ այս զանգուածային մահապատիժին մէջ կը տեսնէ կառավարութեան ահաբեկչական մէկ միջոցառումը ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին դէմ, նաեւ` Երիտթուրքերու վրէժխնդիր գործողութիւնը իրենց նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք ունեցող Հնչակեաններուն դէմ:
Վանկենհայմ»[12] :
Գերման դիւանագէտին ներկայացուցած սոյն զեկոյցին մէջ շատ մը արժանահաւատ տեղեկութիւններէ բացի, թէկուզ անուղղակի, կարեւորագոյն վկայութիւն մը կը տրուի Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետին, թէ Կ.Պոլսոյ ռազմական դատարանին տուած մահավճիռի ծանրագոյն որոշումը հնչակեան մարտիրոսներուն դէմ` ամենեւին կանխակալ էր, քանի որ «Դատարանը ծանրագոյն պատիժ տնօրինեց` հետեւելով վերէն եկած հրահանգներուն»: Թալէաթ ուզեց իր կործանարար քինախնդրութեան յագուրդ տալ` մահացու հարուած հասցնելով Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարախօս առաջնորդներուն:
Սակայն Պայազիտի կախաղաններու բարձունքին խեղդամահ չդարձաւ ազատութեան անձկայրեաց երազն անոնց: Ցեղասպանուեցաւ ազգ մը ամբողջ իր ազատատենչ ձգտումներու եւ մարդկային արդար իրաւունքներու ձեռքբերման վաղորդայնին: Բայց կարելի չէ գերեզմանել երազը, ճառագայթը թաղել մութին մէջ, երբ միտքի, կամքի եւ ուժի հետեւորդներն անոնց` իրենց էութեան եւ ազգային հաւաքական գիտակցութեան մէջ կ’ապրեցնեն նախորդներուն սրբազան աւանդը: Ահա՛ անոր իրականացումը այսօր կը կազմէ հայութեան ճշմարիտ փառքը:
Թող առկան ըլլայ համեստ պսակ մը Քսաններու անաղարտ ճակատներուն:
ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ
“Τὸ εὔδαιμον τὸ ἐλεύθερον, τὸ δ’ ἐλεύθερον τὸ εὔψυχον”
(Περικλής)
«Երջանկութեան գաղտնիքը ազատութիւնն է,
իսկ ազատութեան գաղտնիքը հերոսութիւնն է»:
(Փերիքլես)
Ապրիլ 24-ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւններուն եւ աքսորին դէպի Այաշ ու Չանղըրը` յաջորդեց Յունիս 15-ի Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն մարտիրոսացումը, իբրեւ գերագոյն կանխանշան եւ ահազանգ աշխարհի խուլ ականջներուն` հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած ցեղասպանութեան:
Հնչակեան Քսան Մարտիրոսները կախաղան բարձրացան այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ ամբողջ ազգի մը հոգեւոր, մտաւորական եւ քաղաքական սերուցքը կ’անճիտուէր ու հայութիւնը կը տառապէր Ապրիլ 24-ի սրտամորմոք օրերէն: Ոչ ոք կրնար այդ ժամանակ սուգի կամ բողոքի ձայն բարձրացնել, գէթ ողբալ սեփական մեռելներուն վրայ, քանի ազգը ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքով մահու աքսորի ճամբաներուն տարագրուած` կը բնաջնջուէր Միջագետքի մահատարած վայրերուն եւ Տէր Զօրի անջրդի աւազուտներուն մէջ:
Հայ ժողովուրդի տարեկան տօնացոյցին մէջ Յունիս 15-ը իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ: Ան յատկացուած է յարգելու մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ ամրագրուած եւ սրտի խորանին վրայ ճենճերող յիշատակը Քսաններու յարուցեալ կերպարին ընդմէջէն հայ ազգի ազատագրութեան, պայքարի եւ յեղափոխութեան դրօշին տակ ինկած բոլոր հերոսներուն:
Ազգ մը իր հերոսներով կ’ապրի: Անոնց նուիրումի եւ գերազանց զոհաբերութեան ոգին, վարակիչ օրինակը եւ թէկուզ իրենց մահուան ընդմէջէն սերունդներուն աւանդած զօրեղ պատգամը կենսատու աւիշ կը ներարկէ մեր երակներուն մէջ` յարատեւելու հայութեան գերագոյն նպատակներու իրականացման համար: Ուստի, հեթանոս երգը ոգեղինող բանաստեղծին` Դանիէլ Վարուժանի հետ ես ալ Քսաններուն վառ յիշատակին առջեւ ծունկի գալով` պիտի ըսեմ.
«Կ’ուզեմ համբուրել այն բոլոր տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց»:
1-Ազատութիւն եւ համաձայնութիւն (թրք.` Hürriyet ve İtilâf Fırkası), Իթիլաֆ, թրքական քաղաքական կուսակցութիւն (Իթիլաֆականներ):
2- Չակերտը Վանկենհայմինն է:
3- Չակերտը Վանկենհայմինն է:
4- Խօսքը Եասեանի մասին է:
5-Նոյնը:
6- Փակագիծը Վանկենհայմինն է:
7- Այլուր` Մանադեան կամ Մանանեան, իսկ այստեղ` Մաթոսեան:
8-Այլուր` Երէցեան:
9- Փակագիծը Վանկենհայմինն է:
10-Նոյնը:
11-Նոյնը:
12-Հմմտ. http://www.armenocide.net/armenocide/armgende.nsf/$$AllDocs/1915-06-25-DE-001
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1-Ազատութիւն եւ համաձայնութիւն (թրք.` Hurriyet ve İtilaf Fırkası), Իթիլաֆ, թրքական քաղաքական կուսակցութիւն (Իթիլաֆականներ):
2- Չակերտը Վանկենհայմինն է:
3- Չակերտը Վանկենհայմինն է:
4- Խօսքը Եասեանի մասին է:
5-Նոյնը:
6- Փակագիծը Վանկենհայմինն է:
7- Այլուր` Մանադեան կամ Մանանեան, իսկ այստեղ` Մաթոսեան:
8-Այլուր` Երէցեան:
9- Փակագիծը Վանկենհայմինն է:
10-Նոյնը:
11-Նոյնը:
12-Հմմտ. http://www.armenocide.net/armenocide/armgende.nsf/$$AllDocs/1915-06-25-DE-001