Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Նորտ Սթրիմ»-ի ճամբով վառելանիւթի մղումի խնդիրները յառաջացան մեր երկրին եւ շարք մը ընկերութիւններու վրայ արեւմտեան երկիրներուն, ներառեալ Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով: Մղումին մէջ խնդիրներ յառաջացնող որեւէ այլ պատճառ գոյութիւն չունի»:
«Պատժամիջոցները կացութիւնը հասցուցին այնպիսի աստիճանի մը, որ կարելի չէ սարքերը նորոգել ու փոխադրել: Անշուշտ, նոյն պատժամիջոցներն են, որ վերանորոգումն ու սարքերու փոխադրումը կ՛արգիլեն», ըսաւ ան:
«Նորտ Սթրիմ-1» խողովակաշարի աշխատանքի դադրեցման պատասխանատուն եւրոպացի քաղաքագէտներն են», յայտնեց Փեսքով` նշելով. «Գործեցին շատ սխալներ, որոնց գինը պիտի ստիպուին վճարել, եւ ահա անոնք այժմ կը վճարեն իրենց հանգստութենէն ու բարեկեցութենէն դուրս գալով»: