Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Փորթուգալի ազգային խումբի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ անակնկալ մամլոյ ասուլիս մը կնքեց Քաթարի մէջ, անդրադառնալով անգլիական ակումբին ղեկավարութեան հետ ծագած վէճին:
Ռոնալտօ ըսաւ, թէ գիտէ երբ պիտի խօսի(պատասխանէ) իր հասցէին վերագրուող ամբաստանութիւններուն: 37-ամեայ աստղը կրկնեց, որ «Կարմիր Սատանաներ»ու ղեկավարութիւնը դաւաճանութիւն գործած էր իր անձին դէմ, աւելցնելով, թէ ոչ մէկ յարգանք ունէր մարզիչ Էրիք Սէն Հաակի նկատմամբ:
Ռոնալտօ նշեց, թէ վէճը ազդեցութիւն պիտի չունենայ Փորթուգալի հաւաքականին հետ իր ելոյթներուն վրայ: