Թամար Սնապեան-Սուրճեան
2020 տարին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ողջ հայութեան յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ տխուր եւ չարաբաստիկ տարի մը, ծանր հետեւանքներով յատկանշուող։
2020-ի գարնան, Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ “Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները” հատորը, խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի, հրատարակութեան համար պատրաստուած Պէյրութի մէջ, այնտեղ գործող Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրատարակչական գրասենեակին կողմէ։ Հատորը, 5 օրինակով Պէյրութ հասաւ միայն 2020-ի աշնան, համաճարակի պարտադրած պայմաններուն բերումով։
Տակաւին գիրքը շօշափելիօրէն չվայելած՝ ծայր առաւ Արցախեան պատերազմը, եւ բոլորիս հայեացքը, ամէնօրեայ, չըսելու համար ամէնժամեայ դրութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի Արցախ եւ Հայաստան։ Աւարտը ծանօթ է բոլորիս։ Բայց եւ այնպէս, այս պատկառելի հատորը իր արժանի տեղը պիտի գրաւէ ո՛չ միայն Հ.Յ.Դ. պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն, այլեւ մասնագէտ պատմաբաններու, կամ ընդհանրապէս ընթերցասէր հասարակութեան համար։
“Վէմ” համահայկական հանդէսի նորաստեղծ մատենաշարի առաջին թիւն է այս հատորը, որ շարունակութիւնն է 1993 թուականին հրատարակուած եւ Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած Քր. Միքայէլեանի “Նամականի”ին։
Արժէ նշել, որ հատորին յառաջաբանը գրած է “Վէմ” համահայկական հանդէսի խմբագիր, պատմագիտութեան դոկտոր Գէորգ Խուդինեան, հրատարակութիւնը իրականացած է ազնիւ մեկենասութեամբ Տիկին Ալիս Պօղոսեանի, իսկ տպագրութիւնը կատարուած է “Լուսակն” հրատարակչութեան մօտ, Երեւան, 1000 տպաքանակով։
Կը մնայ առողջութիւն, ոյժ եւ կորով մաղթել մեր բոլորիս սիրելի Պարոն Երուանդ Փամպուքեանին, որուն հետ պատիւը ունիմ աշխատելու արդէն 14 տարիներէ ի վեր։
Այս օրերուն աւարտած եւ հրատարակութեան պատրաստուած է նաեւ նոյնպէս երկար տարիներու տքնաջան աշխատանք՝ Նիկոլ Դումանի անտիպ նամակները, որ պիտի կազմէ “Վէմ” մատենաշարի երկրորդ հատորը։
Եւ շարքը երկար է…
Թող այս հատորը բալասան ըլլայ մեր վիրաւոր հայրենիքներուն եւ սփոփիչ դեր կատարէ մեր բազմաչարչար հոգիներուն…