Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՔՐՏԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

April 7, 2014
in Յօդուածներ
0

Շաբաթ մը առաջ Թուրքիոյ մէջ  տեղի ունեցան տեղական ընտրութիւններ, որոնք աւելի  ճիշդ պիտի   ըլլար ներկայացնել  իբրեւ վստահութեան քուէ՝ վարչապետ  Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի  կառավարութեան:  Բոլորին ծանօթ է  Էրտողանի կացութիւնը:  17  Դեկտեմբերին  անոր  կառավարութեան դէմ  բացայայտուեցաւ   փտածութեան ծանրակշիռ  գայթակղութիւն  մը: Մերկ  ճշմարտութիւնը  այն է, թէ  Էրտողանի կառավարութեան  հասցէին յղուող ամբաստանութիւններունմիայն  կէսը,  բաւարար  պիտի  ըլլար տապալելու  որեւէ մէկ այլ  երկրի  կառավարութիւն:  Թուրքիոյ պարագային, բարձրացող աղմուկը  խլեց  քուէներու միայն  հինգ  առ հարիւրը: Փտածութիւնը անակնկալ մը  չէ թուրք  քուէարկողին համար, այլ՝  ամէնօրեայ  կեանքին մէկ մասնիկը..:

Էրտողանի գլխաւորած  Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը ընդամէնը  հինգ առ  հարիւր նուազ  քուէ  ստացաւ, քան  նախորդ՝ 2011-ի  ընտրութիւնները:  Շատերու  կարծիքով,  քուէներու հինգ առ  հարիւրի  կորուստը  հետեւանք էր  փտածութեան ամբաստանութիւններուն եւ  Ֆեթհուլա Կիւլենի   շարժումին դէմ   պայքարին:  Քաղաքական մեկնաբաններու  համար բաւական  տարօրինակ կը թուի՝ «Թուիթըր»ի, «ԵուԹիւպ»ի եւ  համացանցի  դէմ յարուցած   արգելքներով  հանդերձ,  միայն հինգ  առ  հարիւր  նուազ քուէ ստանալու երեւոյթը:

Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան   արձանագրած յաջողութեան պատճառները անհրաժեշտ  է  փնտռել անոր   ընկերային եւ տնտեսական  կառոյցին  մէջ:  Կուսակցութիւնը  կը   ներկայացնէ Թուրքիոյ  միջին եւ նուազ  կրթութիւն ստացող դասակարգը: Թուրք  ընկերութեան ամենապահպանողական խաւը: Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան  հետեւորդները այնքան ալ  չեն մտահոգուած  փտածութեան ամբաստանութիւններով, ոչ ալ՝ Եւրոպական  Միութեան  միանալու  բանակցութիւններով: Էրտողանի  համակիրները  համոզուած են, որ կուսակցութիւնը բարելաւած է իրենց   տնտեսական  իրավիճակը  եւ   զիրենք    վերածած է   ընկերութեան կարեւոր  մէկ մասնիկը:

Ընտրութիւնները   ապացուցեցին, թէ  Կիւլենականները սահմանափակ  ազդեցութիւն կրնան ունենալ  Թուրքիոյ քաղաքական   բեմին վրայ:  Էրտողան  բաւական   մեծ  ճարտարութեամբ  յաջողեցաւ թուրք  քուէարկողը համոզել, թէ Կիւլենի ետին պահուած էին պետականութեան  քայքայումը  ծրագրաւորող արտաքին ուժեր:  Վարչապետը նոյնքան  ճկունութեամբ  իր   օգտին  յաջողեցաւ   շրջել բարձրաստիճան ապահովական  խորհուրդի   նիստէն քաղուած գաղտնալսումներու գայթակղութիւնը: Անոր հետեւորդները համոզուեցան, թէ  ճշմարտացի  էր վարչապետը,  երբ  կը զգուշացնէր  « Զուգահեռ պետութեան» իրողութիւնը…:  Էրտողան  նաեւ յաջողեցաւ  սրել   թուրք  քուէարկողներուն  միջեւ  առկայ  բեւեռացումը,  հրապարակ  նետելով՝  «մենք կամ իրենք» կարգախօսը:

Էրտողանի յաջողութեան միաժամանակ նպաստեց  ընտրական  օրինագիծին մէջ  կարգ մը յատկանշական  փոփոխութիւններ, որոնց  շնորհիւ առաւել կ’ընդլայնէր   մեծ  քաղաքապետութիւններու  աշխարհագրական սահմանները:  Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում  Կուսակցութիւնը  յաջողեցաւ  յաղթանակ արձանագրել Իսթանպուլի եւ Անգարայի մէջ:

Գլխաւոր  ընդդիմադիր՝  Ժողովրդա-Հանրապետական  Կուսակցութիւնը ընդամէնը  երկու  տոկոս աւելի քուէ ապահովեց,  համեմատելով 2011-ի  ընտրութիւններուն՝  27.8 առ հարիւր: Սակայն այն պահուն երբ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը խրած էր  փտածութեան ամբաստանութիւններու տակ, կ’ակնկալուէր, որ  Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութիւնը առնուազն   հատէր  30   առ հարիւրի  սահմանը: Յատկանշական  է, որ  Քամալ  Քիլիճտարօղլուի  գլխաւորած կուսակցութիւնը  ներկայացուցչութիւն  չունի  երկրին առնուազն  մէկ  երրորդ տարածութեան, յատկապէս  հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ:

Ազգային Շարժում  Կուսակցութիւնը յաջողեցաւ  15.5 առ  հարիւրի    բարձրացնել իր  քուէարկողներուն   թիւը: Անոր   ընտրական կարգախօսներուն   հիմնական  թիրախը  քրտական  հարցն էր:  Ազգային  Շարժումը կտրականապէս  կը մերժէ   Էրտողանի  եւ քրտական  տարբեր  կուսակցութիւններու միջեւ մերձեցումը:

Քրտական  թեքումով՝  Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութիւնը եւ Ժողովրդային   Ժողովրդավար  Կուսակցութիւնը  միասնաբար ապահովեցին քուէներու  եօթ առ  հարիւրը:  Զոյգ կուսակցութիւնները լայն    ժողովրդականութիւն  կը  վայելեն   Անաթոլիայի հարաւարեւելեան  շրջաններուն մէջ:   Քիւրտերը  մտադրած են   ինքնավարութիւն  յայտարարել տասնմէկ   քաղաքներու մէջ եւ  աւելի   կարծր  դիրքերէ կը ներկայանան   ընթացող թուրք-քրտական բանակցութիւններուն:

Ընդհանուր  գիծերու մէջ   դիտելով,   տեղական ընտրութիւնները յատկանշական որեւէ  փոփոխութիւն  չարձանագրեցին  Թուրքիոյ  քաղաքական կենսոլորտին մէջ: Անոնց  արդիւնքներուն լոյսին տակ,   Էրտողան  պիտի    շարունակէ    միապետական իր իշխանութիւնը: Յաղթանակի  ելոյթին մէջ,  Էրտողան սպառնաց   ծանր հաշուետուութեան  ենթարկել   իր  հակառակորդները: Ան ոչ մէկ  նախաձեռնութիւն  առաջարկեց  իր դէմ  լարուածութիւնը  մեղմացնելու  ուղղութեամբ:  Հիմնական եւ  գլխաւոր կէտը, որուն մասին անդրադարձաւ՝ Իսրայէլի հետ   յարաբերութիւնները  բարելաւելու խոստումն  էր:

Աշխարհաքաղաքական այս նոր  քարտէսին առջեւ,  վարչապետ Էրտողանին  կը մնայ   վճռել  նախագահութեան   թեկնածութեան եւ վարչապետի պաշտօնին վրայ  չորրորդ անգամ մնալու  ընտրանքներուն միջեւ:

Սակայն այնքան ալ   հեզասահ   չընթանար Թուրքիոյ  քաղաքական առօրեան: Բոլորին ծանօթ են յառաջիկայ Օգոստոսին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն նախօրէին  Էրտողանի յաւակնութիւնները: Ան  կը  փափաքի  փոխարինել իր բարեկամին, նախագահ Ապտուլլա Կիւլին: Նախկին  ընտրական   օրինագիծը  ի զօրու  ըլլալու  պարագային,   Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան անդամներով  մեծամասնութիւն  ներկայացնող   խորհրդարանը,  Էրտողանը  շատ դիւրաւ  պիտի  ընտրէր նախագահի պաշտօնին:  Սակայն ընտրական  օրինագիծը  ենթարկուած է  փոփոխութեան:  Նախագահը յետ այսու պիտի  ընտրուի  ժողովրդային  քուէարկութեամբ:  Էրտողանի համար  բաւական  լուրջ հարց պիտի  ըլլայ ապահովել քուէներու  51 առ հարիւրը:  Այստեղ  ինքնաբերաբար  կը   ծագի   քաղաքական  դաշնակիցներ որոնելու  անհրաժեշտութիւնը:

Էրտողանի  կուսակցութեան ամենահաւանական  դաշնակիցը  պիտի ըլլայ  քրտական  թեքումով  Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութիւնը: Քաղաքական  շրջանակներուն  մօտ   գաղտնիք  մը  չէ այս  կարելիութիւնը: Զուտ բարի կամեցողութեան  հիմքերու  վրայ  չընթանար այս    գործակցութիւնը:  Տեղական  ընտրութիւններուն ընթացքին,  Խաղաղութիւն եւ  Ժողովորդավարութիւն Կուսակցութեան պետ  Սելահէտտին Տեմիրթաշ   քանիցս  յայտարարեց, թէ  քիւրտերը   ինքնավարութեան կը ձգտին հարաւարեւելեան Անաթոլիայի մէջ:  Իրաքի եւ Իրանի սահմանակից բոլոր քաղաքներուն  ընտրութիւնները աւարտեցան քիւրտերուն  յաղթանակով: Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը  իր  Յունուարի  նիստին  ընթացքին  լուսարձակի տակ առաւ  երկրին ամբողջականութեան հարուածող  մտահոգիչ այս զարգացումը: Միւս կողմէ,  Նեվրուզի  տօնին առիթով  շնորհաւորական իր   ճառին մէջ, Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան պետ Ապտուլլա Օճալան  բացայայտ   զօրակցութիւն   յայտնեց  Էրտողանի  գլխաւորած կառավարութեան: Մինչեւ ու՞ր եւ  եր՞բ պիտի  շարունակուի Էրտողանի  կուսակցութեան եւ  քիւրտերու  միջեւ   մերձեցումը:

Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքը  հարուստ պիտի  ըլլայ  հետաքրքրական զարգացումներով:  Էրտողան  ինչպէ՞ս պիտի  համոզէ  իր կուսակիցները՝ ինքնավարութիւն շնորհելու  քիւրտերուն  կամ  ծուղակներ  լարէ   քիւրտերուն դէմ՝  խանգարելու  ինքնավարութեան անոնց   ձգտումները: 

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Previous Post

«Ինչո՞ւ Հայերէն Սորվիլ» Նիւթով Դասախօսութիւն՝ Ապրիլ 11ին

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ, 8 ԱՊՐԻԼ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.