Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց օգոստոս ամսուան իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2021-ի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին սպառողական ապրանքներու սակերը 10,25 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2021-ի յուլիս ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 7,17 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 9,67 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 12,21 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 11,78 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 9,85 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 12,84 առ հարիւր:
Տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ սպառողական ապրանքներու սակերուն օգոստոս ամսուան ցուցանիշը 137.75 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2020-ի օգոստոս ամսուան: