ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ընդհանրապէս քաղաքական դէմքերը իրենց նկարագիրով եւ կենցաղով իրենց ասպարէզին առաջին օրէն իսկ կը սկսին տպաւորութիւններ ստեղծել:
Երկրի մը քաղաքական ղեկավարէն մինչեւ դպրոցի տնօրէնը, երբ հանրութեան դիմաց պատասխանատուութիւն վերցուցած է, ուրեմն իր նիստուկացով, պահուածքով եւ մանաւանդ հրապարակային ելոյթներով նոյն սկզբունքը եւ բարոյական գիծը պէտք է պահէ:
Ինչո՛ւ այս մէկը կ՛ըսեմ:
Վերջին տարիներուն շատ յաճախ ականատես կ՛ըլլանք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ելոյթներուն: Կը գտնուի՞ մէկը, որ կենցաղային, պահուածքին, վերաբերմունքին եւ մանաւանդ սկզբունքներուն մասին ըսելիք չունի: Անպայման իւրաքանչիւրս ականատես եղած ենք հաճելի, բայց ոչ օգտակար ելոյթներու:
Քաղաքական անձնաւորութիւնները` բոլոր մակարդակներու վրայ, մանաւանդ Լիբանանի մէջ, հաճելի երեւելու ճիգի մէջ են: Միշտ չէ, որ հաճելին օգտակար է: Շատ անգամ հաճելի երեւելու ճիգը վնաս կը հասցնէ թէ՛ անձին, եւ թէ իր պատկանած կամ ներկայացուցած համայնքին:
Օրինակներ շատ են, կրնամ թուել, բայց հոս տեղը չէ:
Վերջապէս, հայաստանեան առումով ալ, այսօրուան Հայաստանի քաղաքական դաշտը խճողուած է մամլոյ ակումբներով, զրոյցներով, ընկերային ցանցերու վրայ արտայայտուած խօսքերով:
Մեծամասնութիւնը իրենց ելոյթներուն ընթացքին օգտակար միտքեր փոխանցելու փոխարէն, այս կամ այն քաղաքական հոսանքին հաճելի կարգախօսներ կ՛արտայայտեն:
Քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչը անպայման որ պէտք է ունենայ իր ինքնուրոյն նկարագիրը: Այդ նկարագիրը, սակայն, պէտք է ակնյայտ ըլլայ ելոյթներուն ընդմէջէն եւ մեկնի մանաւանդ շարունակական նոյն դիմագիծը պահելու սկզբունքէն:
Մենք ընդհանրապէս ականատես ենք յարափոփոխ ելոյթներու, եւ ժողովուրդը հետեւելու, հասկնալու, տրամաբանելու ու հանդուրժելու դժուարութիւն ունի:
Օգտակարը եւ հաճելին միշտ ալ զիրար չեն ամբողջացներ: Երբեմն հաճելի թուող ելոյթ մը շատ ալ օգտակար չէ, շատ անգամ ալ` հակառակը: