Ամերիկեան Ֆիլմարուեստի Ակադեմիան յայտարարեց 86 –րդ Օսքար մրցանակներու յաւակնորդներուն ցանկը:
«Ամերիքըն Հասըլ» եւ «Կրեվիթի» կը ներկայանան տասը մրցանակներու յաւակնորդ, ներառեալ լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակին: Շատերու կարծիքով, « 12 Եյիրզ է Սլէյվ» նոյնպէս կը մնայ լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակին լուրջ յաւակնորդ մը եւ ինը տարբեր Օսքարներու յաւակնորդ:
Լաւագոյն ժապաւէնի Օսքար մրցանակին յաւակնորդները՝ «Ամերիքըն Հասըլ», « Գեփթըն Ֆիլիփս», « Տալաս Պայըրզ Գլապ», «Կրեվիթի», «Հըր», «Նեպրասքա», «Ֆիլոմենա», «12 Եյիրզ Է Սլէվ», « Տը Վուլֆ Օֆ Ուոլ Սթրիթ»:
Լաւագոյն դերասանի Օսքար մրցանակին յաւակնորդներ դարձան՝Քրիսթիան Պէյլ, Պրուս Տըրն, Լէոնարտիօ Տի Գափրիօ, Չիուեթէլ Էժիֆոր ե Մեթիու Մաքոնահի:
Լաւագոյն դերասանուհի Օսքարին յաւակնորդներ՝ Էմի Ատամզ, Քէյթ Պլանչէթ, Սանտրա Պուլոք, Ճուտի Տենչ եւ Մերիլ Սթրիփ:
Օսքարներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 Մարտին: Հանդիսութիւնը երկրորդ անգմ ըլլալով պիտի վարէ դերասանուհի Էլեն Տը Ճեներիսը: