«Օտար գործակալներ կը հարուածեն մեզ, սակայն ինչ որ ալ ընեն, պիտի յաղթահարենք տնտեսական անկախութեան մեր պայքարը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` յայտնապէս «օտար գործակալներու» վերագրելով թրքական լիրային արժեզրկումը, որ վերջին օրերուն ահաւոր անկում կրեց, հասնելով մինչեւ 11,46 -ի սահմանը, ինչպէս հաստատեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լիրայի արժեզրկումը առաւել եւս սաստկացուց ընդդիմադիրներուն շարժումը, որոնք Պոլսոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին պահանջելով շուտափոյթ լուծում գտնել այս տագնապին: Ցուցարարներէն ոմանք պահանջեցին Էրտողանի հրաժարականը: Վաճառականներ իբրեւ բողոք փակեցին իրենց վաճառատուները: Թրքական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազերով դիմակալեց ցուցարարները: