_ 2 _
_Երէկ կանուխ քնանալուս պատճարով այս առաւօտ դեռ արեւը չի ծագած արթնցայ. ամբողջ թաղը լռութեան մէջ թաղուած է. հեռուէն կը լսեմ զարթուցիչ աքլորականչը. մէկ ոստումով կը բարձրանամ եւ շիտակ խոհանոց. երկու գաւաթ ջուր կը խմեմ ստամոքսս մաքրելու, ապայ երկու գաւաթ սրճեբին մէջ ջուր լեցնելով լեղի սուրճ կը պատրաստեմ. մեր ապրած լեղի օրերուն պէս. Երկու գաւաթ սուրճը երկու ծխախոտով հաւասարակշռուած կը հոսին մին՝ թոքերուս իսկ միւսը մաքուր ստամոքսիս. անմիջապէս կը լուամ սրճեբը եւ իր հարակիցները. փոքր կաթսայով ջուր տակցնելս եւ փոքր տաշտին մէջ աղ ու պաղ ջուրը դոյլով կը բերեմ եւ ցաւող ոտքերս մէջը կ՛ընկղմեցնեմ. փոքր տաշտս ծովակ կ՛երեւի աչքիս իր աղի ամառնային քաղջ ջուրով. ու կը սկսիմ շփել էպէ մայրիկին պէս. կը յիշեմ թէ ինչպէս ժամանակին էպէ մայրիկը օճառով եւ քաղջ ջուրով երբ փոքր էի շփեց՝ քանի ընկերներուս հետ խաղի մը պահին վնասած էի ձախ ոտքս. մայրս փոխանակ բժիշկի տանելու էպէ մայրիկին տարած էր զիս բուժելու. էպէ մայրիկին բժշկութիւնը կապկելով կը հանգստանամ:
_Պատրաստ եմ մաքրութեան մարաթոնին. քանի օրը շաբաթ է իսկ վաղն ալ «Ծաղկազարդ» պէտք էր ամբողջ տունը մաքրէի.վերէն վար իր բոլոր մանրամասնութիւններով. իսկ աւելի ուժեղ դառնալու համար խնձոր մը կը նախաճաշեմ եւ վիթամին սինս կը կեղուեմ ու լեմոնը շաքարին թաթխելով կը կլլեմ իմ բնական դեղս:
_Դոյլով տեթոլով ջուրը պատրաստ է ամբողջ տունը դռներով, պատուհաններով գետինով պատերով առաստաղով ամբողջութեամ երեք թոյլ ջուր անշուշտ տեթոլով տունս արեւի պէս կը շողայ: Միայն գրադարանիս երկրորդ եւ երրորդ դարակները կը մաքրեմ. քանի առաջին, չորորդ եւ հինգերորդ դարակները գիրքերով խճողուած էին.օր մը յատուկէն լման օր մը կը յատկացնեմ գրադարանիս: Ոչ պաշտօնական լոգանք մը կ’առնեմ նոր շորերս կը հագնիմ. հանգստացած եմ կարծես մեծ մաքրութիւնը կատարողը ես չէի. լոգանքը իր դրական գործը տեսած էր:
_Գրադարանես կ՛առնեմ Դուրեան, Մեծարենց, Թակոր, եւ Հաֆիզի գիրքերը մինչեւ կեսօր կը կարդամ մի քանի էջ ամէն մէկ գիրքէն. ամենաշատ ժամանակս տրամադրեցի իմ ամենասիրած բանաստեղծին. Դուրեանին իր Լճակով սկսայ ու հասայ մինչեւ էհ մնաք բարով Աստուած եւ արեւ Տրտունջքը. լիցքաւորուած գիրքերս կը տեղաւորեմ իրենց ճիշդ տեղերը ու կը պատրաստուիմ կէսօրուայ ճաշին. այսօր պատանեկութիւնս յիշելով պանիրով վարունգ բաթթեցի ու կերայ. ուրախ էի եւ ինձմէ երջանիկը չկար. աշխարհի ամենահամով պանիրով վարունգը զիս հեռուները տարաւ երբ անօթենայի մայրս պանիր վարունգով կամքս կը տեսներ:
_Կը կարծեմ այսօր վար պիտի չիջնեմ եւ հարիւրէ հարիւր տունը մնացէք լոզունքը պիտի գործադրեմ. այսպիսով աւելի պայքարած կ՛ըլլամ գորոնային դէմ:
_Մաքուր սենեակս կը փայլի, պատուհանէս արեւ կը հոսի հոգեկանս հանգիստ, որով աշխարհէն լուռ չ՛ունիմ այսօր չեմ գիտեր չարաճիճի գորոնան ի՞նչ աւեր գործած է. Աստուած մեծ է եւ կը մաղթեմ ամենամօտիկ ժամանակով կը փրկուինք այս աղէտէն:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
4 ԱՊՐԻԼ 2020