ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Օրէնքներու յանձնախումբը Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին վրայ դրաւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական Աջակցութիւնը կասեցնելու առաջարկը, որ կը վայելէ Հայ Դատի աջակցութիւնը։
Առաջարկը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2022ի ամավարկին իբրեւ յաւելուած ներկայացուցած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ Ֆրենք Փալոնի, Կաս Պիլիրաքիսի, Ճեքի Սփիրի եւ Էտըմ Շիֆի ջանքերով, եւ կը վայլէ 15 այլ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը, կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ իրենց քոնկրեսականներուն դիմեն՝ աջակցելու համար այս առաջարկին՝ այցելելով կայքէջը։