ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Լիբանանահայութեան ապրած տնտեսական աննախընթաց ճգնաժամը ահազանգի եւ զօրաշարժի մատնեց բովանդակ հայութիւնն ու յատկապէս նախկին լիբանանահայերը: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եկաւ աւելիով փոթորկեցնելու անոնց հոգիները, եւ բոլորը անխտիր անսացին լիբանանահայութեան վերականգնումի խիստ կենսական աշխատանքին: Տարբեր երկիրներու մէջ նուիրահաւաքներ եւ հանգանակային ծրագիրներ իրագործուեցան, ու այս ընթացքը տակաւին կը շարունակուի տեղւոյն համայնքներու յարանուանական, կուսակցական, բարեսիրական եւ միութենական կառոյցներուն ճամբով ու համադրեալ աշխատանքով: Այս բոլորի մասին սպառիչ արժեւորում կատարուած է արդէն: Այսօր լիբանանահայութեան վերականգնումի աշխատանքը նուաճած է կարեւոր փուլ:
Այս բոլորի կողքին սակայն կ՛արժէ անդրադառնալ այլ օրինակելի երեւոյթի մը: Ակներեւ է տագնապի այս փուլին նախկին լիբանանահայ եւ լիբանանահայութեան սրտամօտ հայորդիներու պարագան, որոնք ճգնաժամի առաջին օրէն իսկ ձեռնհասօրէն օժանդակութեան փութացին իրենց ծննդավայրին, թաղին, նախկին ակումբին, հարազատին եւ դրացիին: Անոնք կապի մէջ մտան շրջաններու ՀՅԴ ակումբներու պատասխանատուներուն հետ ու միշտ իրազեկ դարձան տուեալ շրջանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն ու հետեւողականօրէն մինչեւ օրս կը շարունակեն օժանդակութեան իրենց ժողովրդանուէր աշխատանքը:
Այս համակող երեւոյթին ականատես դարձանք առաւելաբար այն շրջաններուն մէջ, ուր կայ հայութեամբ համախումբ կեանք: Այս հաստատումին լաւագոյն ապացոյցը կը մնայ տակաւին անցնող օրերուն Լէյլաւան-Ֆանար շրջանին մէջ «Է. Ակնունի կոմիտէութեան ճամբով նախկին լէյլաւանցիի մը կատարած նուիրատուութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մէկ ամիս անվճար ելեկտրականութիւն հայթայթել շրջանի բոլոր բնակիչներուն: Իսկ Արագածի շրջանին մէջ, Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի ծառայողական գործունէութեան ծիրին մէջ, «Դրօ» կոմիտէութեան խողովակով ամերիկահայ ազնիւ կնոջ մը նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ, կարելի դարձաւ այս օրերուն, շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն բաշխել 250 միլիոն լիբ. ոսկի եւ 200 չափաբաժին փոքրերու կաթ եւ վիթամին: Անշուշտ ճգնաժամի տարբեր փուլերուն, այս եւ այլ շրջաններու կոմիտէութիւններուն ճամբով, արտասահման հաստատուած մեծ թիւով հայորդիներ զանազան նախաձեռնութիւններով զօրավիգ հանդիսացան կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն:
Համախումբ միջավայրի մէջ բնակող հայութեան հանդէպ ցուցաբերուած այս անվերապահ զօրակցութիւնը բնականաբար միայն կարիքաւորին հասնելու կամեցողութեան արտայայտութիւն մը չէ, այլ գիտակցական մօտեցում մը, ուր նուիրատու անհատը գործնապէս կ՛արժեւորէ հայկականութեամբ բաբախող այդ շրջաններու կարեւորութիւնը եւ այնտեղ տիրող ջերմ մթնոլորտը:
Աւելի՛ն, անհատի կողմէ շրջանի ակումբին, ժողովրդային տան եւ բարեսիրական միութեան ճամբով իր օժանդակութիւնը ժողովուրդին ուղղորդելու պատրաստակամութիւնը ցուցանիշ է նաեւ այն հաստատ համոզումին, որ ան լաւատեղեակ ու քաջածանօթ է տուեալ կառոյցի շրջանին մէջ ծաւալած կազմակերպչական, բարեսիրական եւ ժողովրդանուէր աշխատանքին: Այս երեւոյթին լաւագոյն ապացոյցը կը մնայ Արագածի շրջանի նախկին տեղացի արաբ բնակիչի մը, որ այժմ հաստատուած է Շուէտ, ինքնակամօրէն «Դրօ» կոմիտէին հետ կապի մէջ մտնելու եւ իր օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելու երեւոյթը: Ան արդէն քանի մը փուլերով տրամադրած է պատկառելի օժանդակութիւն եւ հաստատած, որ այս ձեւով կու գայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու շրջանի ակումբին, որովհետեւ օրին` պատերազմի ամբողջ ընթացքին ակումբը տէր կանգնած է իր ծնողքին, երաշխաւորելով անոր ապահովութիւնը եւ հասնելով անոր տարրական կարիքներուն:
Ներկայ խառնաշփոթ եւ շատ յաճախ ապաքարոզչութեան զանազան երեւոյթներով յատկանշուող մեր կեանքի հաւաքական խճանկարին մէջ կ՛արժէ լուսարձակի տակ առնել այսպիսի հոգեպարար եւ օրինակելի երեւոյթներ, որոնք կը շեշտաւորեն լիբանանահայութեան անցած ուղին եւ հայ կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ անոր արձանագրած նուաճումները:
Անհատական ճիգերը հաւաքականութեան ընդհանուր երթին մէջ ներդնելով, համայնքին հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը կ՛օժտուի յաւելեալ ուժականութեամբ ու կարելի կ՛ըլլայ պահել հայ անհատի արժանապատուութիւնը եւ միաժամանակ հաւաքական կեանքի կենսունակութիւնը:
Վարձքը կատա՛ր այս մտածողութեան գործնականացման սատարող բոլոր ազնիւ հայորդիներուն, որոնց թիւը օրէ օր կը բազմանայ, եւ անոնց օրինակը կը դառնայ վարակիչ ու համակող: