Յակոբ Չոլաքեան
Հայրենիքի փրկութեան ջատագովներն ու անոնց ընդդիմախօսները մինչեւ հիմա, կը կարծեմ, մէկ բարիք կրցան շնորհել մեր ազգին.- թարմացուցին մեր ունեցած հայհոյելու մշակոյթը:
Լսեր էի, որ նախ՝ տկար մարդը միայն կը հայհոյէ, երկրորդ՝ թրքերէնը միայն հայհոյանքի լեզու է:
Ահա՛ւասիկ իրողութիւնը. ասոնք ոչի՛նչ կրցան փոխել մեր կեանքին մէջ, բայց անոր փոխարէն մեր մանուկներուն, մեր տղոց ու աղջիկներուն շնորհեցին մեր բառամթերքը հարստացնող թրքերէն հայհոյանքներով:
Վաղը միւս օր, չեմ զարմանար, որ այդ նորամուծութիւններն ալ մտնեն մեր բառարաններուն մէջ իբրեւ հայերէն բառամթերքի հիմնական բաժինը. չէ՞ որ որոշ լեզուաբաններ կը համարեն, որ հայերէն է ամեն բառ, որ նստուածք ունի մեր լեզուին մէջ…
Եւ այնքա՜ն ամրօրէն ու առատօրէն, որ ո՛չ մէկ խոզանակով, սրբիչով ու մաքրող-սրբող նիւթով կարելի է մաքրել մեր լեզուները:
Շարունակեցէք ՛՛քուֆուր տալ՛՛, սիրելի՛ հայրենասէրներ, օրհնուի՜ Ձեր բերանը: