ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ ընդլայնել իր մարդասիրական ծրագիրը Արցախի մէջ: Այս մասին յայտնեցին IDeA հիմնարկի «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն:
Նշուեցաւ, որ «Օրորա»ն գործի դրած է իր միջազգային հեղինակութիւնը եւ նուիրատուներու, փորձագէտներու, մարդասէրներու եւ շահառուներու հսկայական ցանցը, որպէսզի աջակցութիւն տրամադրէ արցախցիներուն եւ տեղւոյն վրայ ապահովէ արդիւնաւէտ լուծումներ: Նոյն ժամանակ, «Օրորա»ն կը շարունակէ ընդունիլ դիմումներ կազմակերպութիւններէ, որոնք աջակցութեան կարիք ունին. անոնք կրնան գրել [email protected] ե-նամակի հասցէին:
«Շատ կարեւոր է, որ «Աւորա»ն կարողանում է օգնել կարիքի մէջ գտնուող մարդկանց ինչպէս աշխարհի տարբեր անկիւններում, այնպէս էլ մեծ ծաւալի ծրագրեր իրականացնել Արցախում: «Աւորա»ն արդէն աջակցել է մօտ 50 նախագծերի, որոնք ուղղուած են տեղացիների առաջնային կարիքներին` փոխելով հազարաւոր արցախցժների կեանքը: Մենք շատ ուրախ ենք, որ Նարինէ Աղաբալեանը միացել է թիմին: Վստահաբար, նրա փորձառութիւնը կ՛օգնի ծրագրերի էլ աւելի արդիւնաւէտ իրագործմանը», յայտնեց «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան խորհուրդի անդամ Արման Ջիլաւեան:
Պատերազմէն ետք «Օրորա»ն անյապաղ օգնութիւն տրամադրած է արցախցիներուն՝ #AraratChallenge նախաձեռնութեան միջոցով եւ արդէն 473 հազար տոլար տրամադրած է ծրագիրներուն: Գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ #AraratChallenge նախաձեռնութիւնը կ՛աջակցի 48 նախագիծերու, որոնց ճամբով առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ կը տրամադրուին իրենց տուներէն տեղահանուած մարդոց, ֆինանսական աջակցութեան միջոցով Արցախի մէջ կը վերականգնին քաղաքացիական ենթակառոյցները, ինչպէս նաեւ կապ կը ստեղծուի կամաւորներու եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջեւ:
Տարիներու ընթացքին «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրիգորեան, Նուպար Աֆէյեան, Ռուբէն Վարդանեանը եւ անոնց հիմնադրած կազմակերպութիւնները ներգրաւուած են Արցախի մէջ իրականացուող բազմաթիւ ծրագիրներու մէջ: Բացի այդ, «Օրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի դափնեկիրները` սկսած առաջին դափնեկիր Մարգարիտ Պարանքիցէէն, ամէն տարի այցելած են Արցախ` զայն ներկայացնելով միջազգային հանրութեան:
«2020թ. աշնան պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելը մարտահրաւէր է իւրաքանչիւր հայի համար: «Աւորա»ն կարող է միաւորել բոլորիս եւ օգնել յաղթահարել այն: Միասին մենք կարող ենք շատ աւելին անել, քան կարծում ենք», ըսաւ Նարինէ Աղաբալեան, որ իբրեւ Արցախի ծրագիրի ղեկավար՝ պիտի համակարգէ «Օրորա»ի աջակցութեամբ Արցախի համար իրականացուող նախագիծերը, ինչպէս նաեւ պիտի մշակէ մարդասիրական հարթակ մը, որ պիտի միաւորէ շահագրգիռ բոլոր կողմերը եւ կարելիութիւն տայ Արցախի վերականգնման վերաբերեալ հիմնական աշխատանքները: