Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Օրորա Մարտիկանեանի յուշագրութեան նորագոյն սպաներէն թարգմանութիւնը

January 14, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Օրորա Մարտիկանեանի յուշագրութեան նորագոյն սպաներէն թարգմանութիւնը

http://armeniaca-haygagank.blogspot.com-Մեծ Եղեռնի վերապրող Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի (1900-1994) յուշերը, որոնք 1918ին  լոյս տեսած են «Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armenia) խորագրով, առանձնապէս նշանաւոր եղած են, որովհետեւ անոնց հիմամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ նկարահանուած է համանուն շարժանկարը, որ ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու առաջին փորձը եղած է եւ ուր վերապրող պարմանուհին ինքզինք մարմնաւորած է։ Շարժանկարը, որ նաեւ ծանօթ եղած է «Հոգիներու աճուրդ» (Auction of Souls) անունով, լայնածաւալ քարոզչութիւն ունեցած եւ տարածուած է ամերիկեան ու եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ։ Գիրքն ալ թարգմանուած է զանազան լեզուներու եւ ունեցած՝ բազմաթիւ հրատարակութիւններ։

«Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնը, որ այլ անունով Ֆրանսայի մէջ գոյատեւած է մինչեւ 1930ական թուականները, այնուհետեւ կորսուած է։ Անկէ միայն հատուած մը՝ 15 վայրկեանի տեւողութեամբ, 1994ին յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ արժանթինահայ հետազօտող Էտուարտօ Գոզանլեանի կողմէ։

Օրորա Մարտիկանեանի յուշագրութիւնը ցարդ ունեցած էր երկու սպաներէն թարգմանութիւններ (1919, վերատպուած՝ 1999ին, եւ 2021)։ Այս տարի, Պուէնոս Այրէսի մէջ, «Էտիար» հրատարակչատունը՝ Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ, հրատարակած է «Հոգիներու աճուրդը կամ Յօշոտուած Հայաստան. Օրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» (Subasta de almas o Armenia arrasada: La historia de Aurora Mardiganian) սպաներէն հատորը, Էտուարտօ Գոզանլեանի աշխատասիրութեամբ։

Հատորը կը պարունակէ անգլերէն բնագրէն կատարուած նոր թարգմանութիւնը՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ, որ նաեւ գրած է ընդարձակ յառաջաբան մը, ուր ներկայացուցած է Օրորա Մարտիկանեանի ոդիսականը եւ վեր առած՝ Էտուարտօ Գոզանլեանի 30ամեայ քրտնաջան պրպտումներուն ու գիւտին արժանիքը։

Է. Գոզանլեան մանրամասնօրէն ծանօթագրած է Օրորա Մարտիկանեանի պատումը եւ գրած է գիրքին ու շարժանկարին մասին ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, ուր նաեւ կը նկարագրէ իր հետազօտութիւնը եւ կը պատմէ ցարդ յայտնի հատուածի յայտնագործումին պարագաները։ Ի դէպ, շարժանկարը «Հոգիներու աճուրդը» անունով Պուէնոս Այրէսի մէջ ցուցադրուած է 1920ին, որուն անդրադարձած է արժանթինեան մամուլը։ Յաւելուածը կը ներկայացնէ շարժանկարին սկզբնական 16 լուսանկարները, ինչպէս եւ աշխատասիրողի արխիւէն բխած ուրիշ արժէքաւոր նիւթեր։

Previous Post

Russia seriously concerned over the escalation of situation on Armenia-Azerbaijan border – Russian MFA

Next Post

ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.