ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Իրենց պատմութեան մէջ աննախընթաց եւ աննախադէպ օրերու ականատես կը դառնան լիբանանցիները: Համայնքային, դաւանանքային, կուսակցական պատկանելիութիւններէ վեր եւ հեռու, ժողովուրդը խելագարուած ՝ բաւարար է պոռթկաց աւազակապետութեան ներկայացուցիչ Ալի Պապաներուն…:
Փտածութեան, կաշառակերութեան նեխածութեան խորհրդանիշ դարձած է Լիբանանի վերնախաւը: Իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանք, համայնք, երկրին գանձէն օգտուելու աղբիւր մը ստեղծած է ժողովուրդին հաշւոյն: Յափշտակութիւնն ու աւազակութիւնը հասած է աստիճանի մը, ուր կառավարութիւնը ի վիճակի չըլլար վճարելու իր պաշտօնէութեան աշխատավարձերը:Սնանկացած է պետական գանձը, բայց աւազակապետերուն ախորժակը բաւարարութիւն չի ճանչնար:
Ճիշդ է, որ բաժակը յորդեցաւ «ուաց ափ»ի վրայ նախատեսուած տուրքին հետեւանքով, սակայն ժողովուրդին համբերութեան բաժակը արդէն յորդած էր: Բարոյապէս եւ նիւթապէս սնանկացած, միջազգային կառոյցներու առջեւ իր վարկն ու հեղինակութիւնը կորսնցուցած պետութիւնը, օրապահիկով համեստ կեանք մը ապրող ժողովուրդին գրպանէն կը փորձէ գոյացնել իր պարտքերը:
Ահաւասիկ Լիբանանի քաղաքացիական ըմբոստութեան իսկական պատճառը: Ցուցարարները ոչ ոքի կը խնայեն, ո’չ նախագահին, ո’չ վարչապետին, ո’չ խորհրդարանի նախագահին…. ո’չ ոքի:
Եւ հիմա ժողովուրդային պոռթկումին ի տես, քաղաքական վերնախաւը վարչապետէն, խորհրդարանի նախագահէն, կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական հոսանքներէն սկսեալ կը չքմեղանան, կարծէք իրենք չըլլային երկիրը այս ողորմելի կացութեան հասցնողը:
Իսկական Արշակաւանի մը մէջ կ’ապրինք…:
Ստեղուած կացութիւնը երկիրը դէպի անդունդ խռելէ բացի, կը վկայէ,որ երկրին ղեկավարները բնաւ անկեղծ չեն եղած, զիրենք ընտրողներուն տուած խոստումներուն մէջ: Ո՞վ է մտածողը ժողովուրդին մասին, անոնց կենցաղային պայմաններուն, մարդկային, բարոյական, քաղաքացիական նուազագոյն իրաւունքներու մասին…:
Աւարի առջեւ եղբայրներ կը դառնան երէկի ոսոխն ու թշնամին, անխնայ կը յօշոտեն պետութիւնը եւ իրենց մոլուցքին մէջ ահարկու, չեն տեսներ թէ Լիբանանի հիմերը կը քանդեն:
Օր ցերեկով հոգիով խաթար,խիղճով անտարբեր նախարարներն ու խորհրդարանականները իբրեւ փրկարար՝ նենգամիտ ու չար, արիւն կը քամեն խեղճ ժողովուրդէն եւ ճիւաղային հրճուանքով անփոյթ, հոս-հոն կը սոնքան:
Որու՞ն ուղղենք մեր խօսքը, երբ լիբանանեան օրը նոր, իր հետ կը բերէ գայթակղութիւն մը նոր…: Երկիրը փլուզումի վտանգին առջեւ կը գտնուի: Բայց որու՞ն հոգը, երբ թալանի տարազ զգեցած, կառավարութեան եւ խորհրդարանի դեւերը օր ցերեկով կը կողոպտեն երկիրը: Արշալոյսէն երեկոյ նեխածութեան դէպքեր նոր: Նախարարութիւններու մէջ յափշտակութիւններ, իւրացումներ, մսխումներ անհամար:
Այս բոլորէն ետք, կ’ակնկալուի, որ երիտասարդութիւնը չլքէ Լիբանանը: Ի՞նչպիսի տեսիլքով պիտի կերտենք Լիբանանը, ստախօսութեամբ թէ՞ խարդախութեամբ, հանրային գանձերը մսխելով թէ՞ չարաշահումներով: Ի՞նչու զարմանալ երբ երիտասարդութիւնը կը գաղթէ օտար ափեր…:
Մէկը մէկուն թեր, մէկը միւսին դէմ: Ղեկավարներն այս հայրենիքին կը մնան հնոց մախանքի, դարբնոց ոխի եւ ատելութեան: Կը մնայ Բարձրեալին իջնելու ցած՝ վտարելու բորենիները համայն, խորհրդարանի եւ կառավարութեան:
Պահը անյարմար է համայնքային շահ,հաւաքական արժանապատուութիւն կամ վիրաւոր ինքնասիրութիւն դարմանելու համար:Ընդհակառակը՝ համայնքային շահերը ճիշդ հակառակը կը թելադրեն… եթէ աւելի շրջահայեաց եւ հեռատես ըլլանք:
Օրուան միակ հրատապ հարցը Լիբանանի փրկութիւնն է: Այս մասին անհրաժեշտ է խորհիլ եւ գործել լոկ: Տարբեր չի կրնար ըլլալ իւրաքանչիւր անկեղծ լիբանանցիի մօտեցումը սա ճգնաժամային պահերուն: