Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ֆըրզլի. «Քեփիթըլ Քոնթրոլը Պիտի Վաւերացուի` Տնտեսական Համոզիչ Ծրագիր Մը Մշակելէ Ետք»

December 7, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
قصّة التطبيقات… وخروج ملايين الدولارات من جيوب الى جيوب

Ելեւմուտքի ու պետական ամավարկի եւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը երէկ գումարեցին միացեալ նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի եւ ներկայութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի ու ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը:

Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծին երկարատեւ քննարկումէն ետք, ժողովին ներկայ երեսփոխանները արձանագրեցին շարք մը դիտողութիւններ եւ մտահոգութիւններ, որոնցմէ հիմնականը քաղաքացիներուն կողմէ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներն էին:

Ֆըրզլի շեշտեց, որ այս հարցը խորհրդարանին հիմնական մտահոգութիւնն է, որովհետեւ քաղաքացիներու իրաւունքին կառչած կը մնայ, ինչպէս նաեւ պատրաստ է քննարկելու բոլոր մանրամասնութիւնները:

«Քեփիթըլ քոնթրոլը պիտի վաւերացուի` տնտեսական համոզիչ ծրագիր մը մշակելէ ետք», ըսաւ ան:

Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ըսաւ. «Անհրաժեշտ է, որ Քեփիթըլ քոնթրոլի յատուկ որեւէ օրինագիծ ըլլայ նախաքայլը` պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներու ապահովումին»:

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց. «Քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը, որ խորհրդարանական եւ կարգի ու կանոնի սահմաններէ դուրս քննարկումի առարկայ դարձաւ խորհրդարանին մէջ, չվաւերացուեցաւ»:

Քանաան հաստատեց, որ իրենք համաձայն են քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքի մը, պայմանով որ անիկա հիմնուած ըլլայ յստակ թիւերու վրայ:

Արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ իրենց առաջին եւ վերջին մտահոգութիւնը քաղաքացիներուն պահ դրած գումարներուն պաշտպանութիւնն է` աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն հաշուետուութեան ենթարկել այդ գումարներուն վրայ ձեռք դնողները:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը ծածկէ բոլոր այն խախտումները, որոնք կատարուած են դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն հաշուոյն:

Խալիլ ընդգծեց նաեւ, որ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը ունէր նաեւ այլ բացթողում մը, որովհետեւ անիկա չէր անդրադառնար 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք Լիբանանէն դուրս փոխանցուած գումարներուն ճակատագիրին:

Previous Post

Փեսքով. «ՕԹԱՆ-ը Չ՛ընդունիր «Կարմիր Գիծեր»

Next Post

Ցամաքային Փոխադրութեան Եւ Կրթութեան Մարզերը Կը Գտնուին Գործադուլի Եւ Դասադուլի Սեմին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.