Օսքար մրցանակի տիտղոսակիր Ֆիլիփ Սէյմուր Հոֆման մահացած գտնուեցաւ Մանհաթանի իր ապարանքին բաղնիքին մէջ: Յետ քննութեան, պարզուեցաւ որ 46-ամեայ դերասանը ընդունեցած էր յաւելեալ քանակութեամբ հերոյին: Հոֆման ունեցած է թշուառ մանկութիւն : Անոր ծնողները բաժնուած են, երբ տակաւին ինը տարեկան էր: «Գափոթ» ժապաւէնին մէջ ունեցած փայլուն խաղարկութեան համար, լաւագոյն դերասանի օսքար մրցանակը ստանալու պահուն, Ֆիլիփ Հոֆման յայտարարեց, թէ իր մօրը կը պարտէր յաջողութիւնը: