Ֆինլանտա առանց Շուէտի պիտի չմիանայ ՕԹԱՆ-ին, եթէ Շուէտի անդամակցութիւնը յետաձգուի Թուրքիոյ հետ չկարգաւորուած վէճերու պատճառով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթօ:
Երկու ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի ունեցած է Քուլթուրանաթա (Ոսկի ափ) աւանին մէջ, ուր կը գտնուի Ֆինլանտայի նախագահներու ամառնային նստավայրը:
«Շուէտի գործը մեր գործն է, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք միասին ձեռք-ձեռքի տուած, յառաջ կ՛ընթանանք», ըսած է Նիինիսթօ:
Ֆինլանտա եւ Շուէտ տասնամեակներ շարունակ չէզոք քաղաքականութիւն վարած են, սակայն Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումէն ետք որոշած են միանալ ՕԹԱՆ-ին:
Այդ նախաձեռնութեան կ՛ընդդիմանայ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան, որուն պնդումով` սկանտինաւեան երկու երկիրները կը զօրակցին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ): Թուրքիոյ մէջ վերջինս կը նկատուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Թուրքիա կը պահանջէ «արտայանձնել ահաբեկչական գործողութիւններուն առնչութիւն ունեցող քիւրտ գործիչները»: