Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2021-ին ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան խորհրդականներէն Քլոէ Փոտրոն` ընկերակցութեամբ ֆրանսական «Ասմայ» եւ լիբանանեան «Սփրինկ» միութեանց միացեալ պատուիրակութեան: Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան ողջունելով ներկաները պարզեց Պուրճ Համուտի մէջ տիրող կենցաղային, ապրուստի եւ յարակից մարզերու իրավիճակը` միաժամանակ թուելով շրջանի բնակչութեան եւ քաղաքապետութեան դիմակալած ընկերային տագնապներն ու մարտահրաւէրները: Ֆրանսացի դիւանագէտ Փոտրօ բարձր գնահատեց տարուող ճիգերը` մաղթելով արդիւնաւէտ գործակցութիւն իրականացնել ի սպաս շրջանի բնակիչներու բարօրութեան: