Ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութենէն, ֆրանսական քաղաքապետութիւններէն եւ Լիբանանի Միացեալ քաղաքներու ու պետական տեղական կազմակերպութիւններէն, 22 սեպտեմբերին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն քննարկելու համար գործադրութեան քայլերը «Լիբանանի հետ համերաշխութեան ֆոնտ» խորագրեալ ծրագիրին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան քաղաքապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ խիստ կարիքներու մէջ եղող ընտանիքներուն:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վալերի Տըմոնթէ` ծրագիրի նախագահ եւ Ուուտ շրջանի փոխնահանգապետ, Սիմոն Ճիովիթի` Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, Քամիլ Պոկօ` ֆրանսական դեսպանատան եւ ֆրանսական բարգաւաճման գործակալութեան ներկայացուցիչ, դոկտ. Պեշիր Ազէյմի` լիբանանեան քաղաքապետութեանց արհեստագիտական-թեքնիք գրասենեակի տնօրէն եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, դոկտ. Սինթիա Ազզամ ` նշեալ գրասենեակին մօտ ծրագիրին պատասխանատու եւ դոկտ. Հայիմ Քաայէ` կարիքներու ուսումնասիրութեան պատասխանատու:
Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունեց ֆրանսական այս նախաձեռնութիւնն ու անոր լոյսին տակ Լիբանան գտնուող պատուիրակութիւնը: Ան թուեց այն բազմաթիւ տագնապները, որոնք ծագեցան վերջին շրջանին եւ պատճառ դարձան, որ այս կացութեան մէջ յայտնուի Լիբանանի ժողովուրդը եւ նորանոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը թուեց նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք կը խոչընդոտեն վարչական, յատկապէս` քաղաքապետութեանց գրասենեակներու հեզասահ գործունէութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով եկամուտի աղբիւրներու սակաւութիւնն ու լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը: Ան յայտնեց, թէ նշեալ ծրագիրի թափանցիկ ու արդար ձեւով իրագործումը, գործակցաբար նուիրատու բարերարներու, տեղական իշխանութեանց եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ` կրնայ վերահաստատել քաղաքացիներու եւ պաշտօնական կառավարման միջեւ քայքայուած վստահութիւնը: Պօղոսեան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական այս նախաձեռնութեան համար եւ իր խօսքը եզրափակեց` ընդգծելով դժուարութիւնները յաղթահարելու իր վճռակամութիւնը:
Իր կարգին, Վալերի Տըմոնթէ հաստատեց, որ այս ծրագիրը 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի վաղորդայնին ֆրանսական կարգ մը քաղաքապետութիւններու նախաձեռնութիւնն է` օգնելու համար ծանրօրէն վնասուած շրջաններու բնակչութեան եւ անոնց վարչական մարմիններուն: Սիմոն Ճիովիթի շեշտեց տեղական ինքնակառավարման մարմիններու դերը տագնապներու դիմակալման ու յաղթահարման գծով: Դոկտ. Քաայէ նշեց իր պատրաստած ուսումնասիրութեան արդիւնքները` տագնապահար շրջաններու կարիքներու դասաւորման եւ ներկայացուց անոնց ընդառաջելու այն քայլերն ու միջոցները, որոնք պիտի որդեգրուին պատկան մարմիններու եւ տեղական իշխանութեանց հետ գործակցաբար: