Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Գոհ Են Մաքրոնի Հետ Դրական Շեշտադրումներով Հանդիպումէն

February 12, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0
Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Գոհ Են Մաքրոնի Հետ Դրական Շեշտադրումներով Հանդիպումէն

Դրական շեշտադրումներ` դրական ակնկալիքներով. Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամէնամեայ ընթրիքի իրականացումը այսպէս բնորոշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Հետաքրքրական երեկոյ էր, որովհետեւ առաջին պաշտօնական մեր հանդիպումն էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Անոր հետ նոր կապեր հաստատելը շատ դրական է: Նախագահին առջեւ մեր խօսքը ներկայացուցինք Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Արցախի հարցով, խօսեցանք ֆրանսահայ համայնքի մտահոգութիւններու մասին` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան հարցին հետ կապուած: Մեր բոլոր պատգամները փոխանցեցինք: Ի դէպ, շատ կարեւոր էր, որ պարզապէս ելոյթներ չհնչեցին, երկխօսութիւն եղաւ նախագահին հետ»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Ան Ֆրանսայի նախագահի ելոյթէն  քանի մը կարեւոր շեշտադրում առանձնացուց, նախ այն, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան օրացոյցին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման համար օր ամրագրուի: Ատկէ բացի, ան առանձնացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու գործընթացին նոր ընթացք տալու դիտարկումը:

Իր խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահն անդրադարձած է նաեւ Արցախի խնդրին` նշելով, որ Ֆրանսան իր աշխատանքը կ’աշխուժացնէ դիւանագիտական դաշտին մէջ:

«Ես իմ խօսքիս մէջ իրեն հրաւիրեցի Արցախ: Ֆրանսայի նախագահն ըսաւ, որ մեզի հետ կու գայ Արցախ, երբ խնդիրը լուծուած ըլլայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան կը պատկերացնէ այցելութիւն` հայկական Արցախ»,-ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամէնամեայ ընթրիքը կայացած է յունուար 30-ին, մասնակցած է 500 անձ: Ընթրիքին մասնակցած են նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Իլ-տէ-Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեկրեսը, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներ, ներառեալ` հայազգի պատգամաւոր Պատրիկ Տեւեճեանը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Կեպենէկեանը, Ֆրանսայի հայկական եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ:  Ընթրիքի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան:

Previous Post

The Cataclysm That Would Follow a ‘Bloody Nose’ Strike in North Korea

Next Post

Polish senate passes Holocaust-related bill that triggered diplomatic spat with Israel

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.