Ֆրանսայի Քլիշի քաղաքին մէջ, բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին հրապարակ: Ան կը կրէ մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի անունը:
Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիմատետրի էջը:
Հրապարակի բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան: