ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վատիկանի մէջ, Ֆրանսիս պապը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը։ Այս մասին հաղորդեց «Վատիկան Նիուզ»ը՝ յղում կատարելով Վատիկանի մամլոյ ծառայութեան:
Ջերմ քննարկումներու ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Վատիկանի եւ քրիստոնէական հնագոյն աւանդոյթներով երկրին՝ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Կողմերը կեդրոնացան նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական հարցերու վրայ:
Այնուհետեւ, Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի գերապայծառին եւ Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի արքեպիսկոպոսին հետ:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Վատիկանի հետ միջպետական յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու՝ Հայաստանի շահագրգռութիւնը եւ յանձնառութիւնը՝ նշելով, որ այդ յարաբերութիւնները միշտ ուշադրութիւն գրաւած են բարձր քաղաքական երկխօսութեամբ եւ հիմնուած են ոչ միայն քրիստոնէական արժէքներուն, այլ նաեւ ընդհանուր պատմական եւ հոգեւոր ժառանգութեան, ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն վերաբերող համանման մօտեցումներուն վրայ:
Հայաստանի նախագահը ողջունեց Երեւանի մէջ Առաքելական նուիրակութիւն հիմնելու՝ պապին որոշումը, որ պաշտօնապէս պիտի բացուի շուտով եւ որ յաւելեալ ապացոյց է Հայաստան-Վատիկան միջպետական կապերը զարգացնելու եւ համագործակցութիւնը խորացնելու երկուստեք յանձնառութեան։
Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ Վատիկանի մէջ այցելեց Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարը, շրջեցաւ անոր մէջ, դիտեց տաճարի արտաքին որմնախորշին մէջ տեղադրուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը:
Ան նաեւ այցելեց եւ ծաղիկներ զետեղեց Վատիկանի պարտէզներուն մէջ, մեծ սուրբերու կողքին խոյացող, հայ ժողովուրդի մեծ զաւակ, Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանին առջեւ: Նախագահը նշեց, որ Գրիգոր Նարեկացին եւ անոր ձգած ժառանգութիւնը քրիստոնեայ երկու համայնքներու համերաշխութեան յաւերժական խորհրդանիշ են: