Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

“Հայաստան` Ճամբորդութիւն Դէպի Չինաստան”. Պատմութեան Գաղտնիքները Լուսաբանող Շարժանկար

October 23, 2012
in Մշակութային
0
“Հայաստան` Ճամբորդութիւն Դէպի Չինաստան”. Պատմութեան Գաղտնիքները Լուսաբանող Շարժանկար

 Աւարտած է “Հայաստան` ճամբորդութիւն դէպի Չինաստան” վաւերագրական շարժանկարի նկարահանումներուն վերջին փուլը: Այս մասին կը տեղեկացնէ News.am-ը: Վերջին շաբաթներուն նկարահանումները ընթացած են Մետաքսէ ճանապարհի քաղաքներուն երկայնքով: Հայերու պատմական հետքերը փնտռող նկարահանող խումբը եղած է չինական Սիան, Ուրումչի, Ցզեայուկան քաղաքներուն եւ Թիպեթի մէջ: Մասնաւորապէս հետազօտուած է յայտնի Նեսդորիանական Սդելան, թուագրուած` 781-ով, որուն վրայ փորագրուած են հայկական խաչը եւ “ալոուպեն” անունը չինարէնով:

Շարժանկարի բեմադրիչ Ռուբէն Կինի նշած է, որ որոշ արձանագրութիւններու համաձայն քրիստոնէութիւնը Չինաստանի մէջ տարածած  է “խորհրդաւոր մարդը Արեւմուտքէն”, որ յայտնի է իբրեւ Ալոուպեն, որ, հաշուի առնելով, որ չինարէնի մէջ կը բացակայի “ռ” տառը, միանգամայն կրնար ըլլալ Ռուբէնը: “Իմ անունն ալ Ռուբէն է, եւ Չինաստանի մէջ ապրած տարիներուն ես սորված եմ իմ անուան նմանատիպ արտասանութիւնը”,- նշած է ան:

Անդրադառնալով Սդելային` Ռուբէն Կինիի խօսքով, թէեւ անիկա կ’անուանեն ասորիական, անիկա աւելի շատ արեւելեան կը համարուի: “Անիկա կ’անուանեն ասորիական միայն այն պատճառով, որ անոր վրայ կան սուրիական գիրեր: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այն ժամանակ ատիկա Արեւելքի առաջին քրիստոնեաներու միաջազգային լեզուն էր, եւ պարզապէս անոր հիման վրայ անուանել Սդելան ասորիական արդէն իսկ ճիշդ չէ: Նոյնիսկ հիմա, 21-րդ դարուն Միջին Ասիոյ քրիստոնէական եկեղեցիներուն մէջ պատարագները սուրիական լեզուով են: Յաճախ տեղացիները նոյնիսկ չեն հասկնար այդ լեզուն”,- նշած է
Կինի:

Շարժանկարի բեմադրիչը նաեւ նշած է, որ Նեսդորիական սդելայի վրայի խաչը համանման է այդ ժամանակահատուածին մօտ այլ խաչերու, որ կարելի է գտնել Հայաստանի մէջ (օրինակ` Նորատուսի գերեզմանոցին մէջ): “Այդպիսի խաչեր ես տեսած եմ Դուին քաղաքի գտածոյ արտեֆակտերու մէջ, իսկ Դուինը Մետաքսի ճանապահին մօտ գտնուող մեծ քաղաք էր, որ աշխոյժ առեւտուրի մէջ էր Չինաստանի հետ”,- ընդգծած է ան: Կինիի խօսքով, համաձայն վերջերս եղած չինական արձանագրութիւններու թարգմանութիւններու, Սասանիտներու վերջին թագաւոր Եզտեկերտ III-ի վերջին որդին` Բերոզը, արաբական խալիֆայութեան յարձակման ժամանակ հայ նախարարներուն հետ փախած է Չինասատան: “Չինաստանի Կաօ Ձուն կայսրը թոյլ տուած է անոնց ապրելու մօտակայքը, եւ անոնց իր մայրաքաղաքի` Չանան (ժամանակակից Սիան) քաղաքին մօտ հողեր յատկացուցած է: Տարածքը ստացած է  Արեւմտեան արքայի գիւղ անուանումը, որ նկարահանող խումբը կրցած է գտնել վերջերս իրականացուցած գիտարշաւի մը ժամանակ: Ոչ հեռու յայտնաբերուած է նաեւ պարսկական արքայի որդիին արձանը: Գլխատուած արձանի մէջքին, 1500 տարի անց, կարելի է կարդալ Բերոզի անունը:

“Պէտք չէ զարմանալ, որ Չինաստան տանող ճանապարհները մեր նախնիները աւելի լաւ գիտէին, քան ժամանկակիցները: Ատոր ապացոյց կրնայ ըլլալ Մատենադարանին մէջ պահուող XII-XIV դարերու հայերէն անանուն քարտէզը, ուր նշուած է ոչ միայն Չինաստանը, այլեւ` Ճաբոնը: Այդ քարտէզը կազմուած եղած է աշխարհագրական բացայայտումներէ դարեր առաջ: Դեռ 250 տարի ալ պէտք էր, որպէսզի Քոլումպոսը առագաստները բարձրացնէր ու ուղղորդուէր Ամերիկա: 

“Դիմացը` Մեքսիքան է, Հոնկ Քոնկը, Խարպինն ու Խրխըզստանը: Վերջինը մեր նախագիծին համար յատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ այս տարուան Օգոստոսին Հնդկաստանի քաղաքները այցելելով, մենք լսեցինք իւրատեսակ պատմութիւն մը, որուն արմատները Հնդկաստանով կը տանին Հայաստանէն դէպի Չինաստան: Բայց այդ մասին ես կը պատմեմ միայն Պիշգեգէն վերադառնալէ ետք”,- ըսած է Ռուբէն Կինի:

Previous Post

Մանկապատանեկան Շարժանկարներու Փառատօնը Կը Հիւրընկալէ Երեխաները

Next Post

Իրինա Կայուգը Երեւանի Մէջ Ներկայացուցած է Իր Հեղինակած Ուքրանիոյ Մէջ Հայ Մշակոյթի Պատկերազարդ Հանրագիտարանը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.