Հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներու մասին պատմող “Ընդհատուած երգը” շարժանկարի անդրանիկ ներկայացումը պիտի կայանայ Նոյեմբեր 10-ին` Ռուսաստանի շարժանկար ստեղծողներու միութեան Մոսկուայի տան մէջ: Ըստ նկարահանող խումբին` շարժանկարը կը պատմէ 20 տարի առաջ Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին ծաւալած գործողութիւններուն մասին:
Շարժանկարի մամուլի քարտուղար Քրիսթինա Մարանտի-Նաչգեպիայի տեղեկութիւններով` անդրանիկ ներկայացման ներկայ պիտի ըլլան հայկական եւ ատրպէյճանական սփիւռքի ներկայացուցիչներ, ռուսական մշակոյթի եւ արուեստի յայտնի գործիչներ:
Շարժանկարի հեղինակները Մոսկուայի հայեր են: Բեմադրիչ Արիկ Մանուկեան եւ արտադրող Աշոտ Պօղոսեան որոշած են շարժանկարի լեզուով պատմել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին:
Անդրադառնալով շարժանկարի նկարահանման ձգձգումներուն` հեղինակները նշած են, թէ պատճառը սադրանքներն են, որուն իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանցի դերասանը հրաժարած էր յետագայ նկարահանումներէն:
Հակառակ դժուարութիւններուն` շարժանկարի հեղինակները հաւատարիմ մնացած են անոր գաղափարախօսութեան:
“Ընդհատուած երգը” շարժանկարը նկարահանուած է բացառապէս սեփական միջոցներով: Նկարահանող խումբը հրաժարած է արտաքին ֆինանսաւորումէն, քանի որ առաջարկուած աջակցութեան պարագային ուզած են փոխել շարժանկարի սիւժէն:
“Շարժանկարի հեղինակները յոյսով են, որ անիկա պիտի պատասխանէ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան բարդութեան առնչուող որոշ հարցերու: Հակամարտութեան բոլոր կողմերը պէտք է իրենց մէջ ուժ գտնեն` աջակցելու երկխօսութեան, որպէսզի դադրեցնեն արիւնահեղութիւնը յետագայ սերունդներուն համար”,- յայտարարած են հեղինակները: