Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՈՒրբաթ, 25 Յունուարին, հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններով համատեղ ծրագիրներ:
ՀՀ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները կարեւոր համարած են առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու շարունակական աճը եւ վստահութիւն յայտնած, որ նոր թափ կը ստանան երկու երկիրներու կառավարութիւններու շարունակական ջանքերը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադարձած են նաեւ հայ-ռուսական փոխգործակցութեան այլ կէտերու: