Ռոթերտամի (Հոլանտա) միջազգային 48-րդ փառատօնի առանցքային ծրագիրներէն մէկը՝ «Շարժապատկերի Տաճարը» պիտի նուիրուի բեմադրիչ Սերկէյ Փարաճանովին:
Ըստ Հայաստանի շարժապատկերի ազգային կեդրոնի մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութեան՝ Փարաճանովին նուիրուած ծրագիրը նախաձեռնած են Ռոթերտամի փառատօնի կազմակերպիչները, Հայաստանի շարժապատկերի ազգային կեդրոնը եւ բրիտանացի անկախ արտադրող Տենիըլ Պըրթ:
Յայտնենք, թէ Ռոթերտամի փառատօնին առանձին ընդարձակ ծրագիրով մը հայկական շարժապատկերի ներկայութիւնը մեծ կարելիութիւն է միջազգային հանրութեան ներկայացնելու հայկական շարժապատկերի արուեստը եւ պատմութիւնը:
Նշենք, թէ 1988-ին էր, որ առաջին անգամ Սերկէյ Փարաճանով հրաւիրուեցաւ՝ մասնակցելու Ռոթերտամի փառատօնին: