ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա
Դիմաւորեցի եւ ներս հրաւիրեցի յուսահատի շեշտով բացագանչող Արմենակը:
Պահուած հին «Նոյակ» քոնեաքի շիշը դրի սեղանին վրայ:
– Հանդարտէ՛, Արմենա՛կ, ի՞նչ պատահած է, որ այդպէս տակնուվրայ եղած ես:
Տպիչէն ելած էջ մը դրաւ առջեւս: Ըսաւ.
– Կարդա՛ բարձրաձայն: Եթէ հասկնաս, բացատրէ՛:
Գրուած էր. «Այսօրուայ ԿԸՀ վերահաշուարկի արդիւնքում «Հայաստան» դաշինքի ձայներն աւելացել են 744-ով, ՔՊ-ի ձայները` 659-ով»: Կային ճշդումներ` բոլորին համար: Օրինակ, «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ` -60, Ինքնիշխան Հայաստան` +52…»:
– Մակա՛ր, ինչ որ կարդացիր, նմուշ մըն է: Քուէ հաշուողները համրել չե՞ն գիտեր: Երբ սխալները մէկէ աւելի են, անոնք ակամայ չեն, տխմարը չի տեսներ, որ արդիւնքները խարդախուած են: Սխալները մէկ կամ տասը չեն:
– Արմենա՛կ, կը զարմանա՞ս, ընտրութիւն խարդախել քաղաքական բարքերու մաս կը կազմէ: Հայաստան ինչո՞ւ ուրիշ երկիրներու աչքաբացերէն ետ պիտի մնայ:
– Բանկալի իմաստունի պէս մի՛ ըսեր, որ երեւոյթը ընթացիկ է, որ` նոր ցնցումներ պէտք չէ ստեղծել, եւ թոյլ տալ, որ իշխանութիւնը լուրջ բաներով զբաղի: Ինչո՞ւ նկատի չես ունենար նաեւ պարտութեան եւ խարդախուած ընտրութեան հետեւանքները: Ամէն մարդ չի մնար եւ չի պայքարիր, ճամպրուկը կ’առնէ եւ կ’երթայ:
– Միշտ գացողներ եղած են: Այդպէս է, որ Ռուսիա միլիոնով հայկական համայնք ունի, դասական սփիւռքը միլիոն արտագաղթածներով աճած է:
– Մակա՛ր, քանի մը դժգոհի կամ աշխատանք փնտռողի հարց չէ: Թիւերը ապագայի հանդէպ յոռետես կը դարձնեն: Մամուլը կը մենախօսէ, կ’ահազանգէ:
Արմենակ տպիչէն ելած էջ մըն ալ դրաւ առջեւս.
– Կարդա՛ բարձրաձայն:
Կարդացի. «Ժողովուրդ» օրաթերթը Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէից տեղեկացաւ, որ «Զուարթնոց» օդանաւակայանից յունուար-մայիս ամիսներին մեկնել է 293 հազար 754, իսկ ժամանել 232 հազար 518 ուղեւոր:… «Շիրակ» օդանաւակայանից այս տարուայ հինգ ամիսներին մեկնել է 30 հազար 975, վերադարձել`14 հազար 209 ուղեւոր»: Արմենակ կասեցուց զիս.
– Հիմա հանում-գումարում ըրէ, 70, 80 կամ 90 հազար չվերադարձող: Գիտես, Մակա՛ր, անոնց տեղ նորեր պիտի գան, ոչ` սփիւռքի եւ արտագաղթածներու միլիոնները: Եթէ վաղը հաշտութիւնը գոյանայ, զիջումով կամ առանց զիջումի, հեռուի եւ մօտի դրացիներ պիտի գան, կու գան արդէն` փոխարինելու մեկնողները, եւ տուն-տեղ պիտի ըլլան: Եւ անցեալի հպարտութեամբ յայտարարուած «համաշխարհային ազգ»-ի հայրենիքը պիտի փոխուի, թերեւս որպէս յիշատակ կը մնայ անունը:
– Յոռետես ես, Արմենա՛կ:
– Լաւատե՞ս ըլլամ աղանդներու ներխուժումով եւ սեռային այլասերումներու լապորաթորիա ըլլալու նորարարութեամբ:
Բաժակի քոնեաքը թարմացուցի: Արմենակը հանդարտեցնելու համար ըսի.
– Ամառ չկայ: Յունիսի վերջն ենք եւ` անձրեւ, կարկուտ, փոթորիկ, հեղեղ:
Տխրած Կեդրոնականցին լուռ մնաց: Կուլ տուաւ քոնեակը եւ գնաց:
Տպիչէն ելած ցաւ պատճառող էջերը մնացին սեղանին վրայ:
25 յունիս 2021