ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կիրակի օր կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութեամբ պիտի հասնի Լիբանան:
Պէյրութի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը այս մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի դիմագրաւած այս խոցելի փուլին ընթացքին, ընդհանուր քարտուղարին այցելութիւնը պիտի ըլլայ զօրակցական բնոյթի այցելութիւն, որուն ընթացքին Կութիերես ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ նաեւ ՄԱԿ-ի ընտանիքին` քաղաքական անձնակազմ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժեր, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բնոյթի աշխատանք տանող անձնակազմ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ Կութիերես հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Կութիերես Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ պիտի յարգէ նաւահանգիստի պայթումի նահատակներուն յիշատակը: Ան պիտի այցելէ նաեւ պայթումէն տուժածներուն, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ տիրող կացութիւնը:
Կութիերես Լիբանանէն պիտի մեկնի չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2021-ին: