-Անցեալ տարուընէ արդէն սկսած են նորոգութեան աշխատանքները Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի, ի տես 100ամեակի պատրաստութեան: Ի՞նչ կը բովանդակէ նորոգումը՝ շէնքային եւ թանգարանի ցուցադրութեանց տեսակէտէ:
-2012 թուականէն մենք արդէն սկսանք շինարարական աշխատանքները, երկու ուղղութեամբ՝ մէկը բուն յուշահամալիրի հիմնանորոգման տեսակէտէ (արդէն 45 տարիէ աւելի է որ կը գործէ), բայց բուն շինարարական աշխատանքը կեդրոնացաւ թանգարանի տարածքին վրայ, 100ամեակին ընդառաջ պատշաճօրէն ներկայանալու առումով: Աշխատանքը ինքնին պար-տադրեց այս նորոգումները, որովհետեւ թանգարանի տարածքը չէր բաւարարեր հետզհետէ լրացող ցուցադրութիւնները, նոր նիւթերը: Գրադարանային մասը արդէն սպառած էր: Այսպէս որոշուեցաւ հիմնովին փոփոխել ցուցադրութեանց սրահները, որ արդէն ժամանակավրէպ էին: Նոր արհեստագիտութեամբ յագեցած ու նորայայտ նիւթեր շրջանառութեան մէջ դնելու մեր մտահոգութիւնն էր մանաւանդ, որ ուղղեց մեզ հիմնովին նորոգութեան երթալու:
Բնօրինակներու յաւելումի գործը մեր կողմէ տարուած աշխատանք է որ յայտնի չէ. թանգարանային աշխատանք է եւ ցոյց չի տրուիր. մենք հանրութեան տեղեակ չենք պահած թէ ինչպիսի՛ հաւաքածոներ ձեռք բերինք կամ ստացանք նուէր: Որովհետեւ մէկ մասը մեր սփիւռքահայ կամ Հայաստանի հայրենակիցներէն սիրայօժարօրէն բերուած նուէրներ են, որ միսիոնարներու կամ ականատեսներու ու վերապրողներու պատկանող իրեր եւ հաւաքածոներ կը ներառնեն: Վերջին մեր ստացած նուէրը՝ ցեղասպանագէտ իսրայէլցի Իսրայէլ Չառնիի գրադարանի նուիրատուութիւնն էր, որ 1000 կտորէ աւելի ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր են. այս խոշոր նուէրին համար պէտք է առանձին սենեակ ունենանք, իր անունով: Շուտով նաեւ մեր հաւաքածոյի մաս պիտի կազմէ Վահագն Տատրեանի արխիւը եւ գրադարանը: Ինք տուած է իր համաձայնութիւնը եւ ՀՀ նախագահն ալ յանձնարարական տուած է, որպէսզի կազմակերպենք նիւթերու տեղափոխումը:
Մենք պէտք է թանգարանը վերածենք միջազգային նշանակութեան գիտահետազօտական կեդրոնի, որովհետեւ բացի Հայոց Ցեղասպանութենէն, եթէ մարդ ուզէ ուսումնասիրել ընդհանուրին մէջ ցեղասպանութեան նիւթը՝ կրնայ գալ Երեւան եւ հսկայ արխիւ մը գտնել մասնագիտական լուրջ ուսումնասիրութիւն իրագործելու համար։
-Ինչպիսի՞ համագործակցութիւններ ունիք։
-Թանգարանը միջազգային մեծ համագործակցութիւններու ձեռնարկած է այլ՝ գործընկեր-թանգարաններու հետ, համալսարանական ամպիոններու եւ արխիւներու հաստատութիւններու հետ։
Վերջերս հաստատուեցաւ Արժանթինի մէջ ցեղասպանութեան թանգարան ստեղծելու գաղափարը, որու հետ եւս մենք պիտի համագործակցինք։ Նիւթին տիրապետելը, նիւթին հասու դառնալը եւ նոր արհեստագիտութեան օգտագործումը, ինքնին ցեղասպանու- թեան թեման, ինչպէս եւ ճիշդ ձեւով ցուցադրումը նուրբ այս հարցին՝ մեր մասնագիտութիւնն է։ Մեր աշխատանքներու գլխաւորն է անշուշտ այս, բայց ոչ միակը։ Եւ մենք պէտք է օգտակար ըլլանք որպէսզի աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ կարելի ըլլայ նման ցուցադրութիւն ապահովել։
-Շէնքային նորոգումները ո՞ւր կը կայանան։
-Նոր մասնաշէնքը կ’ընդգրկէ հարաւային-արեւելեան եւ ներքեւ գործող հին պահեստարաններու, գիտաժողովներու հին դահլիճի բաժինները, ուր յատակը բանալով միացուցինք մեծ սրահին, բոլորովին նոր ու արդիական ձեւաւորում տալով սրահին։ Այսպէս՝ միայն ցուցադրական մասը երկուքուկէս անգամով աւելի ծաւալուն դարձաւ։ Այցելուն կրնայ երկու ժամ մնալ թանգարան, բայց ամբողջ նիւթերը պիտի չհասնի տեսնելու։
Պիտի ունենանք գիտաժողովներու նոր սրահ, աշակերտներու այցելութիւններու համար յատուկ սրահ, երեխաներու հոգեկան եւ հոգեբանական առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով։
-Լրացուցիչ ա՞յլ մեթոտներ։
-Մեր կայքէջը, համացանցային «վիրթուալ» (կենդանի) շրջապտոյտը, ցուցադրութիւնները՝ մեծ ընդհանուր փաթեթ կը կազմեն։ Զուգընթաց մեր շէնքային եւ ցուցադրական նորոգութեանց, նոյնպէս նորոգման կþենթարկուի ընդհանուր այս ծրագիրը։
Մեր կայքէջը արդէն կը գործէ հինգ լեզուներով եւ մօտ օրէն կ’աւելցնենք երկու լեզու եւս։ Իսկ գիտէ՞ք թէ ո՛ր երկրի այցելուները ամէնէն բազմաթիւն են։ Թո՛ւրքիոյ։ Մենք պէտք է թրքերէնով ունենանք լայն նիւթեր, որպէսզի կարողանանք թուրք հանրութեան, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան հասնիլ ու տեղեկացնել, աւելի ճիշդ՝ թափանցել իրենց ուղեղին եւ հոգիին մէջ։
Թանգարանը վստահաբար մեծ ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացնէ իր շուրջ բացումէն յետոյ, բայց մենք արդէն կը զգանք անհանգստութիւնը որ կը տիրէ Թուրքիոյ մօտ, թէ ինչպիսի՞ նիւթեր պիտի ցուցադրուին, երբ կը յայտարարենք թէ երկու հարիւր անգամով աւելի շատ նիւթ պիտի ցուցադրենք…
Նաեւ նկատած ենք թէ փորձ կը տարուի տեղեկութիւններ քաղելու, բայց մենք շատ զուսպ ենք, ինչ որ թանգարանային համաշխարհային մշակոյթ է։ Մեծ բացումէն առաջ՝ որեւէ տեղեկութիւն պէտք չէ հասնի դէպի դուրս։
Ի՞նչ ձեւով կարելի է համագործակցութիւն ապահովել թանգարանի եւ օտար երկիրներու պետութիւններու հետ, որպէսզի պետական կրթական ծրագիրներուն մէջ մտնէ ցեղասպանութեան դասաւանդման նիւթը։
Մենք կրթութեան նախարարութեան հետ ծրագիր ունինք, աշակերտներուն դասաւանդելու համար ցեղասպանութեան նիւթը։ Այս ձեւի պատրաստութեան համար համագործակցեցանք հրէական կազմակերպութիւններու հետ, օգտագործելով իրենց փորձառութիւնը։ Հնացուած մօտեցումները այլեւս աններելի են, որովհետեւ գործ ունինք երիտասարդ սերունդներու հետ եւ հոգեբանական առողջացման խնդիրը շատ կարեւոր է։
-Ինչպիսի՞ կապեր կան Յունաստանի հետ։
-Մեր թանգարանին մէջ կը զբաղինք նաեւ յոյներու, ասորիներու, քրիստոնեայ փոքրամասնութեան դէմ ցեղասպանութեան, եւ այլ ցեղասպանութիւններու նիւթով։
2012ին մենք շատ ծաւալուն ցուցադրութիւն մը կազմակերպեցինք, կապուած՝ Զմիւռնիոյ աղէտի հետ, որ բաւական լաւ ընդունուեցաւ հանրութեան կողմէ։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Յունաստանի դեսպանը։ Այդ ցուցադրութիւնը այլեւս հարստացուած է նոր նիւթերով։ Զմիւռնիոյ աղէտը նկարագրող 150 բնօրինակ լուսանկար ձեռք բերինք, վերջին 5 տարուան ընթացքին։ Քաթալոկ կը պատրաստենք, ուր յայտնի պիտի ըլլայ Զմիւռնիոյ աղէտի ճըշմարտութիւնը, ուր Թուրքիան մոխիրներու վերածելով բազմամշակութային քաղաքը ու Փոքր Ասիան՝ շրջանի ապաքրիստոնէականացումը ուզեց յաջողցնել։ Հայ եւ յոյն ժողովուրդներու քրիստոնէական մշակոյթը ուզեց բոլորովին ջնջել շրջանէն։ Աթաթուրքի համար շատ հաճելի էր տեսնել Զմիւռնիոյ հրդեհի բոցերը, որ ազդարարեց քրսիստոնեաներու ի սպառ վերացումը։ Անշուշտ հոս կան որոշ քաղաքական նրբութիւններ։ Յոյներու պարագային կայ հայրենիքի կորուստի զգացումը, ինչպէս մեր մօտ։ Նաեւ պէտք է հաշուի առնել թուրք-յունական պետութիւններու յարաբերութիւններու միջեւ լարուածութիւնը։
Գնահատական տալ չէ մեր գործը անշուշտ, բայց կը կարծեմ, որ որեւէ վարչակարգ, որեւէ պետութիւն, որու զանգուածը իր հաւաքական յիշողութեան մէջ ունի ցեղասպանութեան «թրաւմա»ն, չի կրնար հաշուի չառնել այս իրողութիւնը։ Յոյներու համար, յատկապէս Պոնտոսի յոյներու պարագային, կը կարծեմ, որ յիշողութեան պահպանումը, եւ ինչու չէ նաեւ այդ հիման վրայ թրքական պետութեան հանդէպ պահանջներու ձեւակերպումը, միանշանակ արդարացուած է։ Մանաւանդ որ պայքար է պատմական արդարութեան համար։ Այս իմաստով, ուրախ եմ որ մեր օրինակն ու փորձառութիւնը օգտակար են յունական կողմին համար։ Մենք պէտք է համագործակցինք, բոլոր մակարդակներուն վրայ, առանց խտրութեան։ Ես անձնապէս, 2007 թուականին, Սերաեվոյի մէջ կողմ քուէարկեցի, որպէսզի ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերութեան հերթական համաժողովին ընթացքին՝ յոյներու եւ ասորիներու դէմ եղած յանցագործութիւնները ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։
-Հայ երիտասարդ սերունդը շատ մը պարագաներու կրնայ ճնշուած զգալ՝ իր պատմութեան հոգեկան բեռին տակ։ Այս բեռը արդեօ՞ք պարտուողական մօտեցում կրնայ յառաջացնել իրենց մօտ։
-Այդ ապրումները ես ինքս զգացել եմ, երբ ուսանողական տարիներուն ըմբոստացումը կար։ Առաջին եւ երկրորդ սերունդին մօտ աւելի յուզական տրամադրութիւն կար, որ արդարացուած էր. այլ կերպ կարելի չէր ըլլալ։ Պէտք է սերունդէ-սերունդ ձեւակերպուի յաղթող ազգի հասկացողութիւնը։
Ինծի համար մեր ազգը յաղթող է։ Այսօր պետականութիւն ունինք, Սփիւռք ունինք, գաղութներ ունինք, միասնականութիւն կայ հայկականութեան հարցերու շուրջ։ Մենք պէտք է անընդհատ աշխարհին ապացուցենք, թէ մենք ուժեղ ժողովուրդ ենք։ Ուժեղ ենք մեր պետականութեամբ, ուժեղ ենք կերպարներով, մեր ազգի անհատներով։ Եւ պատահական չէ, որ ես իմ դասախօսութեան համար ընտրած եմ անհատի մը, փոքրիկ աղջնակի մը պատմութիւնը, որ ինծի համար յաղթող էր։ Ան ոչ միայն յաղթեց իր մէջ վախը, յուզմունքը, այլ յաղթեց Թուրքիային։ Ի՛ր ձեւով՝ պատժեց ոճրագործին։ Իր գործունէութեան ծաւալումով եւ իր առաքելութեան գիտակցումով՝ ուղղակիօրէն ջախջախեց Թուրքիան։ Այն պատմութիւնը, որու առջեւ այսօր կը թողայ թրքական կողմը՝ այս է։ Թուրքիա կ’ուզէ հասկնալ թէ ինչպիսի վտանգներ, ինչպիսի վնասներ պէտք է հատուցէ։ Եւ այս յաղթանակը անհատներով կը կերտուի։
Մեր երիտասարդ սերունդի կրթադաստիարակչական ծրագիրը, ճիշդ այս կը նպատակադրէ. նոր միջոցներ տալ, նոր գործիքներ տալ երիտասարդութեան, որ ոչ միայն հաւատք ունենայ ապագայի հանդէպ, այլ հպարտութիւն զգայ, որ ցեղասպանութեան ողբերգութենէն անցած եւ յաղթանակած ժողովուրդի զաւակ է։
Ծիծեռնակաբերդի վայրը այս զգացումը կը փոխանցէ։ Որովհետեւ հոն մարմնա- ւորուած է երկու հասկացութիւն. սգալու վայր ըլլալու իրողութիւնը, յաւերժապէս վառող կրակը, բայց երբ այդ վայրէն դուրս կուգաս՝ կը տեսնես կեանքի յուշասիւնը, որ դէպի վեր կը խոյանայ։ Իրականութեան մէջ ծառի ճիւղեր են որ կը խորհրդանշէ վեր խոյացող սիւնը, մահն ու կեանքը։
-Օտար այցելուներու վերաբերմունքը ինչպիսի՞ն է։
-Բաւական հոծ այցելութիւններ ունինք։ Աշակերտութիւն, սովորական զբօսաշրջիկներ, գործերու համար Երեւան եկած գործատէրեր: Տարածքը շատ անգամ կը լեցուի լրիւ։ Յուշարձանը եւ թանգարանի ցուցադրութիւնը նաեւ ներառուած են պետական արարողակարգի այցելութիւններու կարգին, եւ այդ ժամանակ՝ երկիրներու ղեկավարներ, առաջին տիկիններ, հոգեւոր առաջնորդներ, նախարարներ, հարիւրաւոր այսպիսի այցելութիւններ կþընդունինք՝ 200-250ի շուրջ, տարեկան միջին թիւ մը տալու համար։